ՆԱԽԿԻՆ ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐ՝ ԷՕԶ ԵՒ ՔԱՐԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՞ ՄԷՋ
Կառավարութեան դէմ ձեռնարկուած 17-25 Դեկտեմբերի հարուածի պարագլուխներէն՝ նախկին դատախազներ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճելալ Քարա վերջին օրերուն խոյս տուած են երկրէն։ Տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցները երկար ժամանակէ ի վեր կը մատնանշեն, որ անոնք կը պատկանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ֆեթուլլահ Կիւլէն հոճայի համայնքին եւ անոր կողմէ գլխաւորուած զուգահեռ կառոյցին։ Իրենց դէմ վերջին օրերուն պատկան մարմիններուն կողմէ ձերբակալման որոշում առնուեցաւ։ Այդ որոշման ընդունուելէն կարճ ժամանակ առաջ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճելալ Քարա Արդուինի վրայով դուրս եկան Թուրքիայէն եւ Սարփի սահմանադրան միջոցաւ մուտք գործեցին Վրաստան։ Երէկ օրուան տեւողութեան թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, թէ միջոց մը Պաթումի մէջ մնալէ վերջ անոնք Թիֆլիզի վրայով անցած են Հայաստան։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ յանցագործներու փոխանակման վերաբերեալ համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի՝ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճելալ Քարա չեն նախընտրած մնալ վրացական տարածքէն ներս եւ անցած են Հայաստան, որու հետ Թուրքիա այդպիսի համաձայնութիւն մը չունի, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ։ Պատկան մարմիններուն կանխատեսումներով, անոնք կրնան անցնիլ Եւրոպայի երկիրներէն մին, քանի որ ունին կանաչ անցագիր եւ զերծ են մուտքի արտօնութեան դժուարութիւններէ։
Հաղորդումներուն մէջ չէ մանրամասնուած, որ Էօզ եւ Քարա դիւանագիտակա՞ն, թէ ոչ սովորական անցագրով մուտք գործած են Հայաստան։ Արդարեւ, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ, երկու երկիրներու քաղաքացիները միայն սովորական անցագրերով կրնան ներկայանալ սահմաններուն վրայ։
Մինչ այդ, հայկական լրատուամիջոցներն ալ երէկ օրուան տեւողութեան արձագանգ հանդիսացան Թուրքիայէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուած այս պնդումներուն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն յայտնած են, որ որեւէ տեղեկատուութեան չեն տիրապետեր՝ թուրք նախկին դատախազներու երկիր ներթափանցելուն վերաբերեալ։ «news.am» կայքէջն ալ նոյնպէս տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը չունի նման տեղեկատուութիւն մը։