ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Հոլատայի վարչապետ Մարք Ռութէի, Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէտ Միրզիյոյեւի եւ Խրղըզիստանի նախագահ Սատըր Ճափարովի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Ռայիսի զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Անգարա-Թեհրան յարաբերութիւններու զանազան ծալքերը։ Երկու ղեկավարները առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Պաղեստինի դէմ Իսրայէլի յարձակումները եւ տարածաշրջանի մարդասիրական կացութիւնը։ Էրտողան նշեց, որ հակառակ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրադադարի որոշման՝ բախումները կը սաստկանան։ Մինչ Թուրքիա եւ Իրան այս հարցին շուրջ կը բաժնեն իրերանման զգայնութիւններ, Էրտողան նշեց, որ Իսրայէլ կը ջանայ տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւնը ընդլայնել։ Ուստի, այդ ջանքերը կանխելու համար անհրաժեշտ է գործել միասնաբար։ Նախագահը համոզուած է, թէ «Էլ Ֆեթիհ»ն ու «Համաս»ն ալ այս գործընթացէն ներս պէտք է միասնականութեամբ վարուին։

Նախագահ Էրտողան Միրզիյոյեւի եւ Ճափարովի հետ ալ զրոյցներուն ընթացքին շօշափեց միջազգային ու տարածաշրջանային օրակարգի խնդիրները։ Երկու ղեկավարներն ալ իրեն շնորհաւորութիւններ յղեցին՝ Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առթիւ։

Բաց աստի, Էրտողան-Ռութէ հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ ՆԱԹՕ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան գործընթացը։ Հարկ է նշել, որ Մարք Ռութէ թեկնածութիւն առաջադրած է՝ դաշինքի նոր ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին յաւակնելով։ Ուստի, բացի Թուրքիա-Հոլանտա երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Էրտողան Ռութէի հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Անգարայի՝ ՆԱԹՕ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարէն ակնկալութիւններուն։ Իր խօսքով՝ նոր ընդհանուր քարտուղարը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ միւս մարտահրաւէրներու պարագային դաշնակից երկիրներու անվտանգութիւնն ու շահերը լաւագոյնս պէտք է սպասարկէ։ ՆԱԹՕ-է ներս միասնականութեան ամրապնդման եւ անոր բուն դերակատարութեան պէտք է առաջնահերթութիւն ընծայուի։ Բաց աստի, նոր ընդհանուր քարտուղարը պէտք է համոզիչ խոստումներ տայ՝ ՆԱԹՕ-ի հիմնարար արժէքներու եւ ձեւաւորուած նախընթացներու նկատմամբ հաւատարմութեան ուղղութեամբ։ Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան դիտել տուաւ, որ հաշուի պէտք է առնուին զգայնութիւնները ՆԱԹՕ-ի այն դաշնակիցներուն, որոնք Եւրոմիութեան անդամ չեն։ Ուստի, Էրտողան շեշտեց, որ այս սկզբունքներու լոյսին տակ Թուրքիա նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան վերաբերեալ որոշումը պիտի տայ ռազմավարական մտքի եւ արդարութեան շրջանակին մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024