Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովայի հետ։ Անոնք Ժընեւի մէջ կը գտնուէին Միջխորհրդարանական միութեան 128-րդ հաւաքի շրջանակներէն ներս։ Սիմոնեան-Կաֆարովա տեսակցութիւնն ալ կազմակերպուեցաւ՝ Միջխորհրդարանական միութեան նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սիմոնեան եւ Կաֆարովա քննարկեցին Երեւան-Պաքու հաշտութեան բանակցութիւններու գործընթացին երկու խորհրդարաններու հաւանական աջակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Երեւանէն հաղորդուեցաւ, որ հանդիպումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մէջ։
Շաբաթ, Մարտ 23, 2024