ԱՍՏՈՒԱԾ ՍՏԵՂԾԵՑ՝ ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՅՏՆԵԼՈ՛Ւ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԴՈՒՆ
Աստուած բազմաթիւ պատճառներ ունէր արարածներ ստեղծելու համար եւ մանաւանդ մա՛րդը։ Եւ այս պատճառներէն գլխաւորը՝ ինքզինք յայտնելու շարժառիթն է։
Ուսուցիչ մը նկատի ունենանք. երբ ան ուսանող աշակերտ չունի, իր ուսուցչութիւնը վայելողներ չկան, որո՞ւ համար օգտակար է անոր ուսուցչութիւնը։ Այս իմաստով, ուսուցչութեան առաքինութիւնը այն է՝ որ ուրիշներ ուսուցիչէն վայելք մը ունենան եւ օգուտ քաղեն։ Եթէ ուսուցումէն վայելողներ չկան, ի՞նչ օգուտ եւ ի՞նչ շահ այդ ուսուցչութենէն։
Արդարեւ, նոյնն է պարագան Աստուծոյ արարչութեան գործին. Աստուած, որ կատարելապէս ճարտար եւ ամենակարող արուեստագէտ մըն է եւ կը շարժի ամենայն իմաստութեամբ եւ ճշմարիտ սիրով, եթէ արարածներ ստեղծած չըլլար, ի զուր պիտի կարծուէր թէ ունի այդ ճարտարութիւնը, այդ իմաստութիւնը, սէրը եւ այն բոլոր արժէքները, երբ չկար բան մը՝ որ այդ բոլորին յայտնութիւնը եղած ըլլար։
Նոյնպէս բժիշկ մը խորհեցէք. ան որքան կարող եւ հմուտ ըլլայ, երբ չըլլան հիւանդներ, անոր արժէքը ո՞վ պիտի գնահատէ եւ անոր կարողութիւնը եւ հմտութիւնը ինչպէ՞ս պիտի յայտնուի։ Եւ ոչ ոք պիտի գիտնար, թէ այդպիսի բժիշկ մը գոյութիւն ունի։
Նոյնպէս, դարձեալ, եթէ Աստուած արարածներ ստեղծած չըլլար, ոչ ոք պիտի գիտնար, թէ կա՛յ Աստուած, երբ գոյութիւն չունենար մէկը, որ գիտնալու կարողութիւնը ստացած ըլլար։ Ուստի, որովհետեւ Ան ուզեց Ինքզինք ծանօթացնել եւ ցոյց տալ, թէ կա՛յ եւ գոյութիւն ունի Ինք, յօժարեցաւ ստեղծելու արարածներ եւ զանոնք Իր ծանօթութեան եւ ճանաչումին առաջնորդելու՝ որպէսզի վայելեն Իր բարերարութիւնը, սէրը եւ իմաստութիւնը։
Եւ Աստուած, մարդուն համար աշխարհի վրայ ինչ որ պէտք էր ըրաւ՝ զայն իբրեւ որդի խնամելու եւ հոգալու համար, փոխադարձ պահանջելով որ ան ճանչնայ զԻնք, ընդունի որպէս իր Արարիչը եւ հաւատարիմ ըլլայ իր կոչումին։
Արարչութիւնը, այս իմաստով, «պահա՛նջք» մըն էր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ