ՈԼՈՐՏԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ԾՐԱԳՐԵՐ
Զուիցերահայ յայտնի գործարար ու բարերար Վահէ Կապրաշ այս օրերուն կ՚այցլէ Երեւան, ուր երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Վահէ Կապրաշ հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեց Վահէ Կապրաշի տնտեսական եւ այլ ուղղութիւններով Հայաստանէ ներս գործունէութիւնը։ Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկել ծրագրերու ընթացքն ու նպաստել նոր նախագիծեր կեանքի կոչելու աշխատաքներուն։ Վահէ Կապրաշ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ աշխոյժ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։ Ան վարչապետի նկատառման յանձնեց մանրամասնութիւններ՝ տարբեր ուղղութիւններով ձեռնարկած ծրագրերուն վերաբերեալ եւ անդրադարձաւ յառաջիկայ մտադրութիւններուն։
Իր կարգին, Վահագն Խաչատուրեանն ալ բարձր գնահատեց Վահէ Կապրաշի նախաձեռնութեամբ տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած ծրագրերը, որոնք մասնաւորապէս ժամանակակից գիւղատնտեսութեան բնագաւառէն ներս կիրառելի օրինակներ են։ Վահէ Կապրաշ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց, որ պիտի շարունակէ իր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանէ ներս զանազան ծրագրերու։
Հանդիպման ընթացքին Երեւանի մօտ Զուիցերիոյ փոխ-դեսպան Վերնէր Թութն ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց անտառային տնտեսութեան եւ սահմանամերձ գիւղերու զարգացման ուղղութիւններով ընթացիկ ոլորտային ծրագրերու եւ յառաջիկայ ձեռնարկներուն վերաբերեալ։
Նախագահական ապարանքի զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանեալներու ընկերային եւ մարդասիրական խնդիրներուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան հարցերու լուծման ուղղութեամբ զուիցերական կողմի օգնութեան եւ աջակցութեան ծրագրերու մշակման շուրջ։