ԷՐՊԻԼԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութիւնը։ Մայրաքաղաք Պաղտատի շփումները աւարտելէ վերջ, Վահագն Խաչատուրեան ուղղուեցաւ Էրպիլ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հիւսիային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ։ Տեղական իշխանութիւններուն հետ նախագահը շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Էրպիլի մէջ Վահագն Խաչատուրեան ընդունուեցաւ Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանային նախագահ Նեչիրվան Պարզանիի եւ այլ յառաջատար պաշտօնատարներու կողմէ։

Ի լրումն այս բոլորին, Վահագն Խաչատուրեան Էրպիլի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Իրաք-Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութեան կուսակցապետ Մեսուտ Պարզանիի հետ, որ շրջանի պատուոյ նախագահն է։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024