ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Աւազանի անունով Վարդգէս: Ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Արագած թաղամասին մէջ, Լիբանան, 1941-ին:
Նախնական ուսումը ստացած է Սիսի, այդ օրերուն՝ Լուսինեան, ապա՝ Աքսոր Գասարճեան Ազգային վարժարանէն ներս: Միջնակարգ ուսումը ստացած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս:
1957-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք, դառնալով դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինի աւարտական դասարանի սան:
1958-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է:
Դպրեվանքի Ընծայարան բաժինի եռամեայ ուսումնական ծրագիրին հետեւելէ ետք, 28 մայիս 1961-ին, ձեռամբ Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոսին, կուսակրօն քահանայ օծուած է, վերակոչուելով Կորիւն Աբեղայ:
Օծուելէ ետք մէկ տարի ուսուցչութիւն կատարած է դպրեվանքէն ներս:
1963-ին Բերիոյ հայոց թեմի Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու կողմէ, հրաւիրուած է Ճէզիրէի շրջանի առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօնին:
Նոյն տարուայ ընթացքին աւարտած է իր վարդապետական աւարտաճառը, որ եղած է ուսումնասիրութիւն մը Յովհաննէս Պատմաբան Կաթողիկոս Դրասխանկերտցիի կեանքին ու գործունէութեան մասին, եւ ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացած է:
1967-ին մեկնած է Անգլիա, ուր մինչեւ 1973 թուականը Օքսֆորտի համալսարանէն ներս հետեւած է աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսումի:
1973-ին վերադարձած է Անթիլիաս եւ դպրեվանքէն ներս ստանձնած է աստուածաբանական, եկեղեցագիտական եւ լեզուական նիւթերու դասաւանդութիւնը:
1977-ին տիրացած է Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի համալսարանի տոքթորի տիտղոսին, նիւթ ունենալով՝ Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխյարաբերութիւնները պատմութիւնը՝ 224-620 թուականներուն (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches):
1978-ին որպէս առաջնորդական տեղապահ ղրկուած է Նոր Ջուղա, Սպահան: Նոյն տարուան ընթացքին, Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին ձեռամբ ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան:
1978-ին Սպահանի թեմի 23-րդ Պատգամաւորական ժողովը Կորիւն Ծայրագոյն Վարդապետը ընտրած է որպէս առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին:
18 մայիս 1980-ին եպիսկոպոս օծուած է, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին: Իսկ 19 յունիս 1986-ին, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով, ան ստածաց է արքութեան տիտղոս:
2002-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը զինք նշանակած է Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ: Փոխանորդութեան այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ 2011 թուականը, որմէ ետք վերադարձած է Մայրավանք՝ Անթիլիաս, ուր մինչեւ իր վախճանումը՝ 21 մայիս 2015 թուականը, ինքզինք նուիրած է գրականագիտական ուսումնասիրութիւններուն եւ աշխատասիրութիւններուն:
Երջանկայիշատակ Կորիւն Սրբազանը իր ուսանողութեան տարիներէն յատուկ սէր ունեցած է հայ գիրին ու գրականութեան հետ, ինչ բանի արդիւնքով թողած է կրօնաբարոյախրատական գրութիւններ, քարոզներ, բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ եւ գրական ու քերթողական գործեր, որոնք լոյս տեսած են գլխաւորաբար «Հասկ»ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսաթերթին մէջ եւ այլ պարբերականներու ու օրաթերթերու մէջ:
• 2018-ին, Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած է երջանկայիշատակ սրբազան հօր թողած ժառանգին մեծ մասը հատորի մը մէջ՝ «Հոգեմատեան. Բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր» խորագիրով, խմբագրութեամբ՝ Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեանի: Հատորի երկու խօսքին մէջ, գերապատիւ հայր սուրբը այսպէս կը գրէ. «Կորիւն Արք. Պապեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այն մտաւորական միաբաններէն է, որ անշեղօրէն քալեց գրագիտութեան ուղիէն: Սրբազան հօր համար, գրագիտութիւնը կամ գրագէտ ըլլալը՝ լոկ գիրք կարդալու կամ գրելու հմտութիւնը չէր, այլ՝ գիրքին հետ խոր մտերմութիւնն էր, եւ անոր հանդէպ գուրգուրոտ վերաբերմունք ցուցաբերելը:
Սոյն հատորին մէջ հրամցուած կը գտնէք սրբազան հօր գրաւոր խօսքերուն ու պատգամներուն, յօդուածներուն ու ուսումնասիրութիւններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը»:
• 2020-ին մեր պատրաստութեամբ, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ փոքրիկ գրքոյկ մը՝ «Կորիւն Սրբազանի մտերմութեան մէջ» խորագիրը կրող, որու մէջ ներկայացուցած ենք լուսահոգի սրբազանի մտածումներէն ընտրանի մը:
***
Այժմ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ, լուսահոգի Կորիւն Սրբազանի գրութիւններէն: Նկատի ունենալով որ սրբազան հայրը երկար տարիներ եղած է Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդը, այդ տարիներու ընթացքին գրած ու խօսած է նաեւ արեւելահայերէնով: Ընթերցողները պիտի նկատեն, որ գրութիւններ կան, որ արեւելահայերէնով են՝ վերոյիշեալ պատճառով:
Բարի ընթերցանութիւն:
• Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի խորհուրդին մասին կը գրէ.
Առանց աստուածաբանական խրթին հարցերու մէջ մտնելու նախ կրնանք անվարանօրէն յայտարարել, թէ Քրիստոսի Ծնունդը աշխարհի ստեղծագործութենէն ի վեր ամենէն յատկանշական երեւոյթն է, զոր երբեւիցէ պատմութիւնը արձանագրած ըլլայ: Այն իմաստով որ Քրիստոսի Ծնունդով ոչ թէ լոկ խումբ մը Գալիլիացի կամ Երուսաղէմացի մարդոց կեանքը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, այլ համայն աշխարհի մարդկութեան ճակատագիրը յեղաշրջուեցաւ: Էականը այստեղ ըմբռնելն է, որ այսօր մեծանուն հերոսի մը յիշատակը չէ որ կը պանծացնենք, եւ ոչ ալ մարգարէի մը, իմաստութեան հօր մը կամ փիլիսոփայական վարդապետութեան մը՝ հիմնադրին ծնունդը, այլ գերբնական ու գերմարդկային երեւոյթի մը, աստուածային միջամտութեան մը մարդկութեան պատմութեան մէջ, որով նաեւ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը հիմնովին յեղաշրջուեցաւ, ու այնուհետեւ Հայոց պատմութիւնը վերածուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան:
Արդարեւ թէեւ առաջին ակնարկով անճառելի, անմեկնելի ու անբացատրելի կը թուի ըլլալ Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդը, ան կը դառնայ քրիստոնէական հաւատքի ճամբով թափանցելի ու Աստուծոյ իր արարածներուն հանդէպ ունեցած անհուն եւ անսահման սիրով միայն բացատրելի ու ըմբռնելի: Որովհետեւ, մեր սրբազան շարականին բառերով, ան խորհուրդ մըն է մեծ եւ սքանչելի որ այսօր կը յայտնուի մեզի, անգամ մը եւս կը բացայայտուի այս սրբազան խորաններէն բոլորիս: «Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի. որդիք մարդկան, օրհնեցէք», որովհետեւ մեզի համար ծնաւ Ան, կը բացատրէ շարականը: Ուրեմն ողջունենք բոլորիս համար ծնող նոր արքան, խաղաղութեան նոր թագաւորը, որուն հաստատելիք իշխանութեան հիմերը պիտի դրուէին մեր նմանին հանդէպ սիրով զեղուն սրտերու մէջ («Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յունուար-փետրուար 1973, ԽԲ տարի, թիւ 1-2, էջ 15-16):
• Սրբութեան գաղափարին մասին կը գրէ.
Ուրեմն հաւատացեալ քրիստոնեային համար սրբութիւնը Աստուծոյ վերագրուած էաբանական, լոկ վերացական ստորոգելի մը ըլլալէ աւելի Իր ստեղծագործութեան մէջ ապրող, անոր գոյութեան եւ տեւողութեան իմաստ տուող Աստուծոյ մը նկարագիրը ցոյց կու տայ: Այլ բառերով՝ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէր, մարդիկ կը տեսնէին ու կը ճանչնային զԱյն Իր սրբութեան մէջ: Աւելի բացայայտ դարձնելու համար այս ճշմարտութիւնը տանք ծանօթ օրինակը լոյսին: Ինչպէս արեւի ճառագայթները բովանդակելով հանդերձ ծիածանին բոլոր գոյները իրենց մէջ, երբ կը շողան աշխարհի վրայ, որպէս լոյս կը ներկայանան մեզի, այնպէս ալ աստուածային միւս բոլոր ստորոգելիները՝ բարութիւն, ամենակարողութիւն, ամէնուրեքութիւն, կատարելութիւն եւ այլն, միաձուլուելով կը ցոլան մեր վրայ, կը յայտնուին մեզի որպէս ամբողջական սրբութիւնը Աստուծոյ, որ ծնունդ կու տայ երկիւղախառն հաւատքին մարդուս մէջ: Ահա այսպէս աստուածութիւն եւ կատարեալ սրբութիւն բառերը կը նոյնանան եւ յաճախ կը գործածուին որպէս հոմանիշներ իրարու:
Բայց եթէ Աստուած իր գերբնական էակի հանգամանքով որպէս բնազանցական եւ անդրանցնական գոյութիւն յաճախ մարդկային մտքի հասողութեան սահմաններէն վեր կը մնայ, Անոր էութեան, գործելու եղանակին թափանցելու, Անոր կարենալ երթալու համար ունինք շատ աւելի ուղիղ եւ ապահով ճանապարհ մը, որ կը կայանայ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անձին եւ ուսուցումներուն լաւագոյնս ծանօթացման եւ կատարումին մէջ: Արդարեւ չկայ աստուածային սրբութիւնը աւելի պերճախօսօրէն ցոլացնող պատկեր, զայն թանձրացեալ կերպով մարմնաւորող անձ քան աւետարաններուն մէջ նկարագրուած մարդացած Աստուածորդին՝ Նազովրեցի Յիսուսը: Անոր տնօրինական օրերուն համապատկերն ու խօսքերուն հարազատ արձագանգները Աւետարանի էջերէն, ոչ միայն կը բանան մեր հոգիի աչքերուն առջեւ սրբութիւնը, այլ նաեւ կը կանգնեն այն խորանը խորհրդասքօղ, ուր մարդերն ու Աստուած կու գան իրարու քով եւ կը հաղորդակցին իրարու հետ: Քրիստոսի Մարդեղութեան խորհուրդին եւ Յարութեան անառարկելի իրականութեան մէջ է որ աստուածային սրբութիւնը կը դադրի աստուածաբանական վերացական գաղափար մը ըլլալէ եւ կը վերածուի քրիստոնեային կեանքը իմաստաւորող գերագոյն կոչումի, վախճանական նպատակի:
…
Սակայն երկրի վրայ ապրուած սրբութիւն մը, որ չի գիտեր բաշխուիլ ուրիշին, դատապարտուած է մասնակի սրբութիւն մը ըլլալու: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զաւակին նշանաբանը պէտք է ըլլայ ապրիլ սրբութիւնը իր հանապազօրեայ կեանքին մէջ, իր անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքին մէջ, միաժամանակ յաւիտենական կեանքի մը գոյութեան խորունկ համոզումով:
Սուրբերը մեր մէջ այսօր անոնք են, որոնք գիտեն սիրել ուրիշները իրենց անձերուն չափ, գիտեն իրենց եսին պարունակէն դուրս գալ ու տեսնել կեանքի նպատակներ իրագործելիք իրենց պատկանած ընկերութեան եւ ազգին ազնուացման, օգտակարութեան ու շինութեան հաշւոյն:
Սուրբերը մեր ժամանակներու մէջ անոնք են, որոնք գիտեն հետաքրքրուիլ եւ մտահոգուիլ իրենց նմանին ցաւերով, վիշտերով ու դժբախտութիւններով. անոնք՝ որ օգնութեան ձեռք մը կ՚երկարեն որբին ու այրիին, գուրգուրոտ ու սիրազեղ սիրտ մը կը ցուցաբերեն ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս տառապողներուն:
Սրբութեան վերացական գաղափարները թանձրացեալ իրականութեանց վերածողները անոնք են, որոնք գիտեն բարձրանալ ամբոխէն վեր, մնալ հոգիով ազնիւ ու վեհ, բարի եւ ներողամիտ՝ չարիքին ու տգիտութեան դէմ մարդոց:
Այս երկրի վրայ շրջող սուրբերը վերջապէս անոնք են, որոնք կրնան հաճոյքով բաժին հանել իրենց ունեցած երջանկութենէն, խաղաղութենէն, մտքի եւ հոգիի լոյսէն ամէն անոնց, որոնք զրկուած են այդ բոլորէն («Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, մարտ-ապրիլ 1973, ԽԲ տարի, թիւ 3-4, էջ 92, 95):
• Խաղաղութեան հաստատումի մասին կը գրէ.
Ուրեմն, նրանք որ բաժանում են արարածներին իրարից, դառնում են Սատանայի ծառաները, Չարի գործիքները այս աշխարհի վրայ, իսկ նրանք որ հարթելով դժուարութիւնները, վերացնելով տարակարծութիւնները, սովորեցնելով ներել ու սիրել, յաջողում են մարդկանց մօտեցնել եւ միացնել իրար քրիստոնէական մեծ սիրոյ զգացումի մէջ, նրանք անկասկած որ արժանի են լինում Աստուծոյ որդիներ կոչուելու:
Խաղաղութիւնը մի բառ է, որ քաղաքական աշխարհում տարբեր իմաստներ ունի գերուժերի եւ իրաւազրկուած ազգերի համար: Առանց այլ մանրամասնութեանց մէջ մտնելու յիշենք այստեղ, որ աւելի քան երբեք այս օրերին ողջ աշխարհը կարիքն ունի խաղաղութեան: Համայն մարդկութիւնը երազում ու ցանկանում է հասնել համաշխարհային խաղաղութեան, սակայն, ահա քսաներորդ դարի վերջաւորութեան, աշխարհի չորս ծագերում տեղական ու շրջանային կռիւներ, կրօնական ու ազգամիջեան բախումներ, հայրենական ու քաղաքացիական ներքին պատերազմներ շարունակւում են եւ մենք գրեթէ ամէն օր միջազգային հաղորդակցութեան միջոցներից տեղեկանում եւ ականատես ենք լինում մարդկային ահաւոր ողբերգութեանց եւ աշխարհակործան աղէտների ծաւալման:
Եւ հիմա ինչպէ՞ս չձայնակցիլ Քրիստոսի եւ յատկապէս չմասնաւորել մեր խօսքը այս առիթով հայութեան խռովայոյզ կեանքին:
Այս օրերին երբ մեր ժողովրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, հայօրէն գոյատեւումն ու քրիստոնէական հաւատքի անաղարտ պահպանումը թէ՛ մայր հայրենիքում եւ թէ՛ սփիւռքեան դաժան պայմաններում՝ լինել թէ չլինելու իր ճգնաժամն է ապրում, ինչպէ՜ս կարելի է հայութեան գրկում ատելութեան, քինախնդրութեան եւ երկպառակութեան որոմներ սերմանել. երբ աւելի քան երբեք այս օրերին մեր ժողովուրդը միասնականութեան կարիքն ունի թէ՛ Հայաստանում եւ թէ՛ արտասահմանում, երբ աշխարհացրիւ հայութեան փրկութիւնը իր բռունցք դառնալու մէջ է, ինչպէ՜ս կարելի նորանոր բաժանումներ յառաջացնել մեր ժողովրդի զաւակների միջեւ:
Ուստի, ի խորոց սրտի առ Աստուած բարձրացող մեր աղօթքն է, որ առ հասարակ ողջ աշխարհում եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ Քրիստոսի փոքրիկ հօտի՝ հայութեան զաւակների մէջ շատանան խաղաղութեան սերմնացանները, խաղաղութիւն կերտողները, բազմանան Աստուծոյ որդիները, որպէսզի բազում դարեր ընդ հուր եւ ընդ սուր անցեալ, արեան ջրհեղեղներից վերապրած ու մահուան հովիտից յարութիւն առած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներս վերջապէս կարողանանք վայելել աստուածային խաղաղութեան բարիքները այս աշխարհի վրայ, եւ յատկապէս մեր հերոսների եւ մարտիրոսների, մեր լուսապսակ սուրբերի նշխարներով սրբացած մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքի կապոյտ երկնակամարի տակ:
«Երանի խաղաղարարաց, որովհետեւ նրանք Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուեն»: Ամէն («Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, հոկտեմբեր 1994, ԿԳ տարի, թիւ 10, էջ 651-652):
• Աղօթքի մասին կը գրէ.
Ինչպէ՜ս կարող է մէկը ինքնիրեն քրիստոնեայ համարել եւ անտեսել աղօթքի դերը հաւատացեալի կեանքում: Արդարեւ, ինչպէս ծաղիկը թաղարում առանց ջրի եւ արեւի լոյսի դատապարտուած է չորնալու, այնպէս էլ մեր հաւատքի ծաղիկը առանց աղօթքի դատապարտուած է խամրելու եւ մեռնելու: Առանց աղօթքի ամէն օր մի քիչ հեռանում ենք Աստծուց, իսկ նրա տեղը մեր սրտում՝ աստիճանաբար փոքրանում է: Առանց Աստուծոյ հետ հայաշունչ աղօթքի բառերով ստեղծուող հաղորդակցութեան, ամէն օր մի քիչ մեռնում է մեր մէջ աւանդապահ ու հայրենասէր, մեր Եկեղեցւոյ մշակոյթի ջահակիրների եւ սրբազան վանականների տեսիլքով իր ներկան իմաստաւորող եւ ապագան կերտող հաւատացեալ հայ քրիստոնեան:
Դրա փոխարէն մեր հայատրոփ ու ջերմեռանդ աղօթքը հեռացնում է մեզանից ձուլման եւ ուծացման, մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգի բազմադարեան ծառից կտրուելով օտարանալու վտանգը, օգնում է մեզ յաղթահարելու մեր տկարութիւններին եւ կասկածներին, մեզանից վանում է մահուան երկիւղը, մեր մթնած սրտերում միշտ արծարծ է պահում Աստուծոյ սէրը անշէջ լոյսի նման, հանդէպ Իր արարածներին, միշտ արթուն է պահում մեր մէջ՝ իր պատգամները Աստծուց ստացող, մեր խղճի ձայնը, որ յուշարարն է բոլոր բարի, գեղեցիկ, առաքինի եւ ազնիւ գործերի:
Աղօթքը զօրութիւն է տալիս վհատուած սրտերին եւ զինում է մեզ կեանքի պայքարի մէջ մարդոց չարիքի դէմ պաշտպանելու համար անհրաժեշտ հոգեւոր զէնքերով: Աղօթքը ամրապնդում է մեր խարխափող քայլերը եւ լուսաւորում մեր կեանքի ուղին («Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, փետրուար 1995, ԿԴ տարի, թիւ 2, էջ 90):
• Սպահանի (Նոր Ջուղայի) թեմէն ներս քսանամեայ առաջնորդութեան ամեակի առիթով մեծարանքի հանդիսութեան իր սիրտի խօսքի ընթացքին, կ՚ըսէ.
Սիրելիներ, ահա արդէն 37 տարիներ են անցել այն օրուանից, երբ ծունկի եկած, կուսակրօն հոգեւորականի ուխտս կատարելով, այս սուրբ վեղարն եմ կրում մեծ պարծանքով: Կրում եմ այս սուրբ վեղարը, որպէս անարժան ժառանգորդը մեր լուսապսակ նահատակների եւ տեսլապաշտ վանականների, որպէս թոթովախօս վկան մեր հանճարեղ մատենագիրների եւ շնորհալի հայրապետների, որպէս խոնարհ աղօթակիցը մեր աստուածարեալ Նարեկացի վարդապետների, որպէս ուխտեալ հոգեւոր զինուորը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:
Անկասկած որ ունեցել եմ բազում դժուարութիւններ իմ կեանքում, հոգեկան տագնապներ, դառնութիւններ եւ անձկութիւններ, սակայն ո՛չ մէկ օր չեմ կասկածել, որ ընտրել եմ հայ ժողովրդին ամբողջականօրէն նուիրուելու, կամաւոր կերպով ծառայելու ազնուագոյն ճանապարհը, ո՛չ մէկ ժամանակ չի խախտուել իմ մէջ ժայռարմատ հաւատքը իմ առաքելութեան վեհութեան, ճշմարտացիութեան եւ սրբութեան վերաբերեալ:
Անշուշտ ունեցել եմ նաեւ հոգեկան ցնծութեան պահեր, անանձնական ուրախութեան բազում առիթներ, հիւանդին, աղքատին, ծերին, որբին, անօգնականին, երիտասարդ համալսարանականին օգտակար հանդիսացած լինելու, մեր կրօնական եւ ազգային կառոյցները, անցնող 20 տարիների հետեւողական ճիգերով տնտեսական աւելի ամուր հիմքերի վրայ դրած լինելու, մեր ժողովրդի շահերը անվախօրէն պաշտպանած լինելու, մեր համայնքային իրաւունքները ամրագրած լինելու անսահման երջանկութիւնը:
Եւ այժմ 20 տարիների այս թեմում իմ ունեցած ծառայութիւնից յետոյ, խղճի կատարեալ հանգստութեամբ եւ խոր համոզումով յայտարարում եմ, որ ես Աստծուց պիտի խնդրէի, որ ԿՐԿԻՆ ԾՆԷԻ ՀԱՅ: ԾՆՈՒԷԻ՝ ՀԱՅՈՑ ԵՂԵՌՆԻՑ ՀՐԱՇՔՈՎ ԱԶԱՏՈՒԱԾ ԻՄ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԾՆՈՂՆԵՐԻ ՅԱՐԿԻ ՏԱԿ, ՈՒՐ ԵՍ ՍՈՎՈՐԵՑԻ ՊԱՇՏԵԼՈՒ ՉԱՓ ՍԻՐԵԼ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՀԱՅ ԳԻՐՆ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ՈՒ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ («Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, մարտ-ապրիլ 2000, ԿԹ տարի, թիւ 3-4, էջ 315-316):
Աւարտենք, լուսահոգի սրբազանին մէկ բանաստեղծութեամբ՝ «Աղերս» խորագիրը կրող.
«Եկայք առ իս…» կ՚ըսէիր հօտիդ համար ծարաւի
Եւ սրտերուն՝ մութին մէջ իրենց որբ ցաւը լացող…
Ուխտին քօղը ճակատին, երկինքներէն երազի,
Ա՜հ, ան քալեց հաւատքով, ծիծաղներուն տակ հեգնող:
Վիշտը լուծիդ տրտմանոյշ, զոր կամեցաւ ընդունիլ՝
Ուրացումովն աշխարհին, վրան փխրուն ուսերուն,
Արիւնեց սիրտն ամէն ժամ, երբ ան տենչաց բաշխուիլ
Անհունօրէն մարդերուն, մահուամբ բոսոր իղձերուն:
Եւ արդ, ո՜վ Տէր Բարեգութ, Դուն որ օրերն Ծառայիդ
Գեթսեմանէն Գողգոթա, ըրիր Ճանապարհ-Խաչին,
Եւ շնորհին արժանի տառապանաց Բաժակին…
Անառակին զղջումով, Քեզի դարձող սա որդիդ,
Որ Նարեկեան տեսիլքով, քուլայ-քուլայ կ՚երկարի,
Իր հոգիին անդունդէն դէպի սիրոյդ արեւին,
Երանաւէտ խոստումովդ, ալ ընդունէ՜ կաթոգին:
«Հոգեմատեան» (2018, Անթիլիաս, էջ 21)
Յ.Գ. Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ թերթիս 17 հոկտեմբեր 2019-ին մէջ, կատարած ենք լուսահոգի սրբազան հօր «Հոգեմատեան» գիրքին գրախօսականը: Հետաքրքրուողները կրնան թուային տարբերակով փնտռել ու կարդալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ