ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Յաճախ կ՚ըսուի, թէ մարդ էակը միայն միսէ ու ոսկորէ կազմուած չէ, այլ ունի նաեւ հոգի եւ միտք։ Մարդ ինչպէս իր մարմնաւոր էութիւնը պահպանելու համար կարիքն ունի սնունդի, այնպէս ալ միտքն ու հոգին կարիքն ունին սնունդի՝ իմացական եւ զգացական առողջութիւնը պահելու համար։
Ինչո՞ւ կան երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը, շարժարուեստը, գրականութիւնը… Ի՞նչ օգուտ ունին անոնք, ինչպէ՞ս կը լրացնեն մարդկային հոգւոն դատարկութիւնները… Արուեստագէտի մը համար արուեստը կրնայ ըլլալ միայն ապրուստի միջոց, սակայն արուեստասէրներու համար անբաղդատելի նշանակութիւն կ՚ունենան իր արտադրածները։
Այսօր արուեստի մասին շատերու հայեացքը կը նմանի առանց ելեկտրականութեան տան մէջ գտնուող հեռատեսիլի մը։ Առաւօտեան ժամը 6-ին տունէն դուրս ելլելով, երեկոյեան ժամը 11-ին տուն վերադարձողներու, իրենց համար ժամանակ խնայելու առիթ չունեցողներու, աշխարհը կուրաբար դիտողներու համար արուեստը անհրաժեշտութիւն չէ։ Անոնցմէ շատեր չեն գիտակցիր արուեստի նշանակութեան, իմաստին, հաղորդածներուն, արձագանգածներուն… Ըստ անոնց, արուեստը աւելորդ աշխատանք մըն է։
Արուեստը կայ եւ կը շարունակէ մարդկութեամբ։ Մարդիկ պատերու, աւազի, քարերու եւ այլնի միջոցաւ պատմած են իրենց կեանքի մասին։ Մարդիկ արուեստի միջոցաւ կ՚արտայայտեն այնպիսի յոյզեր, մտածումներ, փորձառութիւններ, զորս անոնք չեն կրնար արտայայտել միայն բառերով։ «Արուեստը կայ, քանի որ աշխարհը կատարեալ տեղ մը չէ», ըսած է յայտնի բեմադրիչ Թարքովսքի։ Լաւ, գեղեցիկ բան մը տեսնել կամ ունկնդրել ձեւով մը կը թեթեւցնէ մեր տառապանքները, կը հանգստացնէ մեր հոգին, ներաշխարհը… Արուեստը մարդու հոգին կը սնուցանէ՝ որպէս մարդու յոյզերու, գաղափարներու արտայայտութեան, արտացոլման միջոց։ Արուեստը թէ՛ արտադրողներու եւ թէ անոր հետեւողներու համար մտատանջումներէն, ճնշուածութիւններէն ազատելու ելքի ճանապարհն մըն է։ Արդարեւ, արուեստագէտներ զգացական խորութեան տէր են եւ ունին զգայնութիւն ու այս բոլոր յատկութիւնները իրենց ստեղծագործութիւններուն վրայ ցոլացնելու հմտութիւն։ Արուեստագէտները իսկապէս կը գտնեն եւ կը բացայայտեն կեանքի այն մեղեդիները, որոնց այլ մարդիկ չեն կրնար անդրադառնալ, նաեւ զանոնք չեն տեսներ կամ չեն նկատեր։
Իսկ ինչո՞ւ մարդիկ ահնրաժեշտութիւնը կը զգան արուեստին։ Արուեստը կը փոխէ եւ կը հարստացնէ աշխարհը զգալու, անոր ծանօթանալու ձեւը։ Առանց արուեստի իմաստ մը պիտի չունենար ընկերային կեանքը եւ անտանելի պիտի ըլլային մարդկային ներաշխարհը ձեւաւորող բոլոր ապրումները, զգացումները, երեւոյթները։ Արուեստը մեզի պէտք է հասկնալու եւ պատմելու, տեսնելու եւ ցոյց տալու, լսելու եւ արձագանգելու համար։ Արուեստը խառն, տարատեսակ ու զանազան յոյզերու ամփոփումն է։ Երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը քանի մը երկվայրկեանի ընթացքին կրնան արթնցնել մեր յիշողութեան խոր անկիւնները թաքնուածները, զգացումները։ Այն ինչ որ արուեստի միջոցով կ՚արտայայտուի եւ կը ցոլանայ, զգացումներու անկեղծ եւ իսկական արտայայտութիւնն է։ Մարդոց զգացումները, ընդհանուր առմամբ, երբ անկեղծ են, անոնց մարմնաւորումը՝ արուեստը ձեւով մը կը համարուի իրականութեան հայելին, ճշմարտութեան արտացոլումը։ Արուեստագէտը նաեւ իր ապրած ժամանակաշրջանի պայմանները, ապրումները, երբեմն դիրքորոշումները կ՚արտայայտէ իր արտադրած արուեստով։
Արուեստը գոյութիւն ունի ցոյց տալու համար, թէ կեանքը շատ աւելի ընդարձակ է, քան մենք կը տեսնենք, կ՚ընկալենք կամ կը պատկերացնենք։ Կարճ խօսքով, կեանքը ենթակայականի եւ առարկայականի միջեւ փոխյարաբերութիւն է եւ սա կը պայմանաւորուի հինգ զգայարաններու խառնուրդով։ Այսինքն՝ մենք կը ճանապարհորդենք մեր երեւակայութեան, յիշողութեան խոր անկիւնները, երբ կը տեսնենք հաճելի, գեղեցիկ բան մը։ Մտածումներ, զգացումներ, դիտարկումներ, ընկալումներ ներառող արուեստի տիեզերքի մէջ կարելի չէ սահմաններ հաստատել եւ ըսել, թէ այն դռներ կը բանայ միայն նիւթական աշխարհի։
Բարձրագոյն նպատակը, որուն արուեստը կրնայ ծառայել՝ այն է, որ մարդիկ աւելի մանրամասն հասկնան կեանքը եւ խորապէս թափանցեն այլ մարդոց զգացումներուն, ապրումներուն եւ աւելի ու աւելի սիրեն կեանքը։ Արուեստի նպատակն է մեր հոգիներէն վերցնել, մաքրել առօրեայ կեանքի փոշին։ Արուեստի նպատակն է ներկայացնել ո՛չ թէ իրերու կամ մարդոց արտաքին տեսքը, այլ անոնց ներաշխարհը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024