Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսատեպեց Մեծ պահքի շրջանի Միջինքին։ Արարողութեան մասնակցեցան միաբան ու քահանայ հայրեր եւ ժառանգաւոր սաներ, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի։
Ժամերգութեան աւարտին ծնկաչոք երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն՝ աշխարհի խաղաղութեան, հիւանդներու բժշկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, թաղային խորհուրդին կողմէ «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ Պահքի սիրոյ սեղան։
Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024