ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ…

Գիրքերը մեր կեանքի անփոխարինելի արժէքներն են, որովհետեւ զանոնք մեզ կը գրկեն լաւ ընկերոջ մը պէս, մեզ կը վերաբերին յաջող բժիշկի մը նման, կը բանան մեր մտահորիզոնը եւ կ՚ուղղորդեն մեզ՝ առանձին չեն թողուր… Երբեմն անոնք կը դառնան մեր լաւագոյն ընկերները, իսկ երբեմն՝ դաստիարակը։ Իւրաքանչիւրը տարբեր աշխարհ մատուցող գիրքերուն մասին տակաւին շատ բան կայ ըսուելիք։ Ուրեմն եկէք սորվինք անոնց մասին քանի մը հետաքրքրական փաստ։

- Գոյութիւն ունի իր մէջ «է» տառը չպարունակող գիրք մը։ Ամերիկացի գրող Էրնեսթ Վինսընթ Ռայթ 1939 թուականին գրի առաւ «Կէտսպի» խորագրեալ գիրք մը, որու մէջ «է» տառը չէ գործածուած։

- Աշխարհի ամենաշատ թարգմանուած գիրքն է «Փոքր իշխան»ը, որ թարգմանուած է երեք հարիւր լեզուներու։

- Աշխարհի ամենափոքր գիրքը հրատարակուած է Ճաբոնի մէջ՝ 0.75 միլիմեթր չափով։

- Գալով աշխարհի ամենահաստ գիրքին՝ ան 32.2 սանթիմեթր հաստութեամբ է։

- Վիքթոր Հիւկոյի 1862 թուականին գրի առած «Թշուառները» գիրքին մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենաերկար նախադասութիւնը, որ կը բաղկանայ 823 բառերէ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024