ՊԱՀՔ ԵՒ ԱՂՕԹՔ
Մեծ պահքի երեսունմէկերորդ օրն է:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը շա՜տ գեղեցիկ կերպով իրարու կը կապէ պահքն ու աղօթքը: Հայրապետը կը գրէ. «Թոյլ է աղօթքը, եթէ այն պահքով ամրապնդուած չէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ աղօթած ատեն՝ մենք հոգեւորապէս Աստուծոյ կը նուիրուինք, իսկ պահեցողութեան ատեն թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ ալ մարմինով Աստուծոյ կը նուիրուինք, որով Աստուծոյ մատուցուած անուշահոտ ողջակէզ մը կ՚ըլլանք, եւ մեր զոհը կատարեալ կ՚ըլլայ»:
Պահեցողութիւնը, արդարեւ, մարմինի եւ հոգիի զօրացումն է, ամրացումն է, մաքրուիլն է: Իսկ աղօթքը որպէս մնայուն ընկեր ունեցող պահեցողութիւնը ո՛չ միայն մարդուն համար ամրութիւն է, այլ՝ ամուր բերդի կը վերածուի, որով մարդ ինքզինք կրնայ պաշտպանել չարի յարձակումներէն: Այս մասին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը կը գրէ. «Պահքը հզօր պարիսպ է եւ զօրաւոր դուռ, որ մեզ հեռու կը պահէ մեր խորամանկ թշնամիին վնասակար միտքերէն»:
Ոսկեբերան Հայրապետին գրածը կարդալով մեր միտքին մէջ անմիջապէս կու գայ Տէր Յիսուսի մէկ արտայայտութիւնը, որով պատասխանեց Իր աշակերտներուն, երբ անոնք չէին կրցած տղայի մը մէջէն դեւը հանել եւ հարցուցած էին Իրեն, թէ ինչո՞ւ չէին կրցած դեւը հանել: Տէրը պատասխանած է, թէ նախ եւ առաջ ձեր թերահաւատութեան պատճառով եւ բացատրած է, որ պէտք է հաւատք ունենան (տե՛ս Մտ 17.20): Տէր Յիսուս Իր խօսքը աւարտած է հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Բայց այս տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել» (Մտ 17.21):
Կառչինք հետեւեաբար պահեցողութենէն եւ աղօթքէն, գիտնալով որ անոնք մարդուն նոյնիսկ հրաշագործութեան կարողութիւն կու տան: Ո՛չ թէ այդ միտումով, այսինքն՝ հրաշագործելու կարողութեան համար պահք պահենք ու աղօթենք, այլ՝ հրաշագործելու կարողութեան կարելիութիւնը, թող դաստիարակ ու ազդարարիչ ըլլայ մեզի, թէ ի՜նչ մեծամեծ բաներ կրնան ընել աղօթքն ու պահեցողութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024