ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ 12-ՐԴ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ
Գարակէօզեան տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք կեանքի կոչուեցան խանդավառ պայմաններով։ Դպրոցի համալիրէն ներս «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» աշխատանոցներու երդիքին տակ տեղի ունեցան մտախաղերը։ Սա Գարակէօզեան տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ արդէն աւանդական դարձած նախաձեռնութիւն մըն է։ Միջվարժարանային մտախաղերը այս տարի 12-րդ անգամ կազմակերպուեցան՝ համագործակցութեամբ Թուրք ուղեղի խումբին եւ Թուրքիոյ մտախաղերու։
Համայնքային 12 վարժարանէ 36 աշակերտ մասնակցեցաւ ծրագրին՝ անհատական ու խմբային ձեւաչափերու մէջ դրսեւորելով իր հմտութիւնները։
Մտախաղերը սկսան Գարակէօզեան տան փոխ-տնօրէնուհի եւ թուաբանութեան ուսուցչուհի Նատին Քասըմօղլու-Քազարի ողջոյնի խօսքով։ Թուրք ուղեղի խումբի խմբապետներէն Ֆերհատ Չալափքուլու եւ համաշխարհային մտախաղերու մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Գամէր Ալեանաք եւս մասնակցութիւն բերին ձեռնարկին։
Բարձր տրամադրութիւնով մրցակցութենէ մը վերջ՝ խմբային դասաւորման մէջ առաջին հորիզոնականը զբաղեցնելու իրաւունքը նուաճեց Գալֆաեան տան խումբը, որուն յաջորդեցին Սահակեան-Նունեան վարժարանն ու Պէզճեան Մայր վարժարանը։
Անհատական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Մելիք Եկէնեան (Գարակէօզեան), երկրորդ հանդիսացաւ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ (Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարան) եւ երրորդ՝ Քեթրին Տէյիրմենճի (Պէզճեան Մայր վարժարան)։
Մտախաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման հանդիսութիւն մը, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն մը։ Հաւաքոյթի ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը, որ պատրաստուած էր ի նշանաւորումն Գարակէօզեանի 12-րդ մտախաղերուն։
Թրքահայ կեանք
- 12/12/2024