ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴԱՌԱՋ

Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ եռակողմանի ձեւաչափով բարձր մակարդակի քննարկումները յառաջիկայ օրերուն թափ պիտի ստանան։ Այսպէս, Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Չիքովանի պիտի ընդունի ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրն ու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Իրակլի Չիքովանի այս մասին տեղեկացուց՝ Թիֆլիզի մէջ Ատրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպովի հետ զրուցելու ընթացքին։

Բաց աստի, Պաքուի ղեկավարութեան հիւրընկալմամբ ալ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով մարտի 15-ին ժամադրուած են նոյնպէս Թիֆլիզի մէջ։ Սա պիտի ըլլայ այս 3 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ եռակողմանի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրները առայժմ հանդիպման օրակարգին մասին յստակ յայտարարութիւններ չեն ըրած, սակայն, ցարդ կատարուած աշխատանքի ընթացքին կարելի է հետեւցնել, որ այս 3 երկիրները կը շարունակեն հետեւողականօրէն աշխատիլ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս իրենց ձեւաւորած առանցքի ազդեցութիւնը պահելու համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024