ՀԲԸՄ-Ի 28-ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս տարի 28-րդ անգամ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպեց ամրան երիտասարդական ծրագիր մը։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն քսանչորս երիտասարդներ մասնակցեցան այս ծրագրին։ Անոնք թէ՛ հայկական եւ թէ միջազգային հաստատութիւններէ ներս ջանացին զարգացնել իրենց արհեստավարժ փորձառութիւնը, նաեւ մասնակցեցան ընկերային գործունէութիւններու։ Դիւանագիտականէ սկսեալ մինչեւ բժշկական՝ զանազան հաստատութիւններու մէջ շփումներով ընթացաւ անոնց ծրագիրը, որ բնականաբար կ՚ընդգրկէր նաեւ համալսարաններ եւ այլ կառոյցներ։ Անոնք մէկտեղուեցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժներուն հետ՝ հետաքրքրական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ։
Նիւ Եորքի եւ շրջակայքին մէջ իրականացուած այս ծրագիրը երիտասարդներուն հնարաւորութիւն ընձեռեց ապագայի վերաբերեալ իրենց եռանդն ու ակնկալութիւնները բաժնել իրարու հետ եւ հաղորդ դառնալ աշխարհի այս մեծագոյն քաղաքներէն մէկուն միջավայրին, նաեւ այդ տպաւորութիւններուն լոյսին տակ վերաձեւաւորելու իրենց սպասումներն ու մտադրութիւնները։