ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՐՈՅ ԳՐԱՒԱԿԱՆ
«Սիրեցէք զմիմեանս...»
(Յովհ. ԺԳ.34)
Այս օրերուս, երբ կը պատրաստուինք տօնել Աստուածորդիին Հրաշափառ Յարութիւնը, մարդ երբեմն-երբեմն մտածումներու գիրկը իյնալով, կը սկսի մտածել իր ներքին ապրումներուն եւ զգացումներուն մասին: Երբեմն ալ ինքն իրեն կը հարցնէ, արդեօք բաներ մը կը զգա՞յ:
Մեր մեծերուն՝ աւագ սերունդին, մանկութիւն չունեցող սերունդին պատմածներուն երբ ականջ կու տանք, կը նկատենք, որ ուրախութիւն եւ հոգեւոր խրախճանք կը բուրեն իրենց պատմածներն ու վկայութիւնները: Իսկ մենք՝ ԻԱ. դարու մարդիկս, ի՞նչ պակաս ունինք անոնցմէ: Պակա՞ս ունինք կամ ընդհակառակը՝ ամէն առաւելութիւններով օժտուած ենք:
Ամէն արդիականութիւն, ամէն առաւելութիւն, ամէն պայման ունինք մեր տրամադրութեան տակ: Սակայն մեզմէ կը պակսի այդ ներքին ուրախութիւնը, անկեղծ ապրումները:
«Եթէ խօսիմ մարդոց եւ հրեշտակներուն լեզուներով, բայց սէր չունենամ, կը նմանիմ պղինձի մը՝ որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներու՝ որ կը ղօղանջեն» (Ա. Կորնթ. ԺԳ.1)։ Այսպէս կը սկսի Պօղոս առաքեալի Կորնթոսի հաւատացեալներուն գրած առաջին նամակի ԺԳ. գլուխը, որուն որպէս ենթախորագիր դրուած է «Օրհներգ սիրոյ» կամ «Սիրոյ ճառը» անունը: Այս եւ յաջորդ համարներուն մէջ առաքեալը այնքան դիպուկ բառերով կը բացատրէ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կամ առանց սիրոյ ամէն ինչի ոչինչ ըլլալը:
Յետոյ կը բացատրէ, թէ սէրը համբերող է, քաղցր է, չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, չի յանդգնիր, իրենը չի փնտռեր, չի գրգռուիր, չար բան չի մտածեր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ կ՚ուրախանայ ճշմարտութեան վրայ, ամէն բանի կը դիմանայ, ամէն բանի կը հաւատայ, ամբողջապէս կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ (Ա. Կորնթ. ԺԳ.4-7):
«Սէր» բառը Աստուածաշունչ մատեանին մէջ արձանագրուած է 170 անգամ, իսկ «Սիրել» բայը՝ 400 անգամ:
Սուրբ Աւետարանը այնքան դիպուկ բառով կը նկարագրէ սիրոյ պակսելուն, նուազելուն պատճառը. «Անօրէնութեան բազմանալուն պատճառով շատերուն սէրը պիտի ցամքի» (Մատթ. ԻԴ.12):
Իր երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին՝ Աւագ շաբաթին, Վերջին կամ խորհրդաւոր ընթրիքի աւարտին Տէր Յիսուս «Նոր պատուիրան» մը տուաւ իր աշակերտներուն. «Նոր պատուիրան կու տամ ձեզի, որ սիրէք զիրար. ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ սիրեցէք զիրար։ Եթէ դուք զիրար սիրէք՝ ատով ամէնքը պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յովհ. ԺԳ. 34-35): Այս է Նազովրեցի Վարդապետին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուէրը՝ ուղղեալ իւրաքանչիւրիս. Սիրել:
Այս տարի, երբ կը նշենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի 850-ամեակը, եկէք յիշենք իր «Աղօթական երգ»ի՝ «Առաւօտ լուսոյ»ի այնքան գեղեցիկ աղօթքի տողերը.
«Սէր անուն Յիսուս
Սիրով քով ճմլեա
Սիրտ իմ քարեղէն»:
Եւ արդէն Աստուած իր Միածին որդին աշխարհ ղրկելու միակ նպատակը չէ՞ր մարդ արարածի հանդէպ ունեցած սէրը: Եւ նոյն այս սէրը նկարագրեց Սիրոյ առաքեալը՝ Յովհաննէս. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. Գ.16):
Եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան, թաղման միակ նպատակն էր մարդ արարածի մեղքի կապանքներէն ազատագրումը, յաւիտենական կեանքի տիրանալը եւ մասնակից դառնալը Աստուծոյ պատրաստած յաւիտենական խնջոյքին: Այս բոլորը իրականացան միայն մէկ պատճառաւ. Աստուծոյ մարդ արարածին հանդէպ տածած մեծ սիրոյն համար:
Մարդը, որ ստեղծուած էր Աստուծոյ նմանութեամբ (Ծննդ. Ա.27), այսօր անգամ մը եւս կը հրաւիրուի բոցավառել իր մէջի սիրոյ կրակը եւ այնպէս նայելու իր նմաններուն:
Աստուածային սէրը բոլորիս հետ ըլլայ իր Միածնի Ս. Յարութեան տօնին եւ միշտ:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ