ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ

Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղա­կա­յուած ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խին են­թա­կայ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը այս շրջա­նին կը փոր­ձար­կեն ՄիԳ-29 նոր ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այդ փոր­ձար­կում­նե­րը կը կա­տա­րուին Հա­յաս­տա­նի ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս։ Ե­րե­ւա­նի «Է­րե­բու­նի» ռազ­մա­կան օ­դա­կա­յա­նէն ներս օ­դա­չու­նե­րը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած են հիմ­նա­նո­րո­գու­մէ վերջ ան­ցեալ Յու­նի­սին ստա­ցուած նոր՝ չոր­րորդ սե­րուն­դի այս կոր­ծա­նիչ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու փորձ­նա­կան թռիչք­նե­րուն։

Ռու­սա­կան զի­նուո­րա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին ճար­տա­րա­գէտ­ներ եւ այլ մաս­նա­գէտ­ներ պատ­րաս­տած են այս ար­դի ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը ու կա­տա­րած՝ լիա­կա­տար հա­մա­լիր աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնք բաղ­կա­ցած են ա­ւե­լի քան հա­րիւր տար­բեր թեք­նիկ գոր­ծո­ղու­թե­նէ։ Ստու­գուած են բո­լոր հա­մա­կար­գե­րուն եւ սար­քա­ւո­րում­նե­րուն աշ­խա­տու­նա­կու­թիւ­նը։ Զննուած են շար­ժիչ­նե­րը վա­ռե­լի­քի շտե­մա­րան­նե­րը, փո­խուած են իւ­ղերն ու յա­տուկ հե­ղուկ­նե­րը։ Այս բո­լո­րը ի­րա­կա­նա­ցուած են ռազ­մաօ­դա­նաւ­ե­րու թեք­նիկ վի­ճա­կը պար­զե­լու եւ ամ­րան տա­քուն, բարձր լեռ­նա­յին պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ա­նոնց ան­խա­փան աշ­խա­տան­քը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Փոր­ձար­կում­նե­րու ա­ւար­տին ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րուն պի­տի տրուին թի­ւեր։ Ռու­սա­կան բա­նա­կի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, այդ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը պի­տի օ­ծուին եւ ա­նոնց պի­տի շնոր­հուին երկ­նա­յին հո­վա­նա­ւոր սուր­բե­րու ա­նուն­ներ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015