ԱՆԱՀԻՏ ԱՃԷՄԵԱՆ. ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ
Լրացաւ անուանի հայ ջութակահարուհի Անահիտ Աճէմեանի 100-ամեակը: Նշանաւոր Աճէմեան երաժիշտ քոյրերէն պզտիկն է Անահիտ Աճէմեան, որ համաշխարհային փառքի արժանացած է իր դաշնակահարուհի քրոջ հետ եւ ամուր տեղ գրաւած՝ 20-րդ դարու աղեղնային արուեստի պատմութեան մէջ:
Աճէմեան քոյրերուն մասին հայկական մամուլին մէջ քիչ նիւթ կայ, փոխարէնը ամերիկեան եւ եւրոպական մամուլը յօդուածներ տպագրած են անոնց մասին՝ միշտ գնահատելով քոյրերուն թէ՛ իբրեւ երաժշտական զոյգ մը, թէ՛ ամէն մէկուն զատ-զատ, իբրեւ անհատականութիւն: Հայութեան շրջանին Մարօ եւ Անահիտ Աճէմեաններ յայտնի եղած են մանաւանդ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները աշխարհին ներկայացնելու իրենց անուրաց առաքելութեամբ, սակայն յստակ է, որ միայն այդ չէ եղած անոնց երաժշտական դաւանումը:
Քոյրերուն մասին գրուած յօդուածներէն մէկը «Նիւ Եորք Թայզմ»ի մէջ տպագրուած է 2016 թուականին՝ Անահիտ Աճէմեանի մահուան առթիւ: Ջութակահարուհին մահացած է Նիւ Եորք՝ 92 տարեկանին, իսկ իր քոյրը՝ Մարօ Աճէմեան, կեանքէն հեռացած է աւելի վաղ՝ 57 տարեկանին, սիրտի անբաւարարութենէն:
Մարօ Աճէմեան Ժընեւ ծնած է՝ 1921-ին (որոշ տուեալներով 1922-ին), յետոյ Աճէմեանները տեղափոխուած են Նիւ Եորք, ուր 1924 թուականին ծնած է Անահիտ Աճէմեան: Անոնց մայրը՝ Սիրուն Երկանեանը, նոյնպէս երաժիշտ եղած է, դաշնամուր նուագած է, իսկ հայրը Լեւոն ԱՃէմեանն էր՝ ներգաղթեալ բժիշկ մը, որ Պիլեճիք քաղաքը ծնած է եւ յետոյ Եւրոպայով անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ բժշկական երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած է:
Լեոն Աճէմեանն ու կինը՝ Սիրունը, 1950 թուականին զոհ կ՚երթան օդանաւի արկածի մը՝ Միշիկընի մէջ, երբ մարդատար օդանաւը կը խորտակուի Միշիկըն լիճին մէջ: Սարսափելի այդ արկածէն ոչ ոք կը փրկուի: Աճէմեան քոյրերը ծանր կը տանին սիրելի ծնողքին կորուստը եւ իրենց ամբողջ գործունէութիւնը կը նուիրեն անոնց յիշատակին:
Մինչ այդ Լեւոն Աճէմեանը եւ տիկինը հասցուցած էին երաժշտական լաւագոյն կրթութիւն տալ աղջիկներուն եւ նոյնիսկ վայելել անոնց յաջողութեան առաջին պտուղները:
Անահիտ Աճէմեան աւարտած է Նիւ Եորքի Ճուլիարտ երաժշտանոցը: Անոր երաժշտութեան ուսուցիչը եղած է պելժիացի ջութակահար Էտուարտ Տեթիէրին։
1946 թուականին մասնակցած է «Ուոլթըր Նաումպըրկ» հիմնարկութեան կազմակերպած մրցոյթին եւ շահած մրցանակը: Նոյն թուականի նոյեմբերի 19-ին Նիւ Եորքի քաղաքապետարանին մէջ իր առաջին ելոյթը մեծ գնահատանքի արժանացած է, եւ «Մատմուազէլ» ամսագիրը իրեն շնորհած է «Նշանակալի ձեռքբերում» շքանշանը՝ հռչակելով անոր երաժշտութեան բնագաւառին մէջ «Տարուան երիտասարդ կինը»:
Քոյրը՝ Մարօ Աճէմեան, նոյնպէս ուսանած է Ճուլիարտ երաժշտանոցին մէջ, ուր յետագային կը հիմնուի իր անունով կրթաթոշակ: Քոյրերը համատեղ բազմաթիւ համերգներ ունեցած են, ելոյթներով շրջած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Եւրոպայի շարք մը քաղաքներու մէջ:
Անահիտ Աճէմեան 1940-ական թուականներուն Նիւ Եորքի մէջ «Հայ երաժշտութեան բարեկամներ» յանձնախումբի համահիմնադիրներէն էր: Այնուհետեւ, 1960-ական թուականներուն ջութակահար Մեթիւ Ռայմիտի հետ հիմնած է «Երգահաններու լարային քառեակը», որ կարճ ժամանակուան ընթացքին միջազգայնօրէն ճանչցուած է, շրջելով մօտաւորապէս 26 երկիր. ինչպէս՝ Խորհրդային Միութիւն, Հնդկաստան, Ճաբոն, Աւստրալիա, Ափրիկէ, Չինաստան։ Լարային քառեակի հիմնադրումին զուգահեռ ան նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է որպէս մենակատար: Քննադատներու կողմէ գնահատուած իր նուագի զգայունութեան, քնարականութեան եւ հնչերանգային վերահսկման համար՝ ան լայն լսարանին անուանի երաժշտահաններու երաժշտութիւնը մատուցելու արհեստավարժութեամբ ճանչցուած է: Այդ երաժշտահաններու մէջ էր նաեւ իր տաղանդաւոր մէկ հայրենակիցը՝ ամերիկահայ երաժշտագէտ, երաժշտահան Ալան Յովհաննէս, որուն հետ նաեւ գործակցութիւն ունեցած է:
Միաժամանակ Անահիտ Աճէմեան երկար ժամանակ յանձնախումբի անդամ եղած է Քոլումպիայի համալսարանի երաժշտական բաժանմունքի կազմակերպած մրցումներուն։ Ջութակահարուհին իր կողքին իբրեւ քաջալերող ունէր ոչ միայն քոյրը, ժամանակի նշանաւոր արուեստագէտները, վերջապէս հայ համայնքը, այլեւ՝ ամուսինը՝ ամերիկահայ նշանաւոր գործիչ Ճորճ Աւագեանը: Վերջինս նոյնպէս կը գործէր երաժշտական ասպարէզէն ներս. եղած է Տէյվ Պրուպէքի, Լուի Արմսթրոնկի, Մայլս Տէյվիսի եւ շատ այլ երաժիշտներու ստեղծագործական արտադրիչը: Ճորճ Աւագեան պատմութեան մէջ մտած է իբրեւ յօրինող, գիւտարար: Ան է, որ թողարկած է աշխարհի մէջ առաջին ձայնապնակները եւ իբրեւ նորարարութիւն առաջին անգամ ան կիրարկած է կենդանի ձայնագրութիւնը: Աւագեան նաեւ դասախօս էր Քոլումպիայի համալսարանին մէջ, վարած է ճազի պատմութեան դասընթացքներ եւ իր երաժշտական գործունէութեան համար արժանացած է Կրեմմի մրցանակին։ Ձայնագրութեան ընկերութիւններուն հետ Ճորճ Աւագեան գործունէութիւն կը ծաւալէր եւ Արմսթրոնկի, Պէննի Կուտմընի, Պիլլ Հէյլիի լաւագոյն ալպոմները ինք ձայնագրած է Քոլումպիա ձայնագրման ընկերութեան մէջ: 1939 թուականին Ճորճ Աւագեան Շիքակոյի մէջ թողարկած է իր ճազային մեղեդիներու ձայնապնակը, իսկ Նիւ Եորքի մէջ հիմնած եւ նախագահած է «Աւագեան Քօ» ընկերութիւնը, որը մասնաճիւղեր ունէր Փարիզ, Պրիւքսէլ եւ Թեհրան։ 1957-ին Ճորճ Աւագեան դարձած է ԱՄՆ-ի ձայնագրման արուեստի ազգային ակադեմիայի նախագահութեան անդամ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը մեծարուած իբրեւ ամերիկեան ճազի մեծագոյն հեղինակութիւններէն մէկը: Կեանքէն հեռացած է իր կնոջ մահէն մէկ տարի յետոյ՝ 98 տարեկանին:
ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ԱՆԱՀԻՏ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Անահիտ Աճէմեանի առաջին նուագահանդէսի մասին 1946 թուականին յօդուած տպագրած է «Հայաստանի կոչնակ» թերթը: Այդ յօդուածին մէջ տրուած նկարագրութիւնները կը խօսին անոր տաղանդի մասին, մեծ գնահատանք ուղղուած է մանաւանդ ծնողքին, որ այդ ժամանակ տակաւին ողջ էին։
Անահիտ Աճէմեանի նուագահանդէսը
Անահիտ Աճէմեան, նիւեորքահայ երիտասարդ ջութակահարուհին իր անդրանիկ ռեսիթալը տուաւ նոյեմբեր 18-ին, կէսօրէ վերջ, Նիւ Եորքի «Թաուն հոլ»ի սրահին մէջ:
Անահիտ, «Naumburg» հիմնարկութեան մրցանակը շահած ըլլալով, «Թաուն հոլ»ի մէջ իր առաջին նուագահանդէսը տալու առանձնաշնորհումին արժանացաւ: (Հիմնարկութիւնը հոգացած է քանսըրթին ամբողջ կարգադրութիւնը եւ ծախսը):
Շնորհալի ջութակահարուհին, թէեւ իր անդրանիկ ռեսիթալն էր որ ներկայացուց հանրութեան, բայց Մարօ եւ Անահիտ երկու տաղանդաւոր Աճէմեան քոյրերը արդէն շատ ծանօթ ու սիրուած արուեստագիտուհիներ նկատուած են թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ հայկական երաժշտասէր հասարակութեան կողմէ:
Անահիտի յայտագիրը, խնամքով եւ ճաշակով պատրաստուած, շատ հաճելի երաժշտական վայելք մը ընծայեց ներկաներուն: Ճարտար ջութակահարուհին, հակառակ իր շատ երիտասարդ տարիքին, ցոյց տուաւ ջութակահարական անժխտելի յատկութիւններ, ունի բեմական շնորհ, վարժ եւ համարձակ է, ու իր նուագած կտորներուն մէջ, ընդհանրապէս նուրբ ու զուսպ ճաշակը, զգայուն «թոնը» եւ անհատականութիւնը կը տիրապետեն: Նիւ Եորքի դժուարահաճ երաժշտական քննադատները ներբողական եւ քաջալերական տողերով արտայայտուած են Անահիտի նուագածութեան նկատմամբ:
Այս տաղանդաւոր ջութակահարուհին տակաւին շատ երիտասարդ տարիք մը ունի. երբ հասունութեան եւ կեանքի զանազան ապրումներու ու փորձառութիւններու դրոշմովը մեծնայ ու զարգանայ՝ տարակոյս չի վերցներ, թէ իր ցոյց տուած գեղեցիկ կարողութիւնները, հետզհետէ իրենց կատարելութեան ձգտելով՝ պիտի կերտեն ապագայ մեծ ջութակահարուհին:
Ամէն անգամ որ Աճէմեան քոյրերու մասին գրելու հաճոյքը կ՚ունենամ՝ բուռն փափաք մը կը զգամ նաեւ հիացումի երկու խօսքով ալ իրենց ծնողքին մասին արտայայտուելու: Մինչեւ ցարդ զգուշացած եմ իրենց ծնողական շատ բնական ու շատ հասկնալի համեստութիւնը չվիրաւորել: Բայց այս անգամ տքթ. եւ տիկ. Աճէմեան թող թոյլատրեն ինծի որ պահ մը իրենց համեստութեան քօղը մէկդի առնելով՝ ներկայացնեմ զիրենք մեր ընթերցողներուն իբրեւ տիպար ծնողքը երկու երիտասարդ արուեստսագէտ քոյրերու:
Եթէ կարելի ըլլար, ծնողական արժանիքի մետայլ մըն ալ տքթ. եւ տիկ. Աճէմեանի համար պիտի առաջարկէի: Անոնք կատարեալ նուիրումով քայլ առ քայլ հետեւեցան իրենց տաղանդաւոր զաւակներուն ընդգրկելիք ասպարէզին պահանջած բոլոր աշխատութիւններուն, պարտադրութիւններուն եւ դժուարութիւններուն:
Դիւրին չէ արթիստ ըլլալու պատրաստուող երկու դեռատի աղջիկներու ծնողք ըլլալ: Ինչպէս մեծ մարդիկ երախտագիտութեամբ եւ հպարտութեամբ արտայայտուած են իրենց մայրերուն նկատմամբ՝ վստահ ենք թէ Մարօ եւ Անահիտ եւս նոյն զգացումները կը տածեն իրենց թանկագին մօր՝ տիկ. Աճէմեանի հանդէպ. բախտաւոր են Աճէմեան քոյրերը, որ իրենց ծնողքը իմաստութիւնը ունեցան տանը մէջ ստեղծելու հասկացողական ու քաջալերական մթնոլորտ մը, որ այնքան կենսական դեր կը կատարէ նորածիլ տաղանդներու խրախոյս, յարատեւութիւն եւ խանդավառութիւն ներշնչելով: Քանի՜ ապագայ խոստացող տաղանդներ, անտարբեր ծնողներու թոյլ վերաբերումին զոհը եղած են:
Տքթ. եւ տիկին Աճէմեան, ջերմապէս շնորհաւորելի են եւ մեր հիացումին արժանի, որ այնքան հասկացողութեամբ ու սիրով առաջնորդեցին իրենց տաղանդաւոր զաւակները՝ այժմ երկու շնորհալի արուեստագիտուհիներ, որոնք կատարելապէս մարզուած եւ պատրաստուած են՝ երաժշտական աշխարհի մէջ նորանոր յաջողութիւններու եւ դափնեպսակներու տիրանալու:
Անահիտի նուագահանդէսին գոհացուցիչ էր նաեւ հանդիսականներու թիւը: Հակառակ որ թէ՛ օրը եւ թէ՛ ժամը աննպաստ էին մեծ բազմութիւն մը ակնկալելու, հրճուանքով դիտեցինք, որ Նիւ Եորքի հայութիւնը մեծաւ մասամբ ներկայ էր: Ասիկա ապացոյց մըն է, թէ մենք գիտենք մեր արժէքները քաջալերել եւ գնահատել:
Սօֆի Ա. Թովմասեան
«Հայաստանի կոչնակ», 1946
*
Պոլսոյ «Քուլիս» հանդէսը 1959-ին կը գրէ.
1949-ին Մարօ եւ Անահիտ Աճէմեան ջութակ-դաշնակի խմբակցութիւնը պարագայական անդրադարձը չէր իրենց քոյրեր ըլլալուն, այլ խորախորհուրդ ծլումը երկու զգայուն եւ սակայն իրարմէ անջատ տաղանդներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անկախօրէն հասուննալու եւ պատրաստուելու լայն առիթներ ունէր: Օժտեալ քոյրերուն իւրաքանչիւրը տպաւորիչ յաջողութիւններ արձանագրած էր սոլոյի մարզին մէջ նախքան իրենց երջանիկ խմբակցութեան կազմութիւնը սենեկային երաժշտութեան հրաշալիքներու որոնման եւ առկայծման նկատմամբ:
Ջութակն ու դաշնակը երեք դարէ ի վեր կը նկատուին երաժշտական քոյր գործիքներ, որոնց գործածութեամբ Աճէմեան քոյրերու արուեստագիտական կարողութիւնն ալ փոխակերպուեցաւ երաժշտական պատմութեան հետախուզական ակնարկի:
«Երեք դարերու առաջնակարգ Տուօները» խորագրով նուագահանդէսները, որոնք տրուեցան Նիւ Եորքի համբաւաւոր «Թաուն հոլ»ի մէջ, զգլխիչ շրջապտոյտներ էին Քուփըրէնէ սկսեալ մինչեւ Հենրի Քաուըլի գլուխ գործոցներու ածուներուն մէջ եւ 1952-1953-ի Նիւ Եորքի երաժշտական եղանակին գլխաւորագոյն շարժումներէն մին նկատուեցան:
Գործակցութեամբ Լէոփոլտ Սթոքովսքիի, Աճէմեան քոյրերը մասնակցեցան նաեւ կարեւոր նուագահանդէսներու, որոնք տրուեցան ժամանակակից երաժշտութեամբ եւ հովանաւորութեամբը ամերիկեան երաժշտահաններու դաշնակցութեան, արդիական արուեստի թանգարանի սրահներուն մէջ եւ արժանացան սոյն կազմակերպութեան ոսկի դափնեպսակին, իրենց կատարած ռահվիրայական աշխատանքներուն համար, որոնք կատարուեցան արդիական երգացանկերու ծանօթացման համար:
Թէեւ Աճէմեան քոյրերը տարին նուազագոյն վեց ամիս միասին ելոյթ կ՚ունենան, սակայն իրենց անձնական կեանքի ընթացքին իրարմէ բաւական հեռու կ՚ապրին: Մարօ կ՚ապրի Պարքլի Քալիֆորնիա, իր ամուսնոյն՝ Լիոնէլ Կալսթաունի հետ, որ «Ամերիքըն օյլ քամփընի»ի հետախուզական խորհրդականն էր, մինչդեռ Անահիտ կ՚ապրի Նիւ Եորք, ուր իր ամուսինը՝ Ճորճ Աւագեան, տնօրէնն է «Քոլումպիա» ձայնապնակներու ժողովրդական բաժնին: Որով առհասարակ անջատաբար կը կատարեն իրենց փորձերն ու վարժութիւնները եւ ձայնաժապաւէնի թէյփ օժանդակութեամբ իրարու կրնան հետեւիլ եւ ըստ այնմ ճշդել եթէ սխալներ կան:
«Քուլիս», Ժիրայր Մովսէսեան, 1959
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ
2008 թուականին, իր մահէն վեց տարի առաջ, Անահիտ Աճէմեան կ՚արժանանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ պատուոյ շքանշանին: Այդ առիթով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրապարակած կոնդակին մէջ գնահատուած է անոր գործունէութիւնը։
ԿՈՆԴԱԿ
Հոգիի բերկրանօք համազգային մեր նուիրական սրբավայր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու սրտաբուխ բարեմաղթանքները կը յղենք Ձեզ՝ հաւատաւոր հայուհիիդ։
Մեծազնիւ տիկին Աճէմեան, աստուածպարգեւ Ձեր կեանքը արդիւնաւորուած է նշանակալի ձեռքբերումներով մշակոյթի եւ երաժշտութեան ասպարէզներու մէջ: Տասնամեակներ շարունակ Դուք, որպէս տաղանդաւոր եւ շնորհառատ ջութակահարուհի, բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկած էք Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Եւրոպայի եւ աշխարհի այլ երկիրներու համբաւաշատ բեմերուն վրայ՝ հիացնելով Ձեր հանդիսատեսին բարձրարուեստ կատարումներով: Ձեր միջազգային մեծ ճանաչումն ու բացառիկ յաջողութիւնները գոհունակ հպարտութեամբ կը լեցնեն սրտերը մեր ժողովուրդի զաւակներու: Գովարժան նախանձախնդրութեամբ համերգային Ձեր ծրագրին մէջ Դուք ներառած էք նաեւ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները՝ երաժշտասէր հասարակութիւնը հաղորդ դարձնելով հայ երաժշտութեան մեծարժէք գանձերուն:
Մեզի համար առանձնակի ուրախութիւն է հաստատել նաեւ, որ Դուք մեծ նպաստ ունեցած էք նաեւ ԱՄՆ-ի հայոց Արեւելեան թեմի համայնքային կեանքէն ներս՝ առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ աղօթական երգեցողութեամբ մասնակցութիւն բերելով Ս. Պատարագի արարողութեանց եւ Առաջնորդարանի գեղարուեստական միջոցառումներուն՝ վկայելով Ձեր հաւատքն ու նուիրումը մեր Ս. Եկեղեցիին:
Մեծապէս գնահատելով Ձեր ծառայութիւնները եւ եկեղեցանուէր ազնիւ ոգին՝ Հայրապետական այսու Կոնդակով, ընդառաջ ԱՄՆ-ի հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի խնդրանքին, Սուրբ Վարդան եկեղեցիի 40-ամեակի առիթով գոհունակ հոգիով կը շնորհենք Ձեզի Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցիի Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ պատուոյ բարձր շքանշանը: Առ Բարձրեալը աղօթքով Տիրոջ օրհնութիւնն ու օգնականութիւնը կը հայցենք Ձեզի։ Թող Աստուած քաջառողջ կեանք, արեւշատութիւն եւ ամենայն բարիք պարգեւէ Ձեզի եւ Ձեր ընտանեաց անդամներուն։
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. Ամէն։
Օրհնութեամբ՝
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
2008
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024