«ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍԻԼԸ ՄԵԾ ԱՄՕԹ ԿԸ ՍԵՊԵՆ ԿՈՐ»
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ կ՚ըսենք, որ պէտք է կարդալ հիները, ո՛չ թէ որովհետեւ «նոր»երը տալիք կամ «ըսելիք» չունին, այլ պարզ այն պատճառով, որ հակառակ ժամանակներու փոփոխութեան շատ անգամ անցեալը հայելին կը դառնայ ներկային, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, պատմութիւնը ինքզինք կրնկելու ոչ դրական սովորութիւն մը ունի: Մեր ներկայի շատ մը հարցերու արմատները գտնելու համար պէտք է կարդալ հիները, որովհետեւ շատ մը հարցեր որոնք մենք այսօր կը դիմագրաւենք, դիմագրաւած են նաեւ անոնք՝ իրենց միջոցներով ու ժամանակին տուած յարմարութիւններով:
Հին ժամանակուան հոգեբանութիւնը հասկնալու լաւագոյն ձեւը երգիծաբաններու ծիծաղելի՝ սակայն դժբախտ երեւոյթներու ներկայացումն է. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Աբիսողոմ Աղա, Փանջունի, Խիկար եւ այլ հերոսներ, որոնց ճամբով գրողներ փորձած են ժամանակն ու անոր մտածելակերպը փոխանցել:
Մեր գրականութեան մէջ աւելիով յիշուած է Աբիսողոմ Աղան, Փանջունին՝ քան Խիկարը, որ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի ստեղծած ամենէն յաջող կերպարներէն մին կարելի է նկատել. Պարոնեան 1884 թուականին հիմնած է «Խիկար» հանդէսը եւ առաջին անգամ այդտեղ լոյս տեսած է անոր «Քաղաքակավարութեան վնասները», «Պաղտասար աղբար»ը եւ այլ աշխատութիւններ: Խիկարը մեր օրերուն ինչքան ալ չգործածուի, հայկական անձնանուն մըն է (Հայոց Պատմութեան էջերուն մէջ կը հանդիպինք Խիկար Իմաստունին): Խիկար որպէս անուն կը նշանակէ «իմաստուն» եւ հետեւաբար կասկածէ վեր է, որ Յակոբ Պարոնեանի այս հանդէսն ու աշխատութիւնը միտած է զարգացնելու եւ իմաստաւորելու հասարակութիւնը:
Պէտք է նուազագոյնը մէկ անգամ կարդալ «Խիկար»ը, որ ամբողջութեամբ կը տարբերի միւս երգիծանքներէն: Յակոբ Պարոնեան երկրխօսութիւն կ՚ունենայ Խիկարի հետ եւ շատ մը խնդիրներ այդ երկխօսութեան ճամբով կը բարձրաձայնէ. այլ խօսքով Խիկար հարցազրոյց մըն է, Յակոբ Պարոնեանի եւ ի՛ր իսկ հոգիին միջեւ:
Այժմ կը կարդամ Խիկարի «Մեր Խիկարն ալ ալաֆրանկա է եղեր» խորագրեալ գրութիւնը. Յակոբ Պարոնեան «Բարի լոյս»ով մը կը դիմէ Խիկարին, սակայն ի պատրաստխան «Բարի լոյս»ին կը ստանայ ֆրանսերէն «պոնժուր» մը. Պարոնեան զարմացած կ՚ըսէ, որ հայերէն խօսի, սակայն Խիկար կը մերժէ առաջարկը եւ կը շարունակէ ֆրանսերէն լեզուով խօսիլ: Խիկար այս արարքին որպէս պատճառ կը ներկայացնէ այն դժբախտ իրողութիւնը, որ շատեր (հայ երիտասարդներ մանաւանդ) կը հաւատան, որ աւելի զարգացած ու իմաստուն եւ իր իսկ բառերով «ալաֆրանկա» մարդու օտար լեզուով խօսիլ կը վայելէ («ալաֆրանկա» կը նշաանկէ եւրոպական ճաշակ ունեցող): Խիկար օրուան երիտասարդութեան մտայնութիւնը յայտնելով կը խօսի, թէ հայերէն լեզուն շատ մը արտայայտութիւններու մէջ «աղքատ» կը մնայ. Խիկար կը յայտնէ, թէ շատ մը բաներ եթէ հայերէն լեզուով ուզուի՝ չեն տար, սակայն ֆրանսերէնի պարագային խնդիրը կը փոխուի:
Խիկարի ամենէն կարեւոր խօսքերէն մէկն է հետեւեալը. «հայերէն լեզուով ուզես նէ` չեն տար կոր, որովհետեւ հայերէն խօսիլը մեծ ամօթ կը սեպեն կոր»։ Ահաւասիկ դէմ յանդիման կը գտնուինք երիտասարդութեան մը հետ՝ որ հայերէնը ամօթ կը սեպէ եւ այս մէկը աւելի քան դար մը առաջ։ Խիկար կը պատմէ, որ առիթով մը ներկայ կը գտնուի հաւաքի մը լեցուն նման երիտասարդներով, որոնք իրարու քով եկած ֆրանսերէն լեզուով կը խօսին. Խիկար կ՚ուզէ մասնակից դառնալ խօսակցութեան եւ ինք ալ հայերէն լեզուով կարծիք մը կը յայտնէ. «Տասնի չափ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ նստած իրարու հետ ֆրանսերէն կը խօսէին կոր, ես ալ խօսակցութեան խառնուելու համար երկու խօսք ըրի հայերէն, ասոր վրայ ամէնքն իրարու ըսել սկսան. ահ, մոն շեր...»։ Երիտասարդները ֆրանսերէնով շատ մը խօսքեր կ՚ըսեն, սական Խիկար չի՛ հասկնար։ Ներկաներէն մէկը թրքերէնի թարգմանելով ըսուածները կ՚ըսէ. «շու ճիհեթլէ Խիկար էշէք ատամ տըր»:
Այժմ այս բոլորը համեմատենք մեր ներկային հետ. այս գրութենէն աւելի քան 140 տարիներ ետք վիճակը կը շարունակէ մնալ նոյնը։ Մեր նոր սերունդը ֆրանսերէնի փոխարէն այսօր կը գործածէ «անգլերէն»ը եւ անգլերէն լեզուով խօսիլը, անգլերէն երգեր լսելը, անգլերէն կարդալն ու դիտելը «զարգացած» ըլլալու չափանիշ որպէս կ՚ընդունին: Այսօր շա՜տ են այն երիտասարդներուն թիւը, որոնք սփիւռքի մէջ ապրելով «ամօթ» կը նկատեն հայերէն խօսիլը. ամօթ որովհետեւ հայերէն լեզո՞ւն չեն գիտեր՝ կամ ամօթ՝ որովհետեւ պարզապէս հայերէն լեզու է:
Խիկարի այս երեւոյթը կը փաստէ, որ աւելի քան 140 տարիներ մենք մեր երիտասարդութեան մէջ չյաջողեցանք սերմանել հայերէնասիրութեան այդ սէրը, որպէսզի հայերէնը ամօթ նկատելու փոխարէն որպէս հպարտութիւն ընդունին:
Պարոնեան զարմացած Խիկարի կը հարցնէ, թէ ալաֆրանկա ըլլալու՝ զարգացածի տպաւորութիւն մը ձգելու համար ի՞նչ լեզու պէտք է գործածել. Խիկար կը պատասխանէ. «Ֆրանսերէն, տաճկերէն, յունարէն, հրէաերէն, չինկեաներէն. հայերէն չըլլայ տէ` ինչ ըլլայ նէ՝ ըլլայ». զարգացած ըլլալու այլ գաղտնիք մըն ալ կու տայ Խիկար. «Մոռցայ ըսելու, որ անունդ ալ ֆրանսերէն պիտի դնես. Գէորգ ես նէ` Ժորժ պիտի ըլլաս, Կարապետ ես նէ` Շարլ կամ Քարլօ»:
Թող ընթերցողը Խիկարի ըսած ցաւալի ճշմարտութիւնները ի՛նք համեմատէ մերօրեայ մտածողութեան հետ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար ոմանք երկարահասակ են, իսկ ոմանք կարճահասակ:
Պատասխան. Մարդու հակասի բարձրութեան վրայ կ՚ազդէ ծագումնաբանութիւնը (genetics) եւ շրջակայ միջավայրի գործօնները: Սնուցումը, ընդհանուր առողջութիւնը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան պայմաններն ու տարիները վճռորոշ դեր կ՚ունենան մարդու հասակի զարգացման մէջ: Առողջ սնուցումը եւ առողջ խնամքի հասանելիութիւնն ու ապրելակերպը կ՚օգնեն, որպէսի հասակը աճի, մինչ սխալ ձեւով սնուիլը կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ: Հետեւաբար ծագումնաբանութիւնը ու ապրելակերպը կ՚որոշէ մարդու հասակի բարձրութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան