ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻ՜ՒՆ…
Քրիստոնեան ստուգիւ այն անձն է, որ գիտէ համբերել։ Պօղոս առաքեալ համբերութիւնը առընչակից կը ներկայացնէ սիրոյ. «Սէրը կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի». (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 7)։ Արդարեւ, «համբերութիւն»ը՝ Սուրբ Հոգիին պտուղներէն մին է։ Հոգին մարդուն կեա՛նքն է եւ ուրեմն համբերութիւնը անբաժա՛ն է կեանքէն։ Հոգիին պտուղները կատարելութիւններն են, զորս կը կազմէ մարդուս մէջ Սուրբ Հոգիին իբրեւ երեխայրիք յաւիտենական կեանքին։
Համբերութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ աղօթքի կեանքին մէջ. հարկ է մի՛շտ աղօթել առանց յոգնելու՝ «հաւատքի համբերութեամբ»։ Այս իմաստով «համբերութիւն»ը կ՚ենթադրէ սպասելու եւ տոկալու կարողութիւն։ Համբերութիւնը՝ մինչեւ վերջ խաղաղ սպասել է։ Համբերութիւնը յարատեւութիւն եւ տոկունութիւն կ՚ենթադրէ։ Արդարեւ, Հայրը «կը համբերէ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի». (Բ ՊԵՏ. Գ 9)։
Կան ոմանք որ կը սպասեն՝ անձկութեամբ կը նային ապագային, որովհետեւ ներկան չի գոհացներ զիրենք։
Անոնք որ կը տառապին եւ դժգոհ են ներկայէն, կը սպասեն ապագային։ Այս սպասման ընթացքին մարդուն տրամադրութիւնը կ՚որոշէ համբերութեան զգացումը։ Այն որ համբերութիւն ունի, ան խաղաղ կերպով կ՚ապրի սպասման ընթացքը։ Համբերութիւնը խաղաղութիւն կը ստեղծէ։
Սակայն հարցը հոս չի վերաբերիր անձնամէտ սպասումին, որ կ՚ակնկալէ վաղուան մէջ գտնել այն՝ ի՛նչ որ իր այսօրը կը զլանայ։ Խօսքը կը վերաբերի անոնց՝ որոնք կը փնտռեն եւ կը տառապին, քանի որ ծարաւը ունին «ճշմարտութեան» եւ քաղցը «արդարութեան», որոնք իրենց շուրջ կը տեսնեն չարիք, անձնասիրութեան, ինքնակեդրոնութեան եւ ապականութեան։ Եւ անո՛նք են իրական «սպասող»ները…
Կան մարդիկ, որոնց համար, ըստ աշխարհի, կարելի է ըսել, թէ «երջանիկ» են, մարդեր՝ որոնց չեն պակսիր ուժ, հարստութիւն, տաղանդ եւ բոլոր այն բաները վերջապէս, որոնք կը քաղցրացնեն կեանքը։ Բայց երբ կը մտածեն Յիսուսին եւ Անով ըմբռնուած կեանքին, կը զգան, թէ իրենց ունեցած բոլոր բաները չեն կրնար զիրենք գոհացնել. կայ բան մը, որ կը պակսի իրենց այս ամէնուն մէջ եւ այս բոլորէն վեր, եւ անոնք կը սպասեն այդ բանին, այն երկնային թագաւորութեան՝ որ աւելի՛ կ՚արժէ աշխարհը՝ երկրայինը կազմող ամէն իրողութենէն։
Ուստի, եթէ մարդուն սիրտը կարենար սիրել աւելի մեծ, աւելի ուժգին, անկեղծ սիրով, եթէ բոլոր տառապանքները եւ անարդարութիւնները, անիրաւութիւնները տագնապեցնէին իր միտքը եւ խիղճը, պիտի չսպասէին համբերութեամբ գալիք մխիթարութեան եւ բարիքներուն։
Սակայն, անկեղծ ըլլալու համար, քիչեր ունին այդ համբերութիւնը սպասելու՝ բարեբեր վախճանին։
Ողորմածութեան գործերը բարեսիրական արարքներն են, որոնցմով մարդ օգնութեան կը հասնի իր մերձաւորին՝ անոր մարմնական եւ հոգեւոր կարիքներուն մէջ։ Ուսուցանել, դաստիարակել, խրատել, մխիթարել, արիացնել՝ հոգեւոր ողորմածութեան գործեր են, ինչպէս նաեւ ներել եւ հանդուրժել համբերութեամբ։ Մարմնաւոր ողորմածութեան գործերը կը կայանան մանաւանդ սնուցանելու մէջ քաղցեալները, բնակութիւն տալու տնանկներուն, անպատսպարաններուն, անոքներու, զգեստաւորելու մերկանդամները, այցելելու հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն, թաղելու մեռեալները. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31-46)։
Այս արարքներուն շարքին՝ աղքատներուն տրուած ողորմութիւնը մէկն է եղբայրսիրութեան գլխաւոր վկայութիւններէն. ան նաեւ արդարագործութիւն է, որ հաճելի է Աստուծոյ. (ՄԱՏԹ. Զ 2-4)։ «Ո՛վ որ երկու զգեստ ունի՝ մէկը չունեցողին թող տայ եւ ո՛վ որ կերակուր ունի՝ նոյնպէս ընէ». (ՂՈՒԿ. Գ 11)։
Մարդիկ, հաւանաբար պիտի ըսեն, թէ Աւետարանը կորսնցուցած է այլեւս իր ուժը, զօրութիւնը եւ ազդեցութիւնը եւ ատոր որպէս ապացոյց պիտի տան Եկեղեցւոյ բաժանումը, դատարկութիւնը եւ անտարբերութիւնը ժողովուրդին ընդհանրապէս, Աստուծոյ Իր դատին լքումը, դարուն անհաւատութիւնը եւ մարդոց մեծագոյն մասի անաստուածութիւնը տարածուած է զանազան հոսանքներու տարուելով, ժամանակակից մոլորեցուցիչ գաղափարներու հետեւելով։ Հակառակ այս բոլորին, համբերութեամբ սպասել «Աստուծոյ օր»ը, որ պիտի գայ։
Երանի՜ անոնց որ պիտի տեսնեն «Աստուծոյ օր»ը, բայց առաւել երանի անոնց՝ որոնք համբերութեամբ կրնան սպասել այդ գերագոյն յոյսին, որոնց նայուածքը միշտ կ՚արեւոտի այդ սպասումէն։ Այդ յոյսին ամրութենէն յետոյ, կարեւորութիւն կը ստանայ հաւատքին մեծութիւնը։
Արդարեւ, յոյսին եւ հաւատքին իրականացման մէջ ուրախութեամբ կը յորդի հաւատացեալը, քանի որ իրականացած կ՚ըլլայ իր երազը՝ իր համբերութեամբ սպասման պտուղը։
Չկա՛յ երջանիկ վախճան առանց համբերութեան, եւ չկա՛յ խաղաղութիւն առանց ճշմարտութեան, եւ չկա՛յ ճշմարտութիւն առանց արդարութեան՝ առանց հաւասարութեան, առանց ազատութեան եւ վերջապէս, առանց սիրո՛յ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024