ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ
Աւելի քան դար մը առաջ, Յովհաննէս Թումանեան գրի կ՚առնէր իր յայտնի «Մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ» տողերը, սակայն վերջերս կ՚անդրադառնամ, որ մեր ազգին մէջ հոգի կու տայ նաեւ գործերն ու մարդուն արժէքը. մոռացութեան կը տրուին նաեւ անձեր, որոնք մօտիկ անցեալին կը պատկանին: Անոնցմէ մէկն է, օրինակի համար, արձակագիր, հրապարակախօս եւ խմբագիր Սիրան Սեզա (իսկական անունով Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան). Զապէլ Եսայեանի, Տիանա Աբգարի, Սիպիլի եւ այլ կին գրողներու կողքին իր յատուկ տեղը ունի Սիրան Սեզան, որ մեծ դերակատարութիւն ունի մեր հասարակութեան մէջ հայ կնոջ դերը կարեւորելու եւ մեր իգական սեռի ներկայացուցիչներու մօտ խօսելու, գործելու եւ պայքարելու զգաստութիւնը արթնցնելու մէջ:
Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ պարտի իր յատուկ տեղը ունենալ Սիրան Սեզայի հիմնած ու խմբագրած «Երիտասարդ Հայուհի» հանդէսը. ամսագիր՝ որ կը փորձէր լուսաբանել, թէ ի՞նչ է կնոջ դերն ու պարտականութիւնը՝ մանաւանդ սփիւռքի պայմաններուն մէջ, որովհետեւ Սիրան Սեզա կը հաւատար, որ միայն կնոջ ճամբով կարելի է դաստիարակել ապագայ սերունդները եւ հայապահպանման գործին մէջ մեծ դեր ունին անոնք։ Սիրան Սեզա իր հանդէսի առաջին խմբագրութեան մէջ կը գրէ. «Ամէն հայ կին, նուազ կամ առաւել չափով գիտէ՛ թէ ինչ պէտք է ընել դուրս գալու համար մեր քաոսային վիճակէն»։ Սեզա կու գար հիմնաւորելու, որ գաղութային եւ ազգային խնդիրներու լուծման մէջ պէտք է տեղ տրուի նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչներու, որովհետեւ, հաւատալով որ այդ խնդիրները կը պատկանի իգական սեռի ներկայացուցիչներուն այնքան՝ ինչքան տղամարդոց:
Սեզայի համար հայ կնոջ դերը յստակ էր. պէտք էր մայրական խնամքով մօտենալ ազգին՝ որ մահէն հազիւ ազատած կը փորձէր ոտքի կանգնիլ. դարձեալ Սեզայի բառերն են. «Մաշուած մետաքսի նման ծուէն ծուէն թափելու վրայ է մեզմէ հայութիւնը եւ ո՞վ պիտի կրնայ նոր ու շքեղ պատմուճան մը հագցնել կրկին. ո՞վ պիտի կրնայ յիշեցնել հպարտութիւնը պատմական անցեալին, ո՞վ պիտի կրնայ ուժեղ ձեռքով նոր արժէքներու, նոր յաղթանակներու տանիլ եթէ ոչ հայ կինը»։ Սեզա կը կարեւորէր կնոջ դերը, որովհետեւ զաւակներու դաստիարակութիւնը տրուած է մայրերուն եւ սփիւռքի մէջ դժուար է անաղարտ պահել հայու դիմագիծը, ուր անպակաս է օտար մշակոյթներու ազդեցութիւնը: Այդ իսկ պատճառով է, որ Պէյրութի մէջ Սիրան Սեզա կը հրատարակէ իր հանդէսը. անոր համոզումով՝ այդ հանդէսը պիտի ըլլար փարոս մը՝ հայ կինը դէպի ազգային կեանք առաջնորդելու. ան իր հանդէսի նպատակը յստակ ձեւով կը գրէ. «Հայ կիներուս համագործակցութիւն պէտք է եւ առողջ սկզբունք, զարգանալ եւ զարգացնել, բարձրանալ եւ բարձրացնել, ազնուանալ եւ ազնուացնել» եւ այս արժէքներուն մէջ կը տեսնէ հայ կնոջ դերը՝ բոլորն ալ ի շահ ազգութեան:
Բարեբախտաբար, օրինակ շատեր գիտցան Սիրան Սեզայի արժէքը. իր մահուան ժամանակ մամուլի մէջ հայ երիտասարդ մը կը գրէր. «Կորսնցնելով Սեզան, մենք կորսնցուցինք այն, առանց որուն մեր ձայնը, ինչպէս ձայները դժբախտաբար անհամար այլ երիտասարդներու, պիտի մնային անվերջ խեղդուած, անվերջ թաղուած անանուն զանգուածներու լուռ բողոքին մէջ»: Սեզա սիրուած ու ճանչցուած էր բոլորին կողմէ. Սահակ Կաթողիկոս զինք «տաղանդաւոր ծոյլ» կը կոչէր, որովհետեւ մեծ էր տաղանդը Սեզայի, սակայն իր իսկ վկայութեամբ, անոր մօտ կը պակսէր տրամադրութիւնը եւ տրամադրութիւնը մեծ դեր ունէր գրական աշխատութեան համար: Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ անտրամադրութեան կողքին հիւանդ էր եւ իր մտերիմներու վկայութեամբ «հիւանդութիւնը կամաց կամաց գրաւած էր անոր մարմինը. 1973 թուականը գրեթէ ամբողջութեամբ անցուցած էր որպէս անկողնային հիւանդ եւ սկսած էր կամաց կամաց կորսնցնել իր տեսողութիւնը»:
Սիրան Սեզան մեծ աշխատութիւն չունի, սակայն ունի հրաշալի միտք. պէտք է կարդալ անոր կարճ ու յստակ տողերը, հասկնալու համար, թէ ինչպէ՞ս կարելի է օտարներուն մէջ ապրիլ որպէս հայ. կարճ է Սեզայի խօսքերը, սակայն հակառակ ժամանակի հեռաւորութեան կը շարունակէ մնալ այժմէական. դարձեալ Սեզայի խօսքերն են. «Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր ազգին շահերն ու հետաքրքրութիւնը, ձգտումն ու գործը սերտօրէն կապուած են միւս ազգերուն: Ալ կարելի չէ առանձին ետ կամ առաջ երթալ: Եւ եթէ կ՚ուզենք մաս կազմել ամբողջին, շատ աւելին անհրաժեշտ է քան ինչ որ ունինք»:
Սփիւռքահայ յայտնի գրողներէն Վազգէն Շուշանեան Սեզային կը գրէ նամակ մը, ուր կայ վերացական հետեւեալ պատկերացումը. «Ուրախ եմ, որ հայերէնը սկսած ես արեանդ տենդով գրել եւ ո՛չ թէ ճերմակ ջրով, ինչպէս ոմանք կը գրեն»։ Շուշանեան ըսել կ՚ուզէր, որ Սիրան Սեզա իր տողերուն մէջ ջիղ ու արիւն կը դնէ. կը գրէ՝ որովհետեւ բան մը ըսել կ՚ուզէ եւ ո՛չ թէ կը գրէ գրելու սիրոյն:
Մեր այսօրուան գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել Սիրան Սեզայի ազդու խօսքերով, որոնք մինչեւ օրս ուղղուած են իւրաքանչիւր երիտասարդի եւ մա՛նաւանդ երիտասարդուհիներու.
«Արդ, քեզի է խօսքս հայ երիտասարդուհի: Մէկ կողմ ձգէ տափակ feminism-ը, իրաւունքդ մի՛ պահանջեր, այլ պարտադրէ աշխատանքիդ գնով: Բարձրացիր եւ բարձրացուր, քու սեփական տեղդ գրաւէ ազգերու մէջ եւ թող նո՛ր Եղիշէ մը արձանագրէ պատմութիւնը նաեւ քու ստեղծագործող կամքին»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ դրական ազդեցութիւն ունի խունկը:
Պատասխան. Խունկը օգտակար է հանգիստի եւ տրամադրութեան բարձրացման համար եւ ունի շարք մը դրական ազդեցութիւններ. ան կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ աւելի կեդրոնանայ եւ ստեղծէ բարենպաստ միջավայր մը: Որոշ խունկեր ունին օդը մաքրելու յատկութիւն. անոնցմէ շատեր կը նպաստեն, որպէսզի մարդ հանգիստ քնանայ. կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ նաեւ մարդու շնչառութեան համար: Սակայն կարեւոր է նկատի ունենալ, որ շատերու մօտ կրնայ յառաջացնել նաեւ շնչառական ոչ դրական վիճակ, մանաւանդ անձերու մօտ՝ որոնք ծուխի հանդէպ դիւրազգածութիւն ունին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան