ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Կանանց միջազգային օրը, որ հնարաւորութիւն մըն է յիշելու, թէ կիներու իրաւունքները ինչպէ՛ս հասած են մինչ օրս, ամէն տարի կը նշուի զանազան միջոցառումներով, ցոյցերով եւ կազմակերպութիւններով։ Իսկ Կանանց միջազգային օրը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
Վերջերս միջազգային զանազան աղբիւրներու մէջ հաղորդուած է, որ աճ արձանագրած են կիներու դէմ բռնութեան դէպքերը։ Այս մասին պաշտօնական թիւեր չեն հրապարակուած, սակայն յատկապէս եւրոպական երկիրներու մէջ պետական մակարդակով խոշորացոյցի տակ առնուած է այս հարցը։
Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին ալ տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը հրատարակեն բռնութեան ենթարկուած, նոյնիսկ բռնաբարուած, վայրագօրէն սպաննուած կիներու մասին լուրեր, որոնք բաւական մտահոգիչ պատկեր մը կը ցոլացնեն, թէ ներկայ դարուն, տակաւին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու հիմնական հարցերէն մին կը հանդիսանայ կանանց դէմ բռնութեան եւ սեռային անհաւասարութեան հարցը։ Կարելի՞ է ըսել, թէ այս հարցը դեռ երկար ժամանակ շարունակէ մնալ անլոյծ։
Կանանց ուղղուած բռնութեան պատճառն է առ հասարակ սեռային անհաւասարութիւնը։ Հետեւաբար, անոնք զերծ կը մնան հաւասար իրաւունքներէ եւ հասարակական կեանքի լիարժէքօրէն մասնակցելու հնարաւորութենէ, ինչ որ կը յանգեցնէ ո՛չ միայն անձնական, այլեւ հաւաքական լուրջ հետեւանքներու։ Սեռային խըտ-րականութիւնը կրնայ յառաջանալ ընտանեկան պարտականութիւններու անհաւասար բաշխումով, աշխատանքային ասպարէզէ ներս անարդար վարձատրութեամբ, զանգուածային լրատուութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի միջոցով սեռային սուր կարծրատիպերու դրսեւորմամբ, պարտադրուած ամուսնութիւններով…
Կիներու նկատմամբ բռնութեան մասին դժուար է գտնել վաղ ժամանակներէն տուեալներ, սակայն յստակ է, որ բռնութիւններու մեծ մասը ընդունուած, խրախուսուած եւ նոյնիսկ իրաւաբանօրէն հաստատուած է։ Օրինակ՝ հին հռոմէական օրէնքը տղամարդոց թոյլ տուած է պատժել իրենց կողակիցը՝ մինչեւ մահ։ Այժմ եւս կան բանավէճեր եւ մեկնաբանութիւններ, թէ կին մը ինչպէ՛ս պէտք է վարուի ըստ մշակութային աւանդութիւններու, սովորութիւններու, ընկերային ակնկալիքներու… Որոշ երկիրներու մէջ կիներու դէմ գործուած բռնութիւնը կը փորձուի արդարացուիլ մշակոյթով. այն միտումով, թէ այդպէս կը պաշտպանուին այդ ժողովուրդի աւանդութիւնները։
Սեռային հաւասարութիւնը կեանքի անբաժանելի մասն է եւ անթոյլատրելի պէտք է ըլլայ խտրականութիւնը որեւէ ձեւով։ Սեռային հաւասարութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ մարդոց՝ անկախ սեռէ, ազատօրէն իրենց ներդրումը բերելու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ հասարակական կեանքի այլ ոլորտներէն ներս։ Հաւասարութիւնը չի նշանակեր, որ կիներ եւ տղամարդիկ պէտք է նմանօրինակ դառնան, այլ՝ կը նշանակէ, թէ կիներու եւ տղամարդոց իրաւունքները, պարտականութիւններն ու հնարաւորութիւնները պէտք չէ հիմնուած ըլլան իրենց սեռին վրայ:
Կանանց նկատմամբ բռնութիւնը կանխելու նպատակով կատարուած են բազմաթիւ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ։ Հասարակութեան ուսուցումը եւ բռնութեան հետեւանքներու մասին մարդոց իրազեկումը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել բռնութեան եւ խտրականութեան դէպքերը։
Ամենաէականն է նախ փոխել մտածելակերպը։ Երբ կին մը բռնութեան ենթարկուած է եւ կ՚ուզէ իրաւական գետնի վրայ պաշտպանել իր իրաւունքները, անպայման կ՚ըլլան մարդիկ, որոնք կը փորձեն բռնութեան պատճառը բարդել կնոջ արարքներուն վրայ։ Անոնք կը հաւատան, թէ կնոջ գործած որեւէ արարք պատճառ եղած է իր բռնութեան եւ իրաւունքներու ոտնահարման։ Նախ եւ առաջ այս մտածելակերպը պէտք է փոխուի, որովհետեւ ինչ ալ պատահած ըլլայ, ինչ սխալ ալ գործած ըլլայ կինը, չ՚արդարացներ բռնութիւնը։ Թէեւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ սահմանուած են կիներու դէմ բռնութիւնը արգիլող օրէնքներ, սակայն կարգ մը կազմակերպութիւններու տուեալներու համաձայն, կիներու 35 տոկոսը (որոշ երկիրներու մէջ այդ մէկը կը բարձրանայ 70 տոկոսի) կ՚ենթարկուին թէ՛ հոգեկան եւ թէ ֆիզիքական բռնութեան։ Ըստ ՄԱԿ-ի կանանց իրաւունքներու մասին կատարած հետազօտութեան, իւրաքանչիւր երեք կիներէ մին կ՚ենթարկուի սեռային կամ ֆիզիքական բռնութեան։
Աշխարհի բազում երկիրներու մէջ օրէնքները հաւասար են իրենց իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, սակայն իրականութեան մէջ հաւասար հնարաւորութիւններ չկան եւ կիներու դէմ խտրականութիւնը տակաւին բարձր է: Իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է համապատասխան պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ ապահովուի սեռային իրաւահաւասարութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ