ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՉԱՐԻՔ ՄԸ
Ամբողջական համոզումով կը հաւատանք, որ խօսքի ազատութիւնը մարդու տրուած մեծագոյն իրաւունքներէն մէկն է, սակայն հակառակ այս համոզումին կը հաւատանք նաեւ, որ մարդկութեան մեծագոյն չարիքներէն մէկը դարձեալ «խօսքի ազատութիւն»ն է. շատ շատեր այս երկու բառը որպէս վահան բռնելով սկսան գրիչ շարժել ու սխալը ճիշդին խառնելով հրապարակ դուրս եկան: «Խօսքի ազատութիւն»ը անոնց տուաւ կորով եւ ուժ՝ իրենց սխալ համոզումները աւելի ինքնավստահ բարձրաձայնելու եւ այդ սխալները սրբագրելու փոխարէն, աւելիով որպէս ճիշդ ընդունելու:
Նման անձերու այսօր շա՛տ կը հանդիպինք թէ՛ մամուլի, թէ՛ քաղաքականութեան եւ թէ մեր մարդկային կեանքէն ներս. անոնցմէ մին, մօտաւորապէս մի քանի շաբաթներ առաջ, բառարաններու փոշիներուն մէջէն մաշած բառեր դուրս բերելով կը փորձէր հիմնաւորել իր սխալ մտածումներն ու կարծիքները. ինքնավստահ ոճով մը կ՚ըսէր. «Քննադատութեան անձրեւը մարդուն կեանքը կ՚աւերէ ու ջրամոյն կ՚ընէ». անձը կը փորձէր ամէ՛ն գնով քննադատութիւնը ներկայացնել որպէս յոռի եւ վատթար երեւոյթ:
«Խօսքի ազատութեան» սահմաններուն մէջ մարդ ազատ է տարբեր կարծիքներ ունենալ, սակայն նման հաստատումներ սխալ կը նկատենք, որովհետեւ քննադատութիւնը «կործանարար» ըլլալէ հեռու եւ հակառակ՝ իր շահաւէտ ու նպաստաւոր կողմերը ունի: Պէտք է նկատի ունենալ, որ քննադատութիւնը նոր ծնունդ մը չէ՛ մեր գրականութեան եւ ընդհանրապէս մարդկային կեանքէն ներս եւ այս մէկը միայն հայ հասարակութեան յատուկ երեւոյթ մը չէ. բոլոր ազգերուն համար քննադատութիւնը ունի եւ ունեցած է իր յատուկ տեղն ու նշանակութիւնը:
Վերոյիշեալ անձը կը փորձէ երկուքի բաժնել քննադատութիւնը՝ որպէս պարզ քննադատութիւն եւ յորդառատ քննադատութիւն. այս նման է քիչ ճշմարտութեան եւ շատ ճշմարտութեան՝ մոռնալով որ ճշմարտութեան մէջ շատը քիչը գոյութիւն չի կրնար ունենալ. ճշմարտութիւնը մէկ է եւ քննադատութեան ճիշդ ու շիտակ իմաստը այդ ճշմարտութեան բարձրացումն է պարզապէս. անկէ դուրս գտնուող բոլոր նպատակները արդէն իսկ կը դադրին քննադատութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուին բամբասանքի՝ որ իր կարգին «կործանարար» է եւ ջրամոյն ընելու մեծ հաւանականութիւնը ունի: Պէտք չէ քննադատութիւնը ներկայացնել որպէս «գէշ» երեւոյթ մը, որովհետեւ քննադատութիւնը «երեւոյթ» մը ըլլալէ անկախ զարգացած եւ զարգացող ճիւղ մըն է՝ որ ունի իր կարեւոր արժէքը. մեր թուականէն 136 տարիներ առաջ՝ 1888 թուականին Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ լոյս տեսնող «Հանդէս Ամսօրեայ» պարբերաթերթի մարտ 1888 թիւին 41-րդ էջին մէջ կը կարդանք. «Քննադատութիւնն մամլոյն չափ նշանակութիւն ունի. վասն զի ամէն առանձնական դէպքերն համեմատելով եւ երբեմն կռուով ու հակառակութեամբ զանոնք զտելով, լուսաւորելով, բացայայտելով, ընդհանուր ճշմարտութիւնն յերեւան կը հանէ»« Ահաւասիկ, ճշմարիտ քննադատութեան մը նպատակը. պարզ կարելի է ըսել, որ մեր օրերուն գրեթէ մեռած է քննադատութիւնը եւ բամբասանքն ու զրպարտանքը ստացած են «քննադատութեան» զգեստ:
Ճշմարիտ քննադատութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ միտքի պայքար ու պատերազմ, կարենալ հաստատելու եւ փաստելու բոլոր այն համոզումները, որոնք պարտին ունենալ իրենց բացատրութիւններն ու տրամաբանական լուսաբանութիւնները: Այս պայքարին մաս կը կազմէ նաեւ բանավէճը, որուն նպատակը ո՛չ թէ զիրար վարկաբեկել է, այլ յուզող հարցի մը շուրջ վիճելով տրամաբանական ճամբան գտնել է:
Այսօր կ՚ապրինք «ով որ մեզ կը քննադատէ՝ մեր թշնամին է» համոզումով. մենք մեզ քննադատողը «թշնամի» կը տեսնենք՝ զանոնք որպէս սիրելիներ տեսնելու փոխարէն (եթէ ճշմարիտ քննադատութիւն է)։ Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը կ՚ըսէ. «Անկեղծ են բարեկամի տուած վէրքերը, բայց առատ են ատողի համբոյրները» (Առ. 27.6). մենք ամբողջութեամբ հակառակ՝ համբուրողները բարեկամ, իսկ քննադատողները ատող ու թշնամի կը նկատենք:
Մեր օրերուն վիճողները շատ են, սակայն քննադատողները քիչ. «անկեղծ վէրք»ը՝ քննադատութիւնը վերցուած է մեր մէջէն։ Քննադատութիւնը մարդկային պատմութեան ընթացքին մի՛շտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ, որովհետեւ մարդոց միտքերն ու համոզումները տարբեր կ՚ըլլան եւ այնքան ատեն որ գոյութիւն պիտի ունենայ այդ տարբերութիւնը՝ գոյութիւն պիտի ունենայ նաեւ քննադատութիւնը: Ներքին գոհունակութիւն ունենալու համար դուրս գրուած «քննադատութիւն»ները՝ քննադատութիւններ չեն, այլ պարզապէս խծբծանք մը՝ սեփական եսը գոհացնող եւ ո՛չ ճշմարտութիւնը լուսաբանող:
Վերոյիշեալ գրողը քննադատութիւնն ու քննադատները կը բացատրէ «այլոց վրայ մեղադրանքներու տարափ տեղացնող» որպէս։ Տրամաբանական փաստեր ու մտածումներ չունեցող քննադատութիւն մը՝ մանաւանդ մեղադրանքներու տարափ տեղացնող, պարզապէս բամբասանք ու ըսի ըսաւ է եւ ո՛չ քննադատութիւն, մանաւանդ որ գրողը կ՚ըսէ «շատ անգամ անոնց քննադատութիւնները ճշմարտութեան հետ աղերս չունին». ճշմարտութեան հետ աղերս չունեցող քննադատութիւն մը, պարզապէս չարախօսութիւն է, որ կը հրատարակուի «խօսքի ազատութիւն» կոչուած չարիքի անուան տակ:
Քննադատութիւնը տրամաբանութեան մարզանքն է. համոզումներու պայքարն ու անոնց յաղթանակը մարդու միտքը կը զարգացնէ, ինչպէս նաեւ հասարակաց ճիշդ մը գտնելու ճիգին կ՚առաջնորդէ:
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր մեզի պէտք են անաչառ, անձնական շահերէ զերծ ու բարեբեր քննադատութիւններ, որոնք կրնան լուսաւորել միտքերը, առաջ բերելով ամբողջական ճշմարտութիւն մը. եթէ պարզապէս վիրաւորական ո՛ճ մը պիտի ունենայ քննադատութիւնը, թող փոխուի անունը եւ ըսուի «բամբասութիւն», որովհետեւ այդ ոլորտին մէջ շա՜տ ունինք հսկաներ՝ որոնք բարգաւաճ դիրքեր կրնան նուաճել:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հաւատքի անուան տակ կատարուած խաբէութիւնները:
Պատասխան. Հաւատքի վրայ արմատացած խաբէութիւնները յաճախ կը բխին որոշ միտքերու եւ վարդապետութիւններու հանդէպ խոր համոզումներ ունենալէ, ուր անհատները առաջնահերթութիւնը կու տան հաւատքին՝ քան տրամաբանութեան եւ ճշմարտութեան: Այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդիկ շահագործեն մարդոց վստահութիւնը եւ վերածեն անձնական շահի: Հաւատքի, վստահութեան եւ ճանաչողական կողմնակալութեան քաոսը շատ անգամ կրնայ մարդիկը առաջնորդել խաբուելու, չկարենալ զանազանելով ճշմարիտ հաւատքին եւ շահագործման միջեւ եղած սահմանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024