ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը կարգադրութիւններ ըրած էր, որպէսզի մանաւանդ՝ ձմրան դասընթացքներու մասնակից մանուկ կամ պատանի մարզիկները հաղորդ դառնան տօնի հրճուանքին։ Այսպէս, քաղաքիս զանազան հայաբնակ թաղերուն մէջ կազմակերպուած դասընթացներու մասնակիցները Շիշլիի վարչութեան կողմէ աւանդական կարմիր հաւկիթներ նուէր ստացան, ինչ որ բազմապատկեց անոնց ուրախութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024