ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ
Անգարա-Պաքու-Մոսկուա յարաբերութիւնները կը շարունակեն պայմանաւորել Հարաւային Կովկասի հաւասարակշռութիւնները, որոնք բարդ պատկեր մը կը պարզեն Երեւանի տեսակէտէ։ Եռակողմանի այս առանցքին վրայ միշտ կը տիրէ աշխուժութիւն, որ հետզհետէ թափ կը հաւաքէ զանազան բնագաւառներու մէջ եւ հարթութիւններու վրայ համագործակցութեամբ։
Երէկ, Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին աւարտեց դէպի Պաքու այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Իսկ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրի կողմէ։ Իլհամ Ալիեւ Միխայիլ Միշուսթինի հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Պաքուի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները հասած են որակական նոր մակարդակի մը։ «Մեր դաշնակցային համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ ի շահ մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն։ Սա կարեւոր գործօն մըն է տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան համար», ըսաւ Ալիեւ Միշուսթինի հետ զրուցելու ժամանակ։ Ան համոզուած է, թէ երկու կողմերու միջեւ ապահովուած մակարդակը տակաւին առաւելագոյնը չէ։ Ուստի, Ալիեւ վստահութիւն յայտնեց, թէ պայմանաւորուածութիւններու շրջանակներէն ներս փոխադարձ առեւտուրն ալ ա՛լ աւելի մեծ աճ մը կ՚արձանագրէ։
Անգարայի մէջ ալ Եաշալ Կիւլէր Զաքիր Հասանովին հետ արժեւորեց տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակը։ Կը հաղորդուի, որ Զաքիր Հասանով Անգարայի մէջ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր ալ քննարկած է։
Հիւր նախարարը Անգարայի մէջ բացի Եաշար Կիւլէրէն տեսակցած է նաեւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաքի, ինչպէս նաեւ Ռազմաարդիւնաբերութեան գործակալութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնի հետ։