ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Անգլիոյ բանուորական կուսակցութիւններէն Տէյվիտ Լեմին։ Այս վերջինը կը համարուի Անգլիոյ կառավարութեան «ստուերային արտաքին գործոց նախարարը»։

Ըստ Անգլիոյ համակարգին՝ կառավարութեան իւրաքանչիւր անդամը կ՚ունենայ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութենէն այլընտրանք մը։ Տէյվիտ Լեմին ալ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան այլընտրանքային արտաքին գործոց նախարարն է։

Հաքան Ֆիտան եւ Տէյվիտ Լեմի անդրադարձան միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի զանազան հարցերուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024