ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Աւագ երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրն է, եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։
Աւագ երեքշաբթին անուանուած է նաեւ «Յիշատակ տասը կուսանաց», որ սակայն ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի Քրիստոսի կատարած առաքելութեան հետ, պարզապէս առնուած է օրուան Աւետարանական ընթերցումներէն։ Օրուան շարականներն ալ ընդհանրապէս այս նիւթին մասին են։
Աւագ երեքշաբթի օր Եկեղեցին Տասը կոյսերու առակին կողքին նաեւ կը յիշատակէ Վերջին դատաստանին խորհուրդը, ջրհեղեղը եւ մարդկութեան կրկին անգամ սկիզբ առնելը։ Աւագ երեքշաբթին ստեղծագործութեան երրորդ օրը կը խորհրդանշէ եւ պատկերն է երրորդ ժամանակաշրջանին, երբ ջրհեղեղը ողողեց ամբողջ աշխարհը, Նոյի միջոցաւ մարդկային ցեղին վերսկզբնաւորումը եւ ատկէ ետք լեզուներու խառնակումը։
Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան (ներկայիս Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ) խօսելով տասը կոյսերու առակին մասին, այսպէս կը գրէ. «Բայց ամենակարեւորը այս ժամանակաւոր կեանքին մէջ՝ իմաստութեամբ ապրիլն ու յաւիտենականին համար պատրաստուիլն է: Առակը ցոյց կու տայ, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց երկրաւոր կեանքին մէջ չեն մտածեր յաւիտենականին մասին եւ բնաւ աշխատանք չեն տանիր այդ ուղղութեամբ պատրաստուելու, ապա մահը անակնկալ վրայ հասնելով զիրենք շփոթի պիտի մատնէ եւ անոնք անպատրաստ ըլլալով՝ պիտի չկրնան Փեսային հետ երկինք մուտք գործել:
Իսկ բոլոր անոնք, որոնք երկրաւոր իրենց կեանքը հաւատքով կ՚ապրին, ինչպէս նաեւ՝ աղօթքով, ծոմապահութեամբ, ամէնօրեայ Աստուածաշնչական ընթերցումով, աստուածային պատուիրաններուն մասին խորհրդածելով, առաքինի գործեր կատարելով, իրենց հոգեւոր փրկութեան մասին հոգալով, աստուածավախութեամբ, երկիւղով, եկեղեցի յաճախելով, հաղորդուելով, մեղքէն հեռու մնալով, եկեղեցւոյ ու կրօնի ուսուցումներուն հաւատարիմ մնալով եւ յօժարակամ բարեգործութիւններ կատարելով, միշտ Աստուծոյ փառք տալով ու Անոր կամքը հետապնդելով, ապա այդպիսիները, երբ Փեսան անակնկալ յայտնուի, այլ խօսքով՝ այս աշխարհէն դէպի անդենական փոխադրուելու ժամանակը գայ, անակնկալի պիտի չմատնուին: Արդէն իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին անոնք հոգեպէս պատրաստ, արթուն եւ զգաստ կեանք մը ապրած են եւ անհամբեր կը սպասեն այդ պահուն: Ահա թէ ինչու, երբ Փեսան գայ, զանոնք արթուն գտնելով՝ Իր հետ պիտի մտցնէ երկնային ուրախութեան եւ հարսանեկան սրահ, այսինքն՝ յաւիտենական արքայութիւն եւ կեանք, ուր յաւիտեանս յաւիտենից անհուն ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ արդարներու ընկերակցութեամբ պիտի շարունակեն իրենց կեանքը Աստուծոյ կենդանի ներկայութեան մէջ փառքով պարուրուած» (Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, «Աւագ շաբաթ», Անթիլիաս 2019, էջ 26-27):
Ստեփանոս Աւ. Քհնյ. Մանդինեանց այսպէս կը գրէ. «Երեքշաբթի օրը, ջրհեղեղի յիշատակն է, տասը կոյսերուն, քանքարները (տրուած դրամները) շահարկողներուն եւ քանքարները ծրարի պահող ծառային ահեղ դատաստանին, որով մեզի կը սորվեցնէ բարեգործութեան մէջ միշտ արթուն ըլլալ: Այս պատումներուն Գիրքն ու Աւետարանը կը կարդացուին», («Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 243):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Եկեղեցական
- 11/29/2024
- 11/29/2024
- 11/29/2024