ՎԱԽԸ՝ ԶԻՋՄԱՆ ԳՈՐԾՕՆ

«Stratfor» վերլուծական կեդրոնը վերջերս հերթական անգամ խոշորացոյցի տակ առաւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմ մը կրնայ ծագիլ, եթէ սահմանակից կարգ մը գիւղեր չվերադարձուին։ Այս յայտարարութեան լոյսին տակ վերլուծական կեդրոնը կը նշէ, որ վախը Երեւանը կը ստիպէ շարունակել զիջումները Պաքուին։

«Stratfor»ի փորձագէտները համոզուած են, թէ թէեւ Փաշինեանի յայտարարութիւնը չափազանցութիւն է, բայց կը մատնէ Հայաստանի վախի զգացումը Ատրպէյճանի հետ ռազմական գործողութիւններէ։ Հաւանաբար, այդ վախին բերումով Երեւան կը շարունակէ զիջել Պաքուի պահանջներուն առջեւ։ Պարզ չէ, թէ որքան արագ Հայաստան կը զիջէ այդ չորս գիւղերը, բայց, տարածքային զիջումը, ենթադրաբար, կը թողու Վերին Ոսկեպար եւ Սոֆուլու անկլաւները Ատրպէյճանի միակ տարածքը, որ դեռ կը գտնուի Հայաստանի վերահսկման տակ։ Սա պիտի նշանակէ սահմանազատման հարցին մէջ զգալի յառաջընթաց մը։

«Stratfor»ի մասնագէտները կը մատնանշեն, որ Հայաստան կը յուսար փոխանակել այդ չորս գիւղերը Ատրպէյճանի զօրքերու դուրսբերման հետ՝ շուրջ 200 քառակուսի քիլօմեթր հայկական տարածքէն, որ բռնագրաւուած է 2022 թուականին։ Հաւանաբար, Երեւան կը կարծէ, թէ սահմանազատման աւարտէն վերջ Պաքու այդ տարածքներէն կը հեռացնէ իր զօրքերը։

Վերլուծութեան մէջ մէջբերուած են նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի դէպի Հարաւային Կովկաս վերջին այցելութեան ժամանակ հնչած յայտարարութիւնները։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2024