ԼՐՋԱԽՈՀ ԲԱՅՑ Ո՛Չ ԽՈԺՈՌԱԴԷՄ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ կան շատ մը ազնիւ հոգիներ՝ որոնք փորձութենէ ծանրապէս ճնշուած, գրեթէ ընկճուելու մօտ են իրենց «Ես»ին եւ «չար»ին զօրութիւններուն դէմ պայքարելու համար։ Բայց պէտք չէ՛ յուսահատութեան մատնուին այդպիսիները իրենց տաժանելի պայքարին մէջ, այլ քաջալերուելու են՝ խրախուսիչ, յուսատու խօսքերով՝ որպէսզի իրենց ճամբուն մէջ յառաջ մղուին անոնք։ Համոզուիլ՝ քաջալերուելու նախապայմա՛նն է։
Ահա՛ այս կերպով է, որ Քրիստոսի լոյսը կրնայ ճառագայթել մարդ հոգիէն։ «Մեզմէ մէկը իրեն համար չ՚ապրիր» (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 7)։ Մարդուն անգիտակից ազդեցութեամբը ուրիշներ կրնան խրախուսուիլ եւ զօրանալ, կամ վհատիլ եւ հեռանալ Քրիստոսէն ու ճշմարտութենէն։
Շատեր կան որ սխալ գաղափար ունին Քրիստոսի կեանքին եւ նկարագրին վրայ։ Անոնք կը կարծեն, թէ Ան զո՛ւրկ էր շէնշող բնաւորութենէ, եւ թէ խստաբարոյ էր եւ անզուարթ, խոժոռ։ Բազմաթիւ պարագաներու մէջ՝ բովանդակ կրօնական փորձառութիւնը այս մութ գոյներով է, որ կը նկարուի…։ Յաճախ կ՚ըսուի, թէ Յիսուս կու լար, այլ չի գիտցուիր, թէ Ան երբեք ժպտած ըլլայ։ Արդարեւ Յիսուս «վիշտերու մարդ» մը եղաւ՝ ու ցաւերու տեղեակ, քանի որ Ան մարդոց բոլոր տառապանքներուն կը բանար Իր սիրտը։
Այս խորհրդածութիւնները եւ կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տան, թէ ժպտերես ըլլալ կամ խոժոռադէմ ըլլալ անկեղծ ըլլալու հարց մըն է։ Արդարեւ ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ մարդու մը իւրայատուկ նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը կարելի է հասկնալ, մեծ մասամբ իր դիմագիծէն, դէմքի արտայայտութենէն։ Անշուշտ հոս չենք խօսիր այն «դիմակաւոր»ներու մասին՝ որոնք արտաքին կե՛ղծ երեւոյթով կը ներկայանան իրենց շուրջիններուն։ Արդարեւ, այդպիսիներու դիմակազերծ եղած վիճակը՝ ճշմարիտ դէմքը պէտք է նկատի առնել զանոնք հասկնալու, ճանչնալու համար…։
Ուրեմն մարդ անկեղծ ըլլալու համար՝ պէ՛տք է երեւի այնպէս՝ ինչպէ՛ս որ է եւ ի՛նչ է իրականին մէջ։
Այս իմաստով սուտ ժպիտը շատ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար է, քան խոժոռ դէմք մը։
Եւ սակայն կեանքի ցաւալի՜ փորձառութիւնները մարդուս միշտ ցոյց կու տան, թէ մարդիկ անկեղծ չեն վարուիր իրարու հետ. միշտ ծածուկ, միշտ պահուած բան մը կայ խօսքերուն մէջ՝ որոնք չեն համապատասխաներ իսկական խորհուրդին եւ անոնց գործերուն մէջ՝ որոնք չեն համակերպիր խօսքին, խօստուածներուն։
Եւ հոս ո՜րքան մեծ արժէք կը ստանայ աւետարանական սա պատգամը՝ թէ մարդոց այոն պէտք է ըլլայ «այո՛» եւ ոչը՝ «ո՛չ»։ Արդարեւ կան շատ թիւով մարդիկ՝ որոնք խորհած որեւէ բան կը յեղաշրջեն եւ իմաստը բոլորովին փոխուած, այլայլուած կ՚արտայայտեն, սուտ կամ սխալ կը խօսին։ Կան նաեւ, որ կը խօսին եւ բոլորովին հակառակ կը գործեն։
Ոմանք «խորամանկութիւն» կը համարեն խօսքը շեղել, փոխել, եւ շատ անգամ յարգ կը ստանան խորամանկ մարդիկ։ Մինչդեռ «խորամանկութիւն» իր իսկական իմաստով կը նշանակէ՝ շարահնար արուեստ, խաբէութիւն, կեղծաւորութիւն, նենգութիւն։ Եւ ո՜վ կ՚ուզէ այս իմաստով «խորամանկ» ըլլալ…։ Երբ մարդ կը ծածկէ իր բուն նպատակը, կ՚ընտրէ ճամբաներ, որոնք շիտակ չեն եւ կը սխալեցնեն թէ՛ ենթական եւ թէ շուրջինները։
Բայց անկեղծօրէն խոստովանինք, ո՛չ ոք զերծ է այս մոլութենէն՝ քիչ կամ շատ, գրեթէ ամէն մարդ «խորամանկութիւն» ընել կը փորձէ իր կեանքին մէջ, քանի որ մարդ այսպէս հասած է, իր ծիներուն մէջ քանդակուած է այս մոլութիւնը։
Կարելի՞ է փրկուիլ անկէ։ Երանի՜ թէ կարելի ըլլար…։
Յաճախ կը կրկնենք. լրջամիտ ըլլալ երբեք «խոժոռադէմ» չի՛ նշանակեր։ Եւ դարձեալ կ՚արժէ յիշել հոս Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի շատ իմաստալից սա խօսքը՝ թէ ժպիտը մաքուր խղճի մը եւ անկեղծ սրտի մը արտայայտութի՛ւնն է։ Այս ուղղութեամբ՝ խոժոռադէմ մարդը «լուրջ մարդ» չէ՛, քանի որ լրջութիւնը արտաքին տեսքի հարց մը չէ, այլ՝ պարտաճանաչութեան, կոչումին հաւատարմութեան նշան մը, յայտնութի՛ւն մը։ Ոմանք կը կարծեն, թէ «լուրջ մարդ» ըլլալու համար խոժոռադէմ ըլլալու է. կան ի՜նչ խոժոռադէմ մարդիկ՝ որոնց ներքին աշխարհը ա՛յդքան անկայուն է եւ եթէ ճանչնաք զիրենք, ո՛րքան անվստահելի…։ Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ ժպտերես մարդիկ շատ աւելի՛ վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շուրջիններուն, քան խոժոռադէմ եւ «լուրջ երեւելու» մտահոգութեամբ անդիւրահաղորդ մարդիկ։ Ժպտերես մարդիկ մարդամօտիկ եւ դիւրամատչելի են եւ անոնք միշտ կը յարգեն մարդկային արժանապատուութիւնը։
Այս շեղումէն ետք՝ Յիսուսի մասին սխալ կարծիքները կարելի է աւելի լա՛ւ հասկնալ։
Թէպէտ անձնուաց եղաւ Յիսուսի կեանքը, ցաւով եւ հնհնուքով մթագնած, բայց Անոր ոգին երբեք լքուած չէ՛ր։ Յիսուսի դէմքը դժգոհութիւն եւ տրտունջ չէ՛ր արտայայտեր երբեք։ Այլ անոր դէմքը միշտ խաղաղասէր, հանդարտ երեւոյթ մը կը պարզէր։
Խաղաղութեան եւ հանդարտութեան մարմնացում մըն էր Ան։ Անոր սիրտը աղբիւր մըն էր կեանքի, եւ ո՛ւր որ կ՚երթար, Իր հետ կը տանէր խաղաղութիւն եւ հանգիստ, ուրախութիւն եւ երջանկութիւն։
Յիսուս խորապէս լրջախոհ էր, այլ՝ երբե՛ք տխուր եւ խոժոռադէմ։ Անոր նմանողներ պէ՛տք է լուրջ նպատակով տոգորուին եւ անհատական պատասխանատուութեան խորին զգացում ու գիտակցութիւն մը ունենան։ Ամէն թեթաւամտութիւն, անտարբերութիւն պիտի զսպուի, եւ աղմկալից ցնծութիւն ու կոպիտ կատակաբանութիւններ վերջ պիտի գտնեն իրենց քով։ Քրիստոսի կրօնքը մարդոց կը պարգեւէ խաղաղութիւն մը՝ գետի՜ նման։ Ան չի՛ մարեր ուրախութեան լոյսը, չ՚արգիլեր զուարթութիւնը, ոչ ալ պայծառ ու զուարթ դէմքը կը մթագնէ։ Լրջախոհ ըլլալ դէմքը մթագնեցնել չի՛ նշանակեր, այլ պայծառ ու զուարթ երեւոյթը վստահութիւն կը ներշնչէ եւ մարդ ինքզինք շատ աւելի ապահով կը զգայ։ Դժգոհութիւնը եւ տրտունջը դէմքին վրայ ցոլացնել լրջամտութեան ապացոյց չէ՛ երբեք։
Արդարեւ Քրիստոս չեկաւ սպասաւորութիւն կամ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու եւ սպասաւորելու, եւ երբ Անոր սէրը տիրապետէ մարդուն սրտին մէջ, այն ատեն մարդ երջանիկ պիտի ըլլայ։
Երանի՜ հասկնայինք, իւրացնէինք Յիսուսի վարդապետութեան էակա՛ն սկզբունքները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 31, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024