ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՊԱՀՔ

Այժմ ձեռքիս մէջ ունիմ Յ. Նալբանդեանի կողմէ մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 1939 թուականին Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Մեր լեզուն» հայերէն լեզուի դասընթացք աշխատութեան Բ. գիրքը։ Դասագիրքը աչքէ անցընելով հասկնալի կը դառնայ, որ այս գիրքին նպատակը հայերէն լեզուն սորվեցնելու կողքին կ՚ուզէ աշակերտութեան մէջ սերմանել հայու ոգին եւ անոնց մէջ արթնցնել հայու արժանապատուութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն մը. այս մէկը գովելի կը գտնենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ դպրոցները հայ աշակերտներուն քերականութիւն եւ թուաբանութիւն տալէ անկախ այդ ոգին պարտի փոխանցել՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ:

Այդ համոզումով դասագիրքի հեղինակը եւս իր այս աշխատութեան երկրորդ գլխուն մէջ որպէս «Դաս 2» այդ ոգին է, որ կը փորձէ փոխանցել։ Դասի վերնագիրն է «Հայրենիքը», ուր մանուկներու հասկնալի ըլլալու համար պարզ ու յստակ լեզուով կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Մէկ ծնողքէ սերած եղբայրներ միայն զիրար չեն սիրեր, այլ՝ անոնք կ՚օգնեն իրարու երբ նեղութեան մէջ տեսնեն զիրար: Եղբայր մը մինակ իրեն համար չ՚աշխատիր, կ՚աշխատի նաեւ իր եղբօր համար: Միշտ մեծը կ՚օգնէ պզտիկին, միշտ բարօրութեան մէջ եղողը օգնութեան կը հասնի նեղութեան մէջ եղողին: Այնպէս ալ՝ Հայրենիքի մը զաւակները ո՛չ միայն զիրար սիրելու են, այլ նաեւ իրարու օգնելու, իրարու համար աշխատելու են»։

Այս տողերուն դիմաց ակամայ կը հասկնամ, որ ո՛չ միայն իրար չենք օգներ, նոյնիսկ չենք սիրեր... կար ժամանակ՝ երբ հայը հարազատ էր հայուն: Մենք այսօր մեր արիւնակիցը որպէս եղբայր ու հարազատ չենք տեսներ եւ օգնելու փոխարէն ամէ՛ն յարմար առիթ կը փնտռենք՝ մեր շահերուն համար զիրենք հարուածելու. պարզապէս հայը հայուն օտար է այսօր եւ բարոյական ո՛չ մէկ կապուածութիւն ունի. հեղինակը շարունակելով իր ուսուցումը կ՚ըսէ.

«Հայրենիքը մեծ ընտանիք մըն է, որուն անդամներն են ազգին բոլոր անհատները: Ինչպէս որ ընտանիքի մը բոլոր անդամները, հայր, մայր, քոյր, եղբայր զիրար կը սիրեն, իրարու կ՚օգնեն, նոյնպէս ալ ազգի մը բոլոր անդամները պէտք է սիրեն զիրար եղբօր պէս եւ պէտք է օգնեն իրարու: Երբ ընտանիքի մը մէջ սէր ու միութիւն չկայ, այդ ընտանիքը դժբախտ կ՚ըլլայ ու կը քանդուի. նոյնպէս ալ երբ ազգի մը մէջ սէր, միութիւն, փոխադարձ օգնութիւն չկայ, այդ ազգը դժբախտ կ՚ըլլայ եւ ի վերջոյ կը կորսուի աշխարհի երեսէն: Բոլոր հայերը պէտք է զիրար սիրեն»:

Եթէ այս խօսքը ճշմարիտ են, ապա մե՛նք՝ հայերս կորսուելու դատապարտուած ժողովուրդ մըն ենք, որովհետեւ վերոյիշեալ բոլոր բարոյական պարտաւորութիւնները՝ զիրար սիրելը, միութիւնը, փոխադարձ օգնութիւնը գոյութիւն չունի մեր մէջ եւ հետեւաբար ենթակայ ենք քանդումի եւ աշխարհի երեսէն կորսուելու: Կա՞յ միջոց մեր ազգին մէջ դարձեալ յարութիւն տալու յիշուած արժէքները՝ որով կ՚ապահովուի ազգի մը գոյութիւնը։ Ինչքա՜ն երանելի պիտի ըլլար այսօր գործող բոլո՛ր դպրոցներուն մէջ կասեցնել քերականութեան ու հայերէն լեզուի կապուած բոլոր դասընթացքները եւ փոխանցել 85 տարիներ առաջ մեզ իրերօգնութեան, միութեան ու եղբայրութեան հրաւիրող վերոյիշեալ դասընթացքը: Հայերէն լեզուն սորվեցնելը՝ առանց հայ ըլլալու ոգիին՝ անիմաստ կը նկատենք, սակայն կը տեսնենք, որ մերօրեայ նոր սերունդը ո՛չ հայերէնը գիտէ եւ ո՛չ ալ այդ ոգին ունի. այսօր մենք ունինք բազմաթի՜ւ կորսուած ոչխարներ. անոնք Աստուածաշունչի մէջ յիշուած մէկ ոչխարին չե՛ն նմանիր. թիւը անհաշիւ է. չունինք նաեւ հովիւներ՝ որոնք երթան ու յաջողին գտնել այդ ոչխարները:

Այսօր հայերէն լեզուի դասընթացքներուն հետեւեալ հարցերուն շուրջ պէտք է մտածեն մեր մանուկները.

Ա.- Ո՞րն է մեր հայրենիքը:

Բ.- Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մեր հայրենիքին:

Գ.- Ի՞նչ կը հասկնանք հայրենիք պաշտպանել ըսելով:

Դ.- Օտար հողի վրայ ծնելով, մենք հայ ենք՝ թէ ոչ արաբ, ամերիկացի կամ ֆրանսացի:

Ե.- Ինչպիսի՞ զգացում է հայրենասիրութիւնը:

Զ.- Հայրենասիրութիւնը ի՞նչ զոհողութիւններ կը պահանջէ:

Է.- Ի՞նչ է հայկական մշակոյթը:

Հարցերու շարքը կարելի է անվերջ երկարել, որովհետեւ մեր նոր սերունդը այսօր հայերէն այբուբենի կողքին պէտք ունի հայրենասիրութեան շունչով լեցուելու:

Հայրենասիրութեան այդ ոգին բացակայելէն ետք ո՛չ մէկ իմաստ ունի սորվիլ որոշիչ եւ անորոշ յօդերու մասին. ո՛չ մէկ իմաստ ունի սորվիլ հոլովումը, որովհետեւ լեզուն սնողը հայրենասիրութիւնն է եւ լեզուն կենդանի պահելու համար հայրենասիրութիւնը պէտք է կենդանի պահել, որովհետեւ անոնք որպէս հոգի եւ մարմին անբաժան են՝ կեանքի գոյութիւնը ապահովելու համար:

Այդ իսկ պատճառով հայերէնի ուսուցիչէ մը լոկ վկայական ու գիտութիւն մի՛ ակնկալէք. իր մէջի հայրենասիրութիւնը շա՛տ աւելի մեծ վկայական մըն է՝ քան բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու վկայականները: Մենք պէտք ունինք հայրենասիրութեան Մեծ պահքի մը՝ որպէսզի վերատեսութեան ենթարկենք մեր հայրենասիրութեան թերութիւնները՝ Քրիստոսի Յարութեան օրինակով տօնելու համար մեր ազգին՝ հայրենասիրութեան յարութիւնը, որ այժմ մեռելութեան մէջ կը գտնուի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի մէջ քանի՞ լեզու գոյութիւն ունի:

Պատասխան. Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող լեզուներուն ճշգրիտ թիւը գտնելը դժուար է, որովհետեւ կան բազմաթիւ լեզուներ, որոնք կ՚անհետանան: Սակայն լեզուաբանները ընդհանուր առումով համաձայն են, որ աշխարհի վրայ կայ մօտաւորապէս 7 հազար լեզու։ Կան լեզուներ, որոնք միլիոնաւոր գործածողներ ունին, իսկ կան նաեւ ուրիշներ, որոնք հազիւ մի քանի հոգի կը խօսին: Որոշ լեզուներ կը բարգաւաճին, սակայն ուրիշներ անհետացման վտանգը կը դիմագրաւեն: Ոչնչացման ենթակայ լեզուները փաստագրելը, պահպանելը եւ զանոնք վերակենդանացնելու ջանքերը մեծ կարեւորութիւն ու նշանակութիւն ունին աշխարհի լեզուական բազմազանութիւնը պահպանելու եւ յատուկ մշակոյթները պահպանելու համար:

ԾԱՆՕԹ՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը Արեւմտահայերէնը նկատած է ոչնչանալու վտանգը դիմագրաւող լեզուներէն մին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024