ԴԱԺԱՆ ԶԷՆՔ

Կազզէի պատերազմը աւելի քան հինգ ամիսէ ի վեր ընթացքի մէջ է։ Ըստ ՄԱԿ-ի տեղեկագրերուն՝ այնտեղ սովը հասած է գագաթնակէտին։ Պաղեստինցիներ, որոնք կը ջանան դաժան պայմաններու մէջ վերապրիլ, արդէն պաշտօնապէս սովի վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուին։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ շեշտեց, որ Կազզէի բնակչութեան հարիւր տոկոսը սաստիկ ձեւով սնունդի անվտանգութեան տագնապի մը ենթարկուած է։ Այս ողբերգական տուեալները լայն արձագանգ կը գտնեն միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Մինչ այդ, Իսրայէլի զօրքերը թիրախաւորեցին այն տեղական խումբերը, որոնք Կազզէի կեդրոնին մէջ մարդասիրական օժանդակութիւնները տեղ հասցնելու համար ուղղորդելու կը պատրաստուէին։ Պաղեստինի 23 բնակիչ այս դէպքին հետեւանքով զոհուեցաւ։

Էնթընի Պլինքըն երէկ յայտարարեց, որ առկայ իրավիճակը ունի աննախընթաց բնոյթ։ Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ շեշտեց, որ ստեղծուած իրավիճակը բացառապէս եւ ամբողջութեամբ մարդոց ձեռքով ստեղծուած աղէտի մը համարժէք է։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Պլինքըն արդէն վեցերորդ անգամ դէպի տարածաշրջան կ՚ուղեւորուի՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր։ Թէ՛ հրադադար հաստատելու եւ թէ պատանդներու ազատ արձակուիլը ապահովելու առաջադրութեամբ ան հերթական անգամ ջանքեր պիտի գործադրէ։ Էնթընի Պլինքըն կը նախատեսէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունենալ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ։

Միջազգային աղբիւրները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Կազզէի պատերազմի պարագային Իսրայէլ սովը օգտագործել սկսած է՝ որպէս զէնք։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024