«ԾԻԾԻԿՆԵՐ»ՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ
Մեր թուականէն մօտաւորապէս երկու տարի առաջ՝ երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2022 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսաւ «Ծիծիկներ» խորագրեալ յօդուածս, որուն յաջորդող օրը հրատարակուեցաւ «Ջայլամախտ» խորագրեալ յօդուածը, որուն մէջ մանրամասն բացատրեցինք, թէ ինչու համար մէկ օր առաջուան յօդուածը լոյս տեսած էր «Ծիծիկներ» խորագրով:
Վերոյիշեալ յօդուածներէն երկու տարիներ ետք կեանքը կը շարունակէ փաստել, որ այդտեղ գրուած իւրաքանչիւր տող կը շարունակէ պահել իր ճշմարտութիւնը. «բարեկամ մը» որպէս գրող զիս կը ծանօթացնէ Լիբանանէն նոր Հայաստան ժամանած մի քանի երիտասարդներու. ընթացքին նիւթը կը ծաւալի լրագրութեան ու յօդուածագրութեան շուրջ. զիս ծանօթացնող «բարեկամ»ը կ՚ըսէ. «Հրայրը տարօինակ յօդուածներ կը գրէ. օրինակի համար, իր յօդուածներէն մէկը «Ծիծիկներ» խորագիրը դրած էր...»:
Նորեկները կ՚ուզեն գիտնալ, որ նման խորագիրի մը տակ ինչպիսի՞ յօդուած կրնամ գրած ըլլալ. չեմ ուզեր երկար բարակ բացատրութիւն տալ, այդ իսկ պատճառով կ՚ուզեմ, որ իրենք իրենց աչքով ականատես ըլլան այն բոլոր դժբախտ ճշմարտութիւններուն՝ որոնք կ՚ուզէի շեշտել: Զիս ծանօթացնող բարեկամին հարց կու տամ, թէ մինչեւ օրս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ աւելի քան 800 յօդուած գրած եմ. «կրնա՞ս այլ գրութեան մը խորագիրը յիշել». պատասխանը՝ լռութիւն:
Տարօրինակ չէ՞ որ գրես մօտաւորապէս 800 եւ աւելի յօդուածներ, սակայն մարդոց միտքը տպաւորուած մնայ «Ծիծիկները». ծիծիկներէն շա՜տ աւելի վեր ու կարեւոր նիւթերու շուրջ խօսած ենք անցնող մօտաւոր երեք տարուան ընթացքին, սակայն տպաւորուածը եղած է «Ծիծիկները»՝ որուն բովանդակութիւնը անգամ չգիտնան: Ըսեմ, որ վերոյիշեալ «բարեկամ»ը միակը չէ. ամիսներ առաջ տասնամեակներու կեանք ունեցող ամսագիրի մը խմբագիրը եւս զարմցած հարց կու տար, թէ «այդ ի՞նչ «Ծիծիկներ» «Միծիկներ» կը գրես»:
Մեր ազգը դէպի անդունդ առաջնորդող հիմնական հարցը այս է հաւանաբար. մենք չենք կրնար զանազանել կարեւորը անկարեւորէն, առաջնահերթը՝ երկրորդականէն եւ այս դժբախտութեան պատճառը մէկ է. բոլորս ալ կ՚ապրինք «մենք գիտենք»ի հոգեբանութեամբ եւ մեր չգիտցածին վրայ վստահելով կը փորձենք ազգովի դէպի առաջ երթալ: Դարաւոր մամուլի մը էջերուն «Ծիծիկներ» գրելը վստահաբար ամօթ է, սակայն շատ աւելի մեծ ամօթ մեր լեզուին ու ազգային արժէքներուն հանդէպ մեր ունեցած անտարբերութիւնը. թէեւ առաջին ամօթին մէջ եւս կայ դրական դաս մը՝ որովհետեւ ստինքն ու ծիծը հայերէն բառեր են՝ իսկ այսօր Հայաստանի մէջ գործածուող «դօշ»ը տաճկերէն է պարզապէս:
Այսօր աչքէ կ՚անցընեմ մինչեւ օրս գրած հարիւրաւոր յօդուածներս. այդտեղ կը տեսնեմ բազմազան նիւթեր՝ որոնք մինչեւ օրս որպէս ցաւ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ. առաջարկութիւններ, քննադատութիւններ, մատնանշումներ ու մտորումներ՝ լեզուի, մշակոյթի ու ազգային արժէքներու մասին, սակայն մարդոց միտքին մէջ տպաւորուողը մէկն է:
Այս մէկը անհատներու հետ կապ չունի. խնդրոյ առարկան միայն վերոյիշեալ «բարեկամ»ը չէ. այսօր ազգովի ապուշութիւններու աւելի արժէք սկսած ենք տալ՝ քան կարեւոր ու անմիջական հարցերու։ Անցնող շաբթուան ընթացքին այս կամ այն մտաւորականը ի՞նչ ըսաւ՝ մարդ չի գիտեր, սակայն երէկ գիշեր Վարդան Ղուկասեանը ի՞նչ հայհոյանքներ հնչեցուց՝ բոլորը գիտեն գրեթէ. այսօր ամբողջ կեանք մը մաշեցնելով բազմահատոր գիրքեր գրէ, լեզուն մշակէ եւ սերունդ դաստիարակէ. տասնամեակներու յոգնութեամբ չե՛ս կրնար այնքան յայտնի դառնալ, ինչքան կէս ժամ առաջ փողոցը մերկ վազող մը... որովհետեւ ժամանակին հետ փոխուած է նաեւ արժէքներու հանդէպ մեր ունեցած գիտակցութիւնն ու արժեւորումը:
Լուրջ յօդուածներուն եւ «Ծիծիկներ»ուն հետ պատահածը պարզապէս հայելին է մեր իրականութեան, որովհետեւ ազգովի նոյն մտայնութեամբ կը մօտենանք ամէ՛ն հարցի. եթէ «Ծիծիկները» միտք կը պահուի իր տարօրինակ վերնագիրին համար, ահաւասիկ ուրիշ մը՝ «Կովեր, որոնք աւելի՛ հայերէն գիտեն՝ քան հայը», որ հրատարակուած է 6 սեպտեմբեր 2021 թուականի թիւին մէջ. թող ամօթը «ծիծիկներ»ուն մէջ փնտռելու փոխարէն փնտեն այն մարդոց մօտ՝ որոնք հայ ըլլալով աւելի նուազ հայերէն գիտեն՝ քան կովերը:
Լուրջ յօդուածները մեր ազգը յուզող հարցերն են, իսկ «Ծիծիկները»՝ ամենէն վերջին ու անիմաստ հարցը, սակայն պատկերը հակառակն է. անիմաստն ու անկարեւորը աւելի առաջնահերթ սկսած է ըլլալ մեզի համար՝ քան միւս կարեւորները, որոնք մեր գոյութիւնը կ՚ապահովեն:
Յաճախ կը մտածենք, լուրջ խնդիրներ ու նիւթեր գրել նման արտառոց խորագիրերու տակ. գրենք հայ լեզուի մասին, սակայն խորագիրը դնենք «Ծիծիկներ»՝ այն յոյսով որ «ծիծիկ»ի յոյսով եկող ընթերցող մը կարդայ աւելի կարեւորը՝ հայոց լեզուի եւ այլ դէպի անդունդ առաջնորդուող արժէքներու շուրջ: Թէեւ այդ մէկը յուսախաբութիւն պիտի պատճառէ շատերու, սակայն նուազագոյնը մի քանի տող կարդացած պիտի ըլլան նման կարեւոր հարցի մը մասին:
Վստահ եղէք, որ ապագայ սերունդները մեզ պիտի չմեղադրէ «Ծիծիկներ» խորագրով յօդուած մը հրատարակելու համար, սակայն պիտի մեղադրէ բոլոր մեր ունեցած արժէքները կորուստի մատնելու համար. եթէ մարդիկ կ՚ուզեն անպայմանօրէն ամօթ մը գտնել, թող ամօթը գտնեն բոլոր անոնց մօտ՝ որոնք արիւնող հարցերը մոռցած իրենց ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն նման անարժէք նիւթեր:
Ժամանակը պիտի յաջողի՞ արդեօք այս բոլորը բարելաւել՝ թէ ոչ օր օրի աւելիով պիտի մօտենանք անդունդին՝ որ գրկաբաց մեզի կը սպասէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Գիտելիքի «ցուցադրութիւն»ը առո՞ղջ բան է:
Պատասխան. Եթէ գիտելիքի «ցուցադրութիւն»ը կը կատարուի դրական նպատակներով, խոնարհութեամբ եւ արէժք ու իմաստ կու տայ զրոյցին՝ դրական է, սակայն եթէ կը կատարուի պարզապէս ուրիշը նսեմացնելու՝ ամբարտաւանութեան հասնող համարձակութեամբ՝ կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ: Կարեւոր է նկատի ունենալ ձեր շրջապատի մթնոլորտն ու զգացողութիւնը. գիտելիքներու փոխանակումը պէտք է առաջնորդուի փոխըմբռնումի եւ համագործակցութեան շրջանակէն ներս՝ հեռու «աւելի խելացի» կամ «աւելի բարձր» ըլլալու մտայնութենէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան