«ԱՐԱԳ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԴԷՊԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»

Արցախի հերոս եւ նախկին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեան յայտարարեց. «Մեծ քայլերով կ՚երթանք դէպի պատերազմ»։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Սամուէլ Պապայեան յայտնեց. «Մենք ունինք ճանապարհային քարտէս մը, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կոչուածը, զոր ներկայացուցած է գործող իշխանութիւնը, բայց մենք մեծ քայլերով կ՚երթանք դէպի պատերազմ, այլ ոչ թէ դէպի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան ամէն անգամ պատճառ մը պիտի դնէ, պիտի ըսէ՝ դուք կրակեցիք, մենք սպաննեցինք, դուք կրակեցիք, մենք գրաւեցինք։

Պապայեան համոզուած է, որ պատերազմէն խուսափելու եւ տարածաշրջանային ծրագիրներէն դուրս չմնալու համար կայ երկու ճանապարհ։ Եւ Հայաստան պէտք է որոշէ, թէ այս երկու այլընտրանքներէն ո՛ր մէկուն ճանապարհով պիտի ընթանայ։ Ան մատնանշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ հսկայական ճանապարհաշինութեան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին, ինչ որ կարելի չէ անտեսել։ «Եկէք որոշենք, թէ ո՛ր ճանապարհը կ՚ընտրենք։ Ատրպէյճան կ՚առաջարկէ տարածաշրջանի լոժիսթիք ճանապարհները, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Կեդրոնական Ասիոյ եւ սա ամբողջ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի կարծիքն է. Ռուսաստանի տակէն դուրս բերել թէ՛ Կեդրոնական Ասիան եւ թէ Հարաւային Կովկասը», ըսաւ ան։

Հարցազրոյցի ընթացքին Սամուէլ Պապայեանին հարց ուղղուեցաւ, թէ կարելի՞ է ինքնիշխանութիւնը պահպանելով այդ ճանապարհը տրամադրել Ատրպէյճանին։ Արցախի նախկին պաշտօնեան պատասխանեց. «Ո՛չ թէ կարելի է, այլ այլընտրանքն ալ չկայ, որեւէ այլ կերպով իրենց ճանապարհ չի տրուիր, բայց մենք պէտք է այդտեղ հասկնանք, որ երբ մենք այդ տարածքով ճանապարհ կու տանք եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը, որ այսօր աւելի շատ Իրանի ազդեցութեան տակ է՝ քան Ատրպէյճանի, ինքնաբերաբար կը զերոյանայ Իրանի ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի վրայ Նախիջեւանի միջոցաւ եւ ինչու ոչ, ընդհանրապէս»։

Հուսկ, Սամուէլ Պապայեան ամփոփեց, որ գոյութիւն ունի երկու ճանապարհ՝ Արեւմուտքը կ՚ուզէ մէկ բան, իսկ Արեւելքը ուրիշ բան։ «Մեր հարեւաններուն դէմ չերթալով, դաշնակցի շահերուն դէմ չերթալով կը պահանջուի այս քայլերէն մէկը։ Երրորդը չկայ, երրորդը այն խաչմերուկ խաղաղութեան ճանապարհն է, որ կ՚երթայ պատերազմի, տարածաշրջանային պատերազմի կը տանի եւ այնտեղ արդէն պիտի մասնակցին նաեւ Իրանը եւ Ռուսաստանը, ուզեն թէ չուզեն», ըսաւ Սամուէլ Պապայեան։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024