ԿԱՐՄԻՐ ԶԳԵՍՏՈՎ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ՝ ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը այս օրերուն հաղորդագրութիւն տարածելով տեղեկացուց, որ 23 փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, աւարտեցան Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի աճիւններուն կանոնական հետախուզութիւնն ու կնիքներուն զետեղումը փայտէ դագաղին վրայ, որ կը պարունակէ բիւրեղեայ մասնատուփ մը: Անոր մէջ զետեղուած են Աստուծոյ Ծառային մասունքները, որոնք մեծ բարեպաշտութեամբ տեղադրուած էին Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցիին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մատուռին մէջ։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սեղմ շրջանակի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին, ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին եպիսկոպոսներուն, Հռոմի եկեղեցական ատեանին անդամներուն, որոնց ընկերացած էին մասնագէտ բժիշկներ, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Հռոմի հայ համայնքին անդամներ։

Արարողութեան ընթացքին ստորագրուեցան աճիւններուն հետախուզութեան պաշտօնական փակման փաստաթուղթերը։

Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին սրբադասման դատին ծիրէն ներս, 20 հոկտեմբեր 2023-ին, աճիւններուն գծով սկիզբ առած հետախուզութեան աւարտով եւ արդիւնքով՝ կը հաստատուին Աստուծոյ Ծառային աճիւններուն վաւերականութիւնը, ինչպէս նաեւ լաւ պահպանուած վիճակը, որ կարեւոր քայլ է Աստուծոյ Ծառային երանացման եւ սրբադասման դատին յաջողութեան։

Միաժամանակ կը տեղեկացուի, որ քանի որ Ս. Եկեղեցին պաշտօնական յայտարարութիւն մը տակաւին չէ կատարած Աստուծոյ Ծառային սրբութեան վերաբերեալ, հրապարակաւ կարելի չէ մեծարել անոր աճիւնները։

Աստուծոյ Ծառային մարմնին պահպանումը յարգանքի առարկայ է ու շօշափելի նշան՝ անոր հոգիին եւ ուսուցումին, ինչպէս նաեւ մեր մէջ անընդհատ ներկայութեան եւ անոր հանդէպ մեր մեծարանքի ու ջերմեռանդութեան արարք։

Արդարեւ, անցնող ամիսներուն, Ծիրանաւորին աճիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը կ՚արտացոլան յարգանքը, երախտագիտութիւնն ու սէրը, զորոնք շատեր ունեցան անոր նկատմամբ։

Եւ քանինե՜ր շնորհքն ունեցան անոր օգնելու իր կեանքին վերջին պահերուն եւ լսելու անոր սրտէն բխած խօսքը, թէ ինքը ծարաւի է ո՛չ թէ ջուրին, այլ՝ հոգիներու սրբութեան, աւելցնելով. «Ես կոյր եմ, այլեւս ոչինչ կը տեսնեմ եւ պիտանի չեմ, սակայն երբ աչքերս ընդմիշտ փակեմ, այն ժամանակ ես պիտի կարենամ ձեզի օգնել», այսպէս կ՚աւարտի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը:

ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի աճիւններուն կանոնական հետախուզութիւնն ու կնիքներուն զետեղումը շարունակութիւնն է այն բոլոր արարողութիւններուն, որոնք մինչ այսօր տեղի կ՚ունենան՝ կարտինալի սրբադասման առընթեր: Ծիրանաւորին սրբադասման դատի բացումը մեծ շուքով կատարուեցաւ 28 հոկտեմբեր 2022-ին՝ Հռոմի Լատերանի Քահանայապետական Սուրբ Յովհաննէսի անուան տաճարին մէջ։ Մինչ այդ՝ 2020 թուականին հրապարակուած էր սրբադասման դատի կոնդակը. այդ հրամանագիրը մասնաւորապէս կ՚ըսէր.

«1971 թուականի մայիսի 16-ին, Հռոմի մէջ վախճանեցաւ Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, Ծիրանաւոր Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Աստուածաբանական եւ հոգեւոր խորաթափանց մշակոյթի մարդ, Աստուծոյ Ծառան իր կեանքը նուիրեց Տիրոջ եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ զանազան պաշտօններով, որոնց կոչուած էր։

Իմաստութեամբ եւ սիրով առաջնորդեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, յառաջ մղելով անոր հոգեւոր եւ նիւթական զարգացումը։

Ան, նոյն սէրը, խոհեմութիւնն ու եռանդը ցոյց տուաւ աւետարանական պատգամի տարածումին համար, երբ իրեն յանձնուեցաւ Հաւատոյ Տարածման ժողովի ղեկավարութիւնը։ Կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ իր մեծ հաւատքը վկայեց Աստուծոյ հանդէպ, Անոր նուիրեալն ըլլալու ուրախութեամբ եւ զայն եղբայրներուն հաղորդելու յարատեւ ցանկութեամբ։

Տրուած ըլլալով, որ անոր սրբութեան հռչակը տարիներու ընթացքին շատ աւելի աճած է, եւ օրինաւոր կերպով հաստատուած Աղերսարկուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է անոր Երանացման եւ Սրբադասման դատին ընթացք տալ, Եկեղեցւոյ հասարակութեան տեղեկացնելու նպատակով՝ կոչ կ՚ուղղենք բոլորին եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի մեզի հաղորդել ուղղակի կերպով, եւ կամ Հռոմի Փոխանորդութեան թեմական ատեանին փոխանցել բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնցմէ որեւէ ձեւով յիշեալ Աստուծոյ Ծառային սրբութեան հռչակին նպաստաւոր կամ հակառակ տարրեր կարելի ըլլայ մակաբերել:

Բաց աստի, ըստ օրինական կարգաւորութեան, պարտաւոր ըլլալով հաւաքել անոր վերագրուած բոլոր գրութիւնները, ներկայ հրամանագիրով կը պատուիրենք, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց սեփականութեան ներքեւ որեւէ գրութիւն ունին, որուն հեղինակը Աստուծոյ Ծառան ըլլայ, պատշաճ խնամքով զայն յանձնեն սոյն ատեանին, եթէ ցարդ չեն յանձուած դատի Աղերսարկութեան:

Կը յիշեցնենք, թէ գրութիւններ կոչելով՝ չենք հասկնար միայն տպագրուած երկերը, որոնք արդէն հաւաքուած են, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ Ծառային ձեռագիրները, օրագրութիւնները, նամակները եւ որեւէ այլ անձնական գրութիւն։ Անոնք, որոնք կը փափաքին պահել բնօրինակները, կարող են ներկայացնել պատկանաբար վաւերացուած պատճէնը»։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք (1937-1962), կարտինալ (1946 թուականէն սկսեալ), Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ հայազգի գործիչ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան (իսկական անունով՝ Ղազարոս) ծնած է 1895 թուականին, Վրաստան, Ախալցխա: Նախահայրերը 1828-ի ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն Կարինէն գաղթած էին Կովկաս: Փոքր տարիքին մահացաւ հայրը եւ փոքրիկ Ղազարոս եղբօր՝ Պետրոսի եւ քրոջ՝ Եղիսաբէթի հետ մնաց մօր՝ Իսկուհի Սարուխանեանի խնամքին տակ:

Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին Կարապետեան վարժարանին մէջ։ Կովկասի հայ կաթողիկէ կոչումներու յանձնախումբի տնօրէն Հայր Սարգիս Տէր-Աբրահամեան 1906-ին Ղազարոսը կ՚ուղարկէ Հռոմ, ուսումը շարունակելու համար Ուրպանեան համալսարանին մէջ: Յաջողութեամբ կ՚աւարտէ ուսումնարանը եւ այնուհետեւ կը հմտանայ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ:

23 դեկտեմբեր 1917-ին կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կը վերակոչուի Ֆրանսիսքոս անունով:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին պատճառով կը մնայ Հռոմ եւ Լատերանեան համալսարանին մէջ կը հետեւի իրաւագիտութեան դասընթացքներուն:

1919-ին կը ստանայ քաղաքական եւ եկեղեցական իրաւագիտական մասնագէտի վկայականը: Նոյն տարին կը վերադառնայ Կովկաս եւ Թիֆլիզի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ կը նշանակուի: Կը նշանակուի փոխ-առաջնորդ եւ նոյն տարուան վերջաւորութեան՝ առաջնորդ: Կ՚այցելէ հիւսիսային Հայաստան, ուր կը բանայ Ալիշանեան դպրոցը, բայց խորհրդային իշխանութեան արգելքին պատճառով դպրոցը կը փակուի:

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

1921-ին Հռոմ կը կանչուի եւ իրեն կը վստահուի Հայ Եկեղեցական վարժարանի փոխ-տեսուչի պաշտօնը: 1932-ին ան նոյն վարժարանին տեսչական պաշտօնը կը վարէ: Միաժամանակ դասախօսի պաշտօն կը վարէ Պապական Աստուածաբանական վարժարանին մէջ:

1934-ին իբրեւ պապական նուիրակ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան կ՚այցելէ: 1935-ին կը վերադառնայ եւ նոյն տարուան յուլիսին Քոմանայի եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի:

Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան Պատրիարքի վախճանումէն ետք՝ 1937-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք կ՚ընտրուի, ստանալով Գրիգոր-Պետրոս անունը:

Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Պատրիարք կը նուիրուի իր համայնքին՝ շինելով եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ Զմմառի աղջկանց որբանոցը:

Պիոս ԺԲ. Պապ 18 փետրուար 1946-ին զինք կը նշանակէ տիտղոսաւոր կարտինալ եւ ծիրանագոյն գլխարկ կը շնորհէ անոր:

Կարտինալ Աղաճանեան կը դառնայ համաշխարհային համբաւի տէր հոգեւորական եւ կ՚այցելէ զանազան ցամաքամասեր:

Պիոս ԺԲ. Պապ 1955-ին զայն կը նշանակէ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրի պատրաստութեան յանձնախումբի նախագահ: 1958-ին պապը անոր կը վստահի Հաւատոյ տարածման միաբանութեան տեսուչի պաշտօնը:

1962-1965 թուականներու միջեւ, Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովին գործօն մասնակցութիւն բերած եւ համակարգող յաձնախումբին անդամ եղած է:

1962-ին հրաժարած է պատրիարքութենէն եւ մնացած է Հռոմ՝ Լեւոնեան վարժարանին մէջ: Ծանօթ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ կեանքի սրբութիւնը, նկարագրի քաղցրութիւնն ու գիտական բազմակողմանի հմտութիւնը Հռոմի ժողովուրդին մօտ ստեղծեցին այն համոզումը, թէ ան 1963-ի քահանայապետական գաղտնի ընտրաժողովին, Հռոմի պապ ընտրուած էր, բայց մերժած էր՝ ինքզինք անարժան զգալով:

Լիբանանի եկեղեցին ու դիւանագիտութիւնը ակնածանքով կը յիշեն անոր մատուցած բարձր ծառայութիւնները, ի սպաս այդ երկրին:

Կեանքին վերջին տարիներուն կարտինալը կը տառապի սուր ցաւերէ: Ան իր աչքերը կը փակէ 16 մայիս 1971-ին:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ 21 մայիս 1971-ին՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ։ Ներկայ կ՚ըլլան մօտաւորապէս երեսուն կարտինալներ, նոյնչափ եպիսկոպոս-արքեպիսկոպոսներ, զանազան միաբանութեանց ներկայացուցիչներ, մայրապետներ, վարդապետներ, հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական կազմի հիւպատոսներ եւ ներկայացուցիչներ:

Ներկայ կ՚ըլլան նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարք Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան, բազմաթիւ հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները ներկայացնող եպիսկոպոսներ, հայ քոյրեր եւ Հռոմի հայ համայնքներուն անդամները, մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր արեւելեան եպիսկոպոսները, Եւրոպայի ուքրանացիներու առաջնորդ Ժան Պիւքօ, Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Հայր Ներսէս Սէթեան՝ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու պատուիրակութեամբ մը եւ Հաւատոյ տարածման միաբանութեան պատկանող բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնց տասներկու տարի ղեկավարը եղած էր Կարտինալ Աղաճանեան:

Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Նեճժըպ Տահտահ եւս ներկայ կ՚ըլլայ յուղարկաւորութեան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ երեսփոխան եւ նախկին նախարար Ժոզէֆ Չատէր, որ կը գլխաւորէր լիբանանեան մայրաքաղաքի հայ համայնքին պատկանող երեսուն հոգինոց պատուիրակութիւնը:

ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ, Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատին վերաբերեալ թեմական քննութեան բացման արարողութենէն մէկ տարի յետոյ՝ 2023 թուականին լոյս տեսան Կարտինալ Աղաճանեանի մասին երկու հատորներ: Ընդհանրապէս հայ կարտինալի մասին գիրքեր շատ գրուած են, վերջինները այս երկուքն են, որոնք թարմ տեղեկութիւններով տպագրուեցան անոր երանացման ընդառաջ:

Գիրքերէն մէկը՝ հայերէն է, միւսը՝ իտալերէն: Հայերէն հատորը լոյս տեսած է Լիբանանի մէջ, խմբագիր, գրող, հասարակական գործիչ Սարգիս Նաճարեանի հեղինակութեամբ եւ կը կրէ «Երանացման ճանապարհին» խորագիրը:

Նաճարեան յառաջաբանին մէջ մաղթանք կը յայտնէ որ «գրքոյկը ըլլայ համեստ վկայութիւն մը»: Այդ վկայութիւնը կը սկսի հեղինակի մանկութեան յիշատակներէն, երբ ան, տակաւին ինն տարեկան պատանի, առիթը կ՚ունենայ առաջին անգամ հանդիպելու «կարմիր զգեստով, ժպտադէմ հոգեւորականին», որ իր վրայ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ եւ զոր իր ծնողքը կը ներկայացնէին որպէս «սուրբ մարդ» եւ ինք բախտաւորութիւնը կ՚ունենայ սպասարկելու անոր պատարագին։ Նաճարեան Աղաճանեանին ձօնած «գրքոյկին» մէջ կ՚անդրադառնայ երջանկայիշատակ հայրապետի կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, անոր եկեղեցական ու ազգանուէր գործունէութեան, «Աստուծոյ Ծառայի» տիպարին, կը խօսի անոր խաղաղութեան առաքեալի, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին սիրոյ մասին, հակիրճ ներկայացնելով նաեւ ծիրանաւորին ջանքերով իրագործուած շինարարութիւնները մինչեւ անոր Հաւատոյ տարածման ժողովի նախագահ նշանակումը (Կարմիր Պապ) եւ Քահանայապետական աթոռի թեկնածութիւնը…

Իտալերէնով տպուած գիրքը կը կրէ «Եկեղեցի եւ առաքելութիւն անզանազանելի են» վերնագիրը, հեղինակն է Ալեսանտրա Սքոթթօ: Հատորը ձօնուած է այն ծիրանաւորին, որ աշխատեցաւ պատրաստելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովը եւ 1960 թուականին նշանակուեցաւ Հաւատքի տարածման ժողովի վարիչ։ Կարտինալ Աղաճանեանը եղած է ժողովի այն վարիչներէն մէկը, զոր ընտրուած է Պօղոս Զ. Պապին կողմէ, եւ անկէ առաջ Յովհաննէս ԻԳ.-ի կողմէ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովը ձեւաւորելու եւ աշխատանքները պատրաստելու համար, մասնաւորաբար միսիոնարական գործունէութեան ուղղութեամբ, հաշուի առնելով անոր մեծ դերը՝ 1960-1970 թուականներուն, որպէս Հաւատոյ տարածման ժողովի վարիչ։

Հատորին յառաջաբանը գրած է Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի, իսկ վերջաբանը՝ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան։

Կարտինալ Աղաճանեանի սրբադասման եւ երանացման կը սպասէ ո՛չ միայն կաթողիկէ համայնքը, այլեւ՝ ողջ հայ ժողովուրդը, մասնաւորապէս հպարտութիւն, ակնածանք եւ մեծ սպասում կայ կարտինալի ծննդավայր Ախալցխայի մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024