ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ, ՈՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած Իֆթարի սեղանի մը։ ԱՔ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան մայրաքաղաքի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները կամ ներկայացուցիչները։ Բացի դիւանագիտական շրջանակներէն, այս երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, կուսակցութեան զանազան մարմիններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան անդամներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Նախագահ Էրտողան մի առ մի ձեռնուեցաւ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, որոնց շարքին էր նաեւ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Բոլոր հիւրերը ընթրիքի ընթացքին ունկնդրեցին նախագահ Էրտողանի ծաւալուն ելոյթին, որու ընթացքին ան կարեւոր պատգամներ տուաւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին կապակցութեամբ։
ԱՔ կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած Իֆթարի սեղանին ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Հաւաքոյթի ընթացքին ոտքի վրայ անմիջական զրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի միջեւ։
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024