ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ԱՅՍՕՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆՈՒԱԳԷ ՀԱՅ ԿԻՆ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր Նիւ Եորքի մէջ հանդէս կու գայ յատկանշական ելոյթով մը։ Ձեռնարկը նախատեսուած է Նիւ Եորքի՝ «National Arts Club»ի երդիքին տակ։ Շահան Արծրունի կը նուագէ հայ կին յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Ուստի, նուագահանդէսի ընթացքին, իր երգացանկին վրայ տեղ պիտի գտնեն իգական սերունդէ հայ յօրինողներու այն գործերը, որոնք հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան տեսակէտէ կը ներկայացնեն կարեւորութիւն։

Հարկ է նշել, որ սա Շահան Արծրունիի կողմէ նոր նախաձեռնութիւն մըն է։ Ան այսօր արդէն երկրորդ անգամ նման ծրագրով մը պիտի ներկայանայ երաժշտասէրներուն։ Շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Շահան Արծրունի այս ծրագիրը առաջին անգամ գործադրեց Ուաշինկթընի հայկական դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին։ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Լիլիթ Մակունցի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած այդ նուագահանդէսը համախմբած էր դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ եւ այլ երաժշտասէր հիւրեր։ Շահան Արծրունի իր կատարողական վարպետութեամբ հերթական անգամ հմայած էր բոլոր հանդիսատեսները՝ մանաւանդ, որ բոլորին համար նորութիւն էր հայ կին յօրինողներու ստեղծագործութիւններուն հաղորդ դառնալ իրենց ամբողջին մէջ՝ Արծրունիի կողմէ մատուցուած փունջի մը ձեւաչափով։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024