ՄԵՌԵԼՈՑ
Տարուան ընթացքին Տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրերը Մեռելոց կը կոչուին։ Եկեղեցւոյ հայրապետները այնպէս կարգաւորած են, որպէսզի մեռելներուն եւս՝ որոնք յաղթական եկեղեցին կը կազմեն, յիշեցնենք յարութեան մասին, որպէսզի անոնց յոյսը չմարի։
Ստեփանոս Քհնյ. Մանդինեանց իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ այս մասին հետեւեալը կը գրէ, հարց-պատասխանի ձեւով.
«Հարցում. Տարուան ընթացքին ո՞ր օրերը յատկացուած են մեռելներու յիշատակին համար։
Պատասխան. Սուրբ Ծնունդի, Զատկուան, Վարդավառի, Սուրբ Աստուածածինի վերափոխման եւ Խաչվերացի յաջորդող օրերը, որոնք Մեռելոցի օր կը կոչուին։ Այս օրերուն ամէն մարդ գերեզմանատուն կ՚երթայ եւ օրհնել կու տայ իր ննջեցեալներուն գերեզմանները։
Հ. Ի՞նչ իմաստ ունի գերեզմանօրհնէքը։
Պ. Գերեզմանօրհնէքի իմաստը մեռելներուն յիշեցնել տալն է ընդհանրական յարութեան յոյսը, ինչպէս բացատրուած է Մաշտոցին մէջ. ուստի եւ մեք ի սուրբ եւ ի լուսաւոր յարութեան Քո եկեալ ի գերեզմանս մեռելոց, կենսատու սուրբ Խաչիւ եւ սուրբ Աւետարանաւս աւետեմք սոցա սքանչելի եւ զանսուտ յոյս վերստին նորոգմանն՝ զոր խոստացար մեզ (ուստի մենք, Քու սուրբ եւ լուսաւոր յարութեանդ ժամանակ, մեռելներուն գերեզմանները կու գանք, կենսատու Սուրբ Խաչով եւ Սուրբ Աւետարանով, եւ կ՚աւետենք ասոնց անսուտ յոյսը վերստին նորոգումին, որ Դո՛ւն մեզի խոստացար)։
Հ. Ի՞նչ է մեռելներուն յիշատակը։
Պ. Մեռելներուն յիշատակը առիթ է աղքատներուն սեղան բանալու՝ ննջեցեալներուն հոգիներու յիշատակին համար։ Հեթանոսական դարերուն սովորութիւն էր, որ ննջեցեալի յիշատակին համար, անոր ուտելիքն ու ըմպելիքը գետին կը թափէին։ Վրացիներուն մօտ մինչեւ այսօր այդ սովորութեան հետքը մնացած է։ Որովհետեւ, երբ անոր հոգիին համար խմիչք կը խմեն, բաժակէն քիչ մը հացին վրայ կը թափեն, որպէս թէ ատիկա ննջեցեալին բաժինն է։ Ուստի, ինչպէս կ՚երեւի, եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը հեթանոսական այս սովորութիւնը վերացնելու համար, սահմանած են աղքատներուն համար սեղան պատրաստել մեռելի հոգիի յիշատակին համար, եւ բոլոր կերակուրները հոգեւոր օրհնութեամբ օրհնել, եւ ապա վայելել»։
Իսկ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան կը գրէ. «Մեռելոցի կարգը կը ներառէ յատուկ Պատարագ մեզմէ մարմնաւորապէս ի Տէր հանգչած հարազատներուն ու սիրելիներուն հոգիներուն համար: Պատարագի աւարտին նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կատարուի, որուն ընթացքին ընթերցուած Աւետարանական հատուածին, կարդացուած աղօթքներուն ու երգուած շարականներուն ճամբով Զինուորեալ Եկեղեցին անոնց հոգիներուն հանգիստին համար Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հայցէ: Անոնք կ՚աղօթեն որ Աստուած Իր առատ գթութեամբ եւ անսահման ներողամտութեամբ ու սիրով ողորմի անոնց, ներէ անոնց կատարած մեղքերը եւ խաղաղութիւն ու հանգիստ պարգեւէ անոնց հոգիներուն եւ զանոնք արժանի դարձնէ արդարներու դասակից ըլլալու եւ Իր երկնային լոյս խորաններուն մէջ հանգչեցնելու»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Եկեղեցական
- 11/29/2024
- 11/29/2024
- 11/29/2024