ԸՆՏԻՐ ՆՄՈՅՇՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս կարեւոր ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն ընտիր նմոյշներու արժեւորման առումով։ Այսպէս, Հիլլի ձեռագրաց թանգարանին կողմէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հաւաքածոյի թուայնացումը եւ ցուցակագրումը կատարուեցաւ: Սա հեղինակաւոր միջազգային մասնագիտական կառոյց մըն է, որու նախաձեռնութիւնը բացառիկ արժէք կը վերագրէ Պատրիարքարանի հաւաքածոյին։
223 ձեռագրերէն բաղկացեալ այս հաւաքածոն՝ սկսած 15-րդ դարէն ու հասած մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը, անգնահատելի սկզբնաղբիւր մըն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական կրօնական եւ ընկերատնտեսական կեանքին վերաբերեալ: Այդ ձեռագրերու շարքին են՝ գեղեցիկ նկարազարդուած աւետարաններ, պատկերազարդ պատարագամատոյցներ եւ աղօթամատեաններ, երաժշտական նշոյմներով շարակնոցներ, քարոզներ, մեկնութիւններ, սաղմոսներ, փիլիսոփայական երկեր, աստղագիտական գրուածքներու ու օրացոյցներու հետաքրքրական հաւաքածոներ։ Առանձնայատուկ են այն գիրքերը, որոնք կը ներկայացնեն Վենետիկի Մխիթարեանները՝ անոնց հրատարակութիւններով, լատիներէնէ դասական հայերէնի թարգմանուած քանի մը մեկնաբանութիւններով, Անատոլուի զանազան հայաբնակ շրջաններու աղքատներուն համար նուիրատուութիւններու արձանագրութիւններով հանդերձ։
Թուայնացեալ եւ ցուցակագրեալ ցուցանմոյշներու շարքին կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պատմութեան վերաբերեալ խումբ մը ձեռագրեր։ Այս վերջինները, ըստ երեւոյթին, Արշակ Ալպոյաճեանի (1879-1962) ձեռագրով արձանագրումներ են։ Բաղդատութեան համար հաւաքածոյին մէջ տեղ տրուած է նաեւ նոյն աշխատութեան տպագրուած տարբերակին։
(Քաղեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ)