ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՄԸ ՍԿԻԶԲԸ ԿԸ ՄԱՂԹԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՄԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան պահպանումը Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի։

Երէկ երեկոյեան, նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դիւանագիտական շրջանակներուն համար կազմակերպուած Իֆթարի սեղանին ընթացքին։ Այս առթիւ ան Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն անդրադարձաւ բազմակողմանիօրէն՝ մանրամասնօրէն կանգ առնելով Կազզէի պատերազմին եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վրայ։ Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն։

«Կը մաղթենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրումով նոր շրջան մը սկսի տարածաշրջանէն ներս», ըսաւ Էրտողան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024