ՅՈՅՍԻ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի համայնքային աւանդական ընդունելութիւնը։ Նախօրէի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն բերումով այս տարի հաւաքոյթը ստիպողաբար օր մը յապաղումով կազմակերպուեցաւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները՝ իր կողքին ունենալով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանը, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանը։
Թէեւ բոլորը տօնական բարձր տրամադրութեամբ եւ Ս. Յարութեան աւետիսով զիրար ողջունեցին եղբայրաբար, սակայն, հաւաքոյթի ընթացքին ծաւալուած խօսակցութիւնները սահմանափակուեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ամուլ օրակարգով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Զատկի առթիւ ջերմօրէն ողջունեց հաւաքոյթի մասնակիցները։ Իր պատգամները, ընդհանրապէս, յոյսի գաղափարին հետամուտ բանաձեւումներ բովանդակեցին։ «Այսօր ինչ որ մենք կ՚ընենք մաս կը կազմէ՝ ազգային կեանքի յարատեւութեան եւ քրիստոնէական ոգիի սերունդէ սերունդ փոխանցման ջանքերուն», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը՝ կարեւորելով մեր հաստատութիւններուն եւ աւանդութիւններուն շարունակականութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնապէս ողջունեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի ներկայութիւնը։ Այս վերջինը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ ու օրհնութեամբ Կրետէի տեսուչ նշանակուած է։ Նկատի ունենալով, որ Կրետէի եկեղեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մաս կը կազմէ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ Եզնիկ Սրբազանը այլեւս ձեւով մը պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամ կը համարուի։ Ս. Զատկի առթիւ ան եկած է քաղաքս եւ յառաջիկայ շրջանին մեր հաւատացեալները հնարաւորութիւն պիտի ունենան աւելի յաճախակիօրէն վայելել իր ներկայութիւնը։ Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանի առաքելութեան ձեռնարկելու հանգամանքը։
Իր ելոյթին տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը մեկնաբանեց նախօրէի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքները։ Ան շեշտեց, որ գնաճը ընդհանրական խնդիր մը դարձած է երկրին տեսակէտէ եւ այս հանգամանքը ուղղակիօրէն պայմանաւորած՝ ընտրութիւններու արդիւնքը։ «Գնաճի խնդիրը մեր համայնքին տեսակէտէ ալ շատ կենսական բնոյթ ունի։ Արդարեւ, մեր համայնքային հաստատութիւններու մուտքերը կը գոյանան կալուածներու հասոյթով։ Նկատի ունենալով, որ վարձավճարները բաւարար չեն ըլլար գնաճի բարձրացումը հաւասարակշռելու՝ մեր կառոյցներու ելքերու եւ մուտքերու հաւասարակշռութիւնն ալ էապէս կը խանգարուի», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ այս կէտին վրայ յիշեցուց, որ համայնքապատկան շարք մը կալուածներ ներկայիս կը սպասեն արժեւորման։ Իր խօսքով՝ ինք յանձնարարած էր ընտրութիւններու արդիւնքին սպասել եւ ներկայիս, երբ ամէն ինչ աւարտած է, այդ կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ պէտք է աշխատանքի ձեռնարկել։ Նորին Ամենապատուութիւնը համայնքային վարիչներուն յորդորեց այս առումով իրարու հետ կապի եւ զօրակցութեան մէջ ըլլալ։ Ան յիշեցուց, որ համայնքապատկան կարգ մը կալուածներու պարագային ալ դատական գործընթացներ կ՚ընթանան եւ այդ բոլորի արդիւնքներուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնն (ԹՎՄ-ERVAB) ալ յարատեւ աշխատանք կը տանի այս ուղղութիւններով։ ERVAB-ի պարագային անպայման պէտք է ստեղծուի կալուածոց յանձնախումբ մը, որ բարձր արդիւնաւէտութեամբ պէտք է գործէ։ Այս ամբողջին մէջ ան գնահատեց նաեւ ERVAB-ի ելմտական յանձնախումբին կողմէ տարուած աշխատանքը։
Ի լրումն այս բոլորին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ ERVAB-ի հովանոցին ներքեւ տնտեսական յանձնախումբ մըն ալ պէտք է գործէ։ Այդ մէկը թէեւ ձեւականօրէն կայ, սակայն պէտք է շատ աւելի աշխոյժ ըլլայ։ «Մեր համայնքային վարիչները միշտ կ՚ըսեն, որ նիւթական պակասներու հետեւանքով իրենց ամբողջ եռանդը կը դնեն այս հարցին վրայ։ Եթէ նոյնիսկ դրամ ըլլայ եւ նիւթական խնդիրներու յաղթահարման վրայ կեդրոնանալու անհրաժեշտութիւն չըլլայ, կրթութիւնը նպատակ մը ունի։ Մեր դպրոցները պէտք է ունենան բարձր որակ, պէտք է ըլլան նոր ժամանակներու համապատասխան եւ հրապուրիչ։ Մեր միջոցները բաւարար չափով իրարու հետ չենք բաժներ», շարունակեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
Համայնքային ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ նաեւ փոքրամասնութիւններու համայնքային հիւանդանոցներու առկախեալ ընտրութեան հարցին։ Ան յիշեցուց, որ ԱՔ կուսակցութիւնը մօտաւոր անցեալին իֆթարի սեղան մը կազմակերպած էր եւ ինք մայրաքաղաքի այդ հաւաքոյթին մասնակցելու ժամանակ գրեթէ բոլոր երկխօսներուն հետ շօշափած էր այս խնդիրը։ «Կը յուսանք, որ մօտակայ ժամանակներուն նոր կանոնադրութիւն մը կը հրապարակուի փոքրամասնական հիւանդանոցներու ընտրութիւնները կատարելու համար։ Պետութիւնը տեղեակ է այս խնդրէն։ Սա ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի խնդիր մըն է։ Մենք կ՚ուզենք, որ մեր ժողովուրդի կամքը ցոլանայ մեր հիւանդանոցին վրայ», շարունակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Ելոյթի վերջին բաժնին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ մամուլի խնդիրներուն եւ ըսաւ, որ հայատառ մամուլը թրքահայ համայնքի արժանապատուութիւնն է։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ Ս. Յարութեան տօնը արժէքներու զարթօնքի մը վերածուի մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ելոյթէն վերջ երգուեցաւ «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը։ Հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցները աջահամբոյրի համար մի առ մի մօտեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ իրենց նուիրեց աւանդական կարմիր հաւկիթներ։
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024