ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆՎՐԻՊԵԼԻ

Յա­ճախ կը կրկնենք, Յի­սուս Ի՛նք կը հաս­տա­տէ, թէ այս աշ­խար­հի վրայ պի­տի ըլ­լան միշտ նե­ղու­թիւն­ներ, քա­նի որ այս աշ­խար­հը վար­դաս­տան մը չէ՛, այլ պէտք է քաջ ըլ­լալ եւ պայ­քա­րիլ նե­ղու­թիւն­նե­րու դէմ՝ փո­խա­նակ վհա­տե­լու եւ յու­սալ­քուե­լու։ «Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, քա­նի որ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։­

Ար­դա­րեւ, քա­ջա­լե­րուիլ կը նշա­նա­կէ՝ զօ­րա­ւո՛ր ըլ­լալ։ Իսկ «զօ­րու­թիւն»ը այն բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւնն է, որ դժուա­րու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու դէմ կը կանգ­նի։ Զօ­րու­թիւ­նը նե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ կ՚ա­պա­հո­վէ վճռա­կա­մու­թի՛ւ­նը եւ հաս­տա­տամ­տու­թիւ­նը բա­րիին հե­տապն­դու­մին նկատ­մամբ։

Քա­ջա­լե­րան­քը՝ զօ­րու­թիւ­նը կ՚ամ­րան­ցէ ա­ռա­ջադ­րան­քը փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մադ­րե­լու եւ ար­գելք­նե­րուն յաղ­թա­հա­րե­լու բա­րո­յա­կան կեան­քին մէջ։

Զօ­րու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը մարդս կա­րո՛ղ կը դարձ­նէ յաղ­թե­լու վա­խին, նոյ­նիսկ մա­հուան վա­խին՝ որ սկիզբն է ա­մէն վա­խե­րու, ճա­կա­տե­լու նե­ղու­թիւն­նե­րուն, դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ զա­նա­զան հա­լա­ծանք­նե­րուն­։ Ան, մարդս տ­րա­մա­դիր կը դարձ­նէ եր­թա­լու մին­չեւ հրա­ժա­րու­մը եւ զո­հա­բե­րու­մը իր կեան­քին՝ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար «ար­դա՛ր դատ» մը։ Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚եր­գէ.

«Իմ զօ­րու­թիւնս եւ իմ եր­գս Տէ՛րն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։ Ինչ որ կ՚են­թադ­րէ որ­դիա­կան վստա­հու­թիւ­նը մար­դուն՝ Աս­տու­ծոյ նկատ­մամբ։

Ար­դա­րեւ, մարդ «որ­դիա­կան վստա­հու­թիւն»ը կ՚ապ­րի, եւ ա­սի­կա կը փաս­տուի նե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ։

Գլխա­ւոր նե­ղու­թիւ­նը կամ դժուա­րու­թիւ­նը կը հա­յի «խնդրան­քի ա­ղօթք»ին՝ կա­տարուած իր իսկ ան­ձին կամ ու­րիշ­նե­րուն հա­մար՝ բա­րե­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցով։ Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ ո­մանք նոյ­նիսկ կը դադ­րին ա­ղօ­թե­լէ, մտա­ծե­լով, որ «ի­րենց խնդրան­քը ըն­դու­նե­լի չէ ե­ղած…»։

­Հոս եր­կու հար­ցում կը ծա­գի։

Նախ՝ ին­չո՞ւ կը խոր­հինք, թէ մեր խնդրան­քը ըն­դու­նե­լի չէ ե­ղած։ Ա­պա՝ ի՞նչ ձե­ւով մեր ա­ղօթ­քը ըն­դու­նե­լի՝ ար­դիւ­նա­ւոր կը դառ­նայ։

Ար­դեօք մենք հա­մո­զուա՞ծ ենք, թէ «չենք գի­տեր ա­ղօ­թել ինչ­պէս որ պէտք է», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը. (ՀՌՈՄ. Ը 26)։ Բարձ­րա-մըտու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ կա­տա­րուած ա­ղօթ­քը կա­րե­լի՞ է նկա­տել «ա­ղօթք», քա­նի որ հոն  կը պակ­սի խո­նար­հու­թիւ­նը։

Վեր բարձ­րա­ցուած հո­գիով կա­տա­րուած ա­ղօթքն է, որ ըն­դու­նե­լի կ՚ըլ­լայ, եւ մարդ ընդ­հան­րա­պէս չ՚անդ­րա­դառ­նար այս ի­րո­ղու­թեան…։

Շատ մը ա­ւե­տա­րա­նա­կան վկա­յու­թիւն­ներ մե­զի ցոյց կու տան՝ թէ «հա՛րկ է անց­նինք բազ­մա­թիւ նե­ղու­թիւն­նե­րէ, որ­պէս­զի մտնենք Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թեան մէջ» (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։ Ար­դա­րեւ ա­ռանց չար­չա­րուե­լու, ա­ռանց խա­չուե­լու յա­րու­թիւն կա­րե­լի՞ է սպա­սել։ Պէ՛տք է ան­կում ու­նե­նալ՝ վե՛ր կանգ­նե­լու հա­մար։ Մա՛ր­դը միայն ստեղ­ծուած է ուղ­ղա­ձիգ բո­լոր կեն­դա­նի ա­րա­րած­նե­րու մէջ եւ մար­դուն գլու­խը հաս­տա­տուած է մարմ­նին վե­րի մա­սը։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ մարդ կո­չուած է միշտ վե՛ր մնա­լու, բարձ­րա­նա­լո՛ւ…։

Փո­թո­րի­կի պատ­ճա­ռով նա­ւա­բե­կու­թեան են­թար­կուած նա­ւէն փրկուած հայր եւ որ­դի եր­կու նա­ւա­բե­կեալ­ներ փոքր տախ­տա­կի մը կառ­չած ծո­վուն վրայ՝ կեան­քի մէջ մնա­լու պայ­քար կու տան։

Տղան կ՚ը­սէ հօ­րը. «Կեան­քի մէջ կա՞յ ա­ւե­լի մեծ նե­ղու­թիւն քան սա պա­հուս մեր ապ­րա­ծը»։

­Հայ­րը տրտմա­լից կը պա­տաս­խա­նէ. «Կա՛յ տղաս։ Հօր մը հա­մար իր զաւ­կին օգ­նե­լու, իր նե­ղու­թե­նէն փրկե­լու ան­կա­րե­լիու­թեան մէջ գտնուի­լը։ Մէ­կը ե­թէ կ՚ու­զէ բա­րիք գոր­ծել, ո­ղոր­միլ եւ օգ­նել կա­րի­քա­ւո­րի մը եւ չկա­րե­նայ ի­րա­գոր­ծել, ա­մե­նա­մեծ նե­ղու­թիւնն է ա­տի­կա…»։ Նե­ղու­թիւն­ներ կա­րե­լի է մեղ­մել ա­մէն պա­րա­գա­յի մէջ, բայց ե­թէ ան­կա­րե­լիու­թեան հետ դի­մա­ւո­րուի մարդ, ա­հա­ւա­սիկ ա՛յդ ա­մե­նա­մեծ նե­ղու­թիւնն է, որ կը պա­տա­հի կեան­քի մէջ։

Յոյ­սը զէ՛նքն է, որ կը պաշտ­պա­նէ մեզ փրկու­թեան պայ­քա­րին մէջ։ Յոյ­սը մե­զի ու­րա­խու­թիւն կու տայ նոյ­նիսկ նե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը.

«Ու­րախ ե­ղէ՛ք յոյ­սին մէջ, համ­բե­րող՝ նե­ղու­թեան մէջ» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12)։ Ար­դա­րեւ, յոյ­սը կ՚ար­տա­յայ­տուի, կը սնա­նի եւ կ՚ա­ճի ա­ղօթ­քին մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քին՝ «Հայր մեր»ին մէջ, որ հա­մա­ռօ­տու­թիւնն է ա­մէն բա­նի՝ որ յոյ­սը մե­զի բաղ­ձա­լի կը դարձ­նէ։ Ուս­տի «Ե­րա­նու­թիւն­ներ»ը կ՚ու­րուագ­ծեն Յի­սուս Քրիս­տո­սի դի­մա­գի­ծը եւ կը նկա­րագ­րեն Ա­նոր սէ­րը։ Ա­նոնք կ՚ար­տա­յայ­տեն կո­չու­մը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ ո­րոնք բաժ­նե­կից ու մաս­նա­կից են Ա­նոր նե­ղու­թիւն­նե­րուն, չար­չա­րան­քին եւ վեր­ջա­պէս Յա­րու­թեան փառ­քին։

Ե­րա­նու­թիւն­նե­րը կը լու­սա­ւո­րեն քրիս­տո­նեայ կեան­քին գոր­ծերն ու յատ­կան­շա­կան կե­ցուածք­նե­րը…։

Ա­նոնք յա­րա­կար­ծիք խոս­տում­ներ են, որ թի­կունք կը կանգ­նին յոյ­սին՝ նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, տա­ռա­պանք­նե­րու մէջ։ Ա­նոնք կը հռչա­կեն օրհ­նու­թիւն­նե­րը եւ վար­ձատ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն տար­տամ կեր­պով շա­հուած են ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ։ Ա­նոնք ար­դէն իսկ սկզբնա­ւո­րուած են բո­լոր սուր­բե­րուն կեան­քին մէջ՝ ուր եր­բեք չի պակ­սիր նե­ղու­թիւ­նը, տա­ռա­պան­քը։

Ու­րեմն, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, պէտք է հա­մո­զուինք, պէտք է ըն­դու­նինք, որ պի­տի պա­տա­հին դժուա­րու­թիւն­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ, վիշ­տեր ու տա­ռա­պանք­ներ՝ ո­րոնց մեղ­մաց­մա­նը հա­մար պէտք է ո­րո­նել ա­մէն կա­րել­իու­թիւն, ա­մէն մի­ջոց, ա­մէն կա­րո­ղու­թիւն… Բայց երբ յու­սալ­քուած է մարդ, վհա­տած, ան­կա­րե­լիու­թեան վի­հին մէջ՝ ար­գել­քի մը հան­դի­պած եւ ճա­րը սպա­ռած, ա­նօգ­նա­կան ու ա­պի­կա­րու­թեան ան­գութ ճի­րան­նե­րուն է յանձ­նուած, ա­հա­ւա­սի՛կ այդ է ա­մե­նէն ծանր նե­ղու­թիւ­նը։

Օգ­նել ու­զել, բայց չկա­րե­նալ ձեռք եր­կա­րել։ Միայն խոր­հիլն իսկ տա­ռա­պա՜նք է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015