ՏԻՐՈՋ ՎՍՏԱՀԻ՛Լ

Հաւատալ՝ գործնականօրէն կը նշանակէ վստահի՛լ։ Ուստի Աստուծոյ հաւատալ՝ համազօր է Անոր վստահելու, անտարակոյս, աներկբայ եւ անվարան կերպով։ Արդարեւ, երբ մարդ ունի վստահելի եւ ամենակարող Հայր մը, այլեւս մէկ կողմ կը թողու բոլոր մտահոգութիւնները, բոլոր տարակոյսները եւ կասկածները։

Կը պատմուի, թէ մարդ մը, իր երազին մէջ անապատին մէջ կը քալէ։ Աւազին վրայ կայ իր ոտքի հետքերը եւ երկրորդ զոյգ մը ոտքի հետք՝ որ կը հետապնդեն իր ոտքի նշանները։ Հարց կու տայ մարդը հրեշտակին, թէ որո՞ւն ոտքի նշաններն են այդ երկրորդ հետքերը։

Հրեշտակը կը պատասխանէ.- Այդ երկրորդ հետքերը Աստուծոյ ոտքի նշաններն են, որոնք կը հետապնդեն քեզ, որպէսզի հաւանական վտանգի մը պարագային պաշտպանէ քեզ։

Մարդը, ապահով եւ հանգստացած կը շարունակէ քալել։

Քիչ յետոյ, յանկարծ կը տեսնէ, որ կորսուած են զինք հետապնդող Աստուծոյ ոտքի հետքերը։ Մտահոգուած եւ կասկածոտ կը հարցնէ դարձեալ հրեշտակին, թէ՝ ո՞ւր են Աստուծոյ հետքերը. կարծելով որ տեսած ոտքի հետքերը միայն ի՛ր ոտքի նշաններն են։

Հրեշտակը կը պատասխանէ.- Քու այդ տեսած ոտքի հետքերը Աստուծոյ ոտք հետքերն են՝ քու ոտքի հետքերդ չեն տեսնուիր, որովհետեւ դուն վտանգի մէջ էիր եւ Աստուած քեզ իր գիրկը առաւ, որպէսզի առանց վնասուելու անցնիս պատահական այդ վտանգին մէջէն։

Եւ մարդը անվտանգ եւ ապահով շարունակեց իր ճամբան, անշուշտ, միշտ երկրորդ ոտքի հետքերուն հետապնդումը նկատելով…

Սիրելի՜ներ, երազ մըն է ասիկա, բայց մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ միշտ ապրուած իրականութիւն մը։ Ոմանք կ՚անդրադառնան, ոմանք անտարբեր կը գտնուին, ոմանք չեն հաւատար նման «երազ»ներու, իրենց տրուած շնորհները «դիպուած» կը սեպեն։ Բայց ամէն պատահար, ամէն իրականութիւն անպայմա՛ն պատճառ մը ունի եւ երբ անյայտ է այդ պատճառը, ատիկա դիպուած չէ՛, այլ՝ Աստուած, որ տեւապէս կը հոգայ, կը խնամէ, կը պաշտպանէ մեզ, քանի որ Ան Արարիչ է, ե՛ւ Նախախնամ…

Մարդ արարածը ինքնաբաւ չէ՛, քանի որ ան անկատար է՝ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, պարտաւոր է ապաւինելու իր Նախախնամ Արարչին՝ Աստուծոյ։ Եւ դարձեալ, մարդ մինչեւ որոշ կէտ մը կրնայ ինքզինք ապահովութեան տակ առնել իր իսկ ուժերով, բայց սահման մը ունի մարդուն կարողութիւնը, ի վերջոյ պահանջքը պիտի զգայ Աստուծոյ օգնութեան եւ հոգածութեան։

Գիտութիւն, զօրութիւն, կարողութիւն, այս բոլորը սահմանաւոր են մարդուս, եւ ուրեմն կէտ մը կու գայ՝ որ մարդ ինքզինք անզօր եւ անկարող կը զգայ եւ ահաւասիկ ճիշդ այդ պահուն օգնութեան կը հասնի Նախախնամը՝ Աստուած, կը շալկէ զայն եւ անվտանգ կ՚անցընէ զայն վտանգներու մէջէն։

Այն՝ որ գիտակցութիւնը ունի այս ճշմարտութեան, ան է ճշմարիտ հաւատացեալը։

Սիրելի՜ներ, մենք իւրաքանչիւրս ունինք մեր քայլերուն հետեւող զոյգ մը քայլեր, Աստուծոյ խնամող եւ հոգատար ոտքի հետքերը. երանի՜ թէ անդրադառնանք անոնց, գիտնանք, որ Նախախնամ մը ունինք, մեզ պաշտպանող, խնամող եւ հոգատար։ Այլապէս, ինչպէս կրնանք քալել աշխարհի վտանգաւոր ճամբաներուն վրայ, փշոտ, քարակոյտներով լեցուն ուղիներուն վրայ, ուր վտանգներ կը սպասեն մեզի։

Արդարեւ, իր անհաւատութեամբ եւ անաստուածութեամբ հպարտացող շատ մարդիկ, վերահաս վտանգի մը պարագային, բնազդաբար գոչած, աղաղակած են. «Աստուա՜ծ իմ…», եւ այս տրուպ գրիչը կենդանի վկան եղած է շատ անգամ նման աղաղակներու զանազան դէպքերու մէջ՝ իրենք զիրենք անհաւատ եւ անաստուած կարծողներու կողմէ արտայայտուած։

Արդարեւ, բան մը, որ գոյութիւն չունի, զայն մերժել կամ ուրանալ անիմաստ է, եւ անոնք, որոնք կը մերժեն կամ կ՚ուրանան Աստուծոյ գոյութիւնը, անուղղակիօրէն արդէն կ՚ընդունին Աստուծոյ գոյութիւնը, քանի որ, ինչպէս ըսինք, գոյութիւն ունեցող բան մը կը մերժուի կամ կ՚ուրացուի։

Արդէն մարդ երբ իր շուրջ պատահածները ուշադրութեամբ դիտէ, հոն կը տեսնէ Աստուծոյ գոյութիւնը եւ անուրանալի ճշմարտութիւնը…

Եւ մենք, սիրելի՜ներ, ահաւասիկ այս Աստուծոյ կը հաւատանք, Անոր կը վստահինք, Անոր կ՚ապաւինինք, Անոր վրայ դրած ենք մեր յոյսը եւ Ա՛ն կը սիրենք։

Եւ այս իմաստով յաճախ կը կրկնենք 23-րդ Սաղմոսը.

«Տէրը իմ հովիւս է,
Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։
Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ,
Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ՚առաջնորդէ։
Հոգիս կը նորոգէ։
Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ՚առաջնորդէ ինծի։
Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ,
Չարէն պիտի չվախնամ,
Վասնզի Դուն ինծի հետ ես,
Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։
Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւ իմ թշնամիներուս դիմաց.
Իմ գլուխս իւղով կ՚օծես,
Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։
Յիրաւի բարերարութիւնը եւ ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի ըլլան
Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ
Եւ շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ»։

Եւ իրապէ՛ս Աստուծոյ գոյութիւնը զգալ, հաւատալ եւ վստահիլ Անոր՝ ամենամեծ մխիթարութիւնն է մարդուս, նեղութիւններով լեցուն այս աշխարհի վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024