ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի կառավարութիւնը Կազզէի բնակչութեան համար մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկած է։ Պատերազմէն ի վեր աղէտի ենթարկուած Կազզէի բնակչութեան աջակցելու նպատակով Հայաստանէն բեռնատար օդանաւ մը ուղարկուած է Եգիպտոս։ Աւելի քան 30 թոն մարդասիրական օժանդակութեան խմբաքանակը կ՚ընդգրկէ սնունդ, դեղօրայք եւ բժշկական պարագաներ։

Գահիրէի մօտ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեան տեղւոյն վրայ աշխատանք կը տանի, որպէսզի Եգիպտոս հասած օժանդակութիւնը յառաջիկայ օրերուն անմիջապէս հասցուի Կազզէին։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024