ԱՐԵՒԱԳԱԼ ԵՒ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի ժամերգութեան։ Ներկայ էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի։ Երգեցողութիւնները կատարեցին ուխտաւոր դպիրներ։
Յաւարտ Արեւագալի ժամերգութեան քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Քարոզէն ետք, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան մկրտութեան աւազանէն վերաբերեց Սրբալոյս Միւռոնի Աղաւնին եւ Նորին Ամենապատուութիւնը օծեց Տիրամօր ու Յիսուս Մանուկի եւ խաչելութեան սրբանկարները: Հիւանդներու բժշկութեան համար կատարուեցաւ նաեւ խաչահանգիստ:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սեղան։ Այս փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան տարեդարձը նշուեցաւ եւ այս առթիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը։ Աւելի վերջ կարկանդակ մը եւս հատուեցաւ՝ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանին վարդապետական չորս աստիճաններու շնորհման առթիւ։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ յիշուած է իր ծննդեան տարեդարձը: Ապա ան գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք եկեղեցւոյ ի նպաստ կը ծառայեն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ նաեւ, որ վարդապետական գաւազանի տուչութենէն անմիջապէս ետք, Մայր Աթոռի մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հայր սուրբին նուիրած էր ականակուռ լանջախաչ մը, նոյն առթիւ ինք եւս նուիրեց իր իսկ վարդապետական լանջախաչը եւ հայր սուրբին մաղթեց, որ գաւազանը ծաղկած մնայ եւ նոյն կորովով շարունակէ ծառայութիւն մատուցել:
Գուրուչէշմէի թաղային խորհուրդի անդամները յուշանուէր մը յանձնեցին հայր սուրբին։ Ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու համայն Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ ընտանիքի անունով շնորհաւորեց եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց հայր սուրբին:
Իր կարգին, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած են իր կազմաւորման մէջ:
Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան արտասանած աղօթքով: