ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԿՈՉԸ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին մասին։ Զուիցերական հեռուստաընկերութեան մը տուած հարցազրոյցին մէջ Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ուքրայնա քաջութիւն ունենայ սպիտակ դրօշ պարզելու եւ բանակցելու։

«Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հարցազրոյցը պիտի հեռարձակուի մարտի 20-ին։ Սրբազան Պապը համոզուած է, թէ Ուքրայնայի հակամարտութեան մէջ պարտուող կողմը պէտք է համարձակութիւն ունենայ ընդունելու այդ բանը եւ համաձայնի բանակցելու։ Ան պարտուող կողմ անուանեց Ուքրայնան։ «Մի՛ ամչնաք բանակցելէ՝ քանի տակաւին իրավիճակը շատ չէ վատացած», ըսաւ ան։

Սրբազան Քահանայապետը համոզուած է, թէ այսօր բանակցութիւններ կարելի է վարել միջազգային ուժերու օգնութեամբ։ Այժմ Ուքրայնայի հակամարտութեան մէջ շատ են անոնք, որոնք կը փափաքին հանդէս գալ՝ որպէս միջնորդ։ Սրբազան Պապը այս կապակցութեամբ մատնանշեց մասնաւորապէս Թուրքիոյ անունը։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Քահանայապետի յայտարարութիւններուն։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ընդգծեց, որ Սրբազան Պապը դիմած է ո՛չ թէ Քիեւին, այլ Արեւմուտքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024