ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՖՐԱՆՍԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի այցելել Ֆրանսա։ Այս ուղեւորութիւնը երգչախումբին տեսակէտէ կարեւոր զուգադիպութիւններու առիթ պիտի հանդիսանայ։ Արդարեւ, շաբաթ, մարտի 23-ին, Լուսաւորիչ երգչախումբը «Եոլճու» թատերախումբին հետ միասին Փարիզի մէջ պիտի ներկայացնէ «Կոմիտաս» նշանաւոր մենախաղը։ Այս ծրագիրը երկար ատենէ ի վեր Լուսաւորիչ երգչախումբի առաքելութեան հետ արդէն նոյնացած է եւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի սաները հետեւողականօրէն հաւատարմութիւն կը ցուցաբերեն անոր նկատմամբ։ Ուրախառիթ է, որ «Կոմիտաս»ը այս անգամ պիտի ներկայացուի Փարիզի մէջ։ Ձեռնարկը նախատեսուած է «Thèâtre du Gymnase Marie Bell»ի մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, «Կոմիտաս»ի ներկայացումէն օր մը վերջ՝ կիրակի, մարտի 24-ին, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը առիթէն օգտուելով Փարիզի արուարձաններէն Արնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ։ Սա այժմէն խանդավառութեան պատճառ դարձած է՝ մանաւանդ, որ այդ կիրակին կը զուգադիպի Ծաղկազարդի տօնին։

Լուսաւորիչ երգչախումբի ուղեւորութեան ընդառաջ, երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին այցելեց Արնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արէտ Թահմիզեան, որ հիւրընկալուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Սայաթ Կիւրիւնի կողմէ։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին կ՚անդամակցի։ Քննարկումներու ընթացքին վերջնական տեսքի բերուեցան Լուսաւորիչ երգչախումբի դէպի Փարիզ ուղեւորութեան մանրամասնութիւնները՝ յատկապէս Ծաղկազարդի Ս. Պատարագի երգեցողութեան կտրուածքով։

Հարկ է նշել, որ թէ՛ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան ողջունած են այս նախաձեռնութիւնը։ Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդն ալ այժմէն Արնուվիլի շրջանի հաւատացեալներուն տեղեկացուցած է, որ Ծաղկազարդի Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ, որ այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Լուսաւորիչ երգչախումբին տեսակէտէ յոբելենական շրջանին այսպիսի իրադարձութեան մը զուգադիպիլը, անշուշտ, յատկանշական է։ Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տեսակէտէ ալ այս իրադարձութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անոր շուրջ համախմբուած հաւատացեալներուն կարեւոր տոկոսը կը կազմեն նախկին թրքահայերը։

Ծաղկազարդի օրը, բացի տօնական արարողութիւններէն, նախատեսուած է նաեւ Արնուվիլի եկեղեցւոյ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Այս տօնական ճաշկերոյթին ընթացքին ալ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը կը նախատեսէ աշխարհիկ երգերու փունջ մը ներկայացնել։

Երէկուան այցելութեան առթիւ Արէտ Թահմիզեանին նուիրուեցաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի 90-ամեակի յուշամատեանը։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024