ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ «ՀԻՊՐԻՏ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»

«Հիպրիտ պատերազմ» արտայայտութիւնը վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած է: Բայց մեծ հաշուով՝ բոլոր պատերազմները միշտ ալ «հիպրիտ» եղած են: Բացի իրարու վրայ կրակելու ժամանակ հակառակորդները մշտապէս կը ձգտէին զիրար բարոյալքել, կամազրկել, ապակեդրոնացնել:

Օրինակ, Ն.Ք. 480 թուականին յոյներու դէմ պատերազմ սկսելէ առաջ պարսիկները կը յայտարարէին. «Եթէ մենք բոլոր աղեղները արձակենք, արեւը կը խաւարի»: Պատմութեան ողջ ընթացքին պատերազմներէն առաջ եւ յետոյ պետութիւնները իրարու կը սպառնային կատաղած փիղերով, կրակէ օձերով, թունաւոր ծուխով, հրանօթներով, քիմիական, աթոմային զէնքով, անօթաչու թռչող սարքերով եւ այլն:

Նպատակը պարզ է. կոտրել հակառակորդը (նախեւառաջ՝ հոգեբանօրէն), խոչընդոտել անոր հասարակութեան շարժման անցնիլը: «Փորձեցէք մեզ դիմադրել՝ մենք ձեզ կը ջարդենք, կ՚ոչնչացնենք», սա է «հիպրիտ պատերազմի» անբաժանելի մասը հանդիսացած քարոզչութեան հիմնական ուղերձներէն մին:

Բնական է, որ Ատրպէյճան մշտապէս, նաեւ այժմ այդ ուղերձը կը յղէ մեզ՝ հայերուս: Այսօրուայ առանձնայատկութիւնը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը մէկը մէկին կը կրկնէ այդ ուղերձը՝ համոզելով մեզ, թէ թշնամին դիւրութեամբ կրնայ մեր երկրէն գրաւել որեւէ տարածք: Եւ, հետեւաբար, անոնք պէտք է յանձնել առանց դիմադրելու: Իսկ այն, ինչ անոնք 2021-22 թուականներուն արդէն իսկ գրաւած են, պէտք չէ ետ ուզել, միեւնոյն է՝ չեն տար:

Ես պատմութեան մէջ չեմ գիտեր որեւէ երկրի որեւէ իշխանութիւն, որ կը կրկնէ հակառակորդի թեզերը՝ անոնց հակադրուելու փոխարէն: Այդ՝ յիրաւի աննախադէպ մօտեցումը կ՚ուղեկցուի համապատասխան «գաղափարական քարոզով», որու իմաստը հետեւեալն է. դուք պիտի չունենաք արժանապատուութիւն, սրբութիւններ, հաւատ, ազգային խորհրդանշաններ ու ինքնութիւն: Միակ բանը, որ դուք ունիք՝ «պետութիւնն» է, որու սահմանները յստակ չեն՝ անոնք կ՚որոշէ թշնամին եւ որու մէկ մասը արդէն յանձնած ենք Ատրպէյճանին, ուրիշ մասեր նոյնպէս պիտի յանձնենք: Միայն թէ Ռուսաստանէն կտրուինք եւ «նախկինները» չվերադառնան:

Այսպիսի պատումներով գուցէ հնարաւոր է որոշ ժամանակ խաբել քաղաքացիները կամ պահպանել աթոռները: Բայց հնարաւոր չէ պահպանել պետութիւնը:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024