ՌՈՒԲԷՆ ՀԱՅԿԱԶԻ ԻՆՆՍՈՒՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

Լաւատեսութեան ու յոռետեսութեան պայքարները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են. լաւատեսները մեղադրած են յոռետեսները, իսկ վերջիններս՝ մեղադրած են լաւատեսները՝ իրենց երազային համոզումներուն համար: Այդ պայքարը գոյութիւն ունի նաեւ մեր ազգային կեանքէն ներս, որովհետեւ մինչեւ այսօր (հակառակ ամէն տեսակ ամօթալի նահանջներուն) շատեր կը հաւատան, որ հայութեան կը սպասէ փայլուն ապագայ մը: Յաճախ նման լաւատես մարդիկ յոռետեսները «ազգի դաւաճան» կը նկատեն, իսկ յոռետես մարդիկ լաւատեսները մէյմէկ շողոքորթներ՝ որոնք իրենց սեփական շահերուն համար յոռետես երեւոյթները անտես կ՚ընեն:

Յաճախ անձս այդ ներքին պայքարին մէջ կը գտնեմ. օրինակի համար, հիմա կը կարդամ մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ՝ 11 մարտ 1934 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակուած «Կիրակնօրեայ ամրոց» թերթը (Ա. տարի, թիւ 10), ուր «Հաւատքի մը ճամբուն վրայ» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալ լաւատես տողերը. «Հերոսական ու եղերական է սէրը հայ երիտասարդին, որ մեծնալէ վերջ արիւնի ու լացի մէջ, զգալէ վերջ բոլոր յուսախաբութիւնները կը կապուի ու կը նուիրուի իր ցեղին»: Գրողը՝ Ռուբէն Հայկազ այս մէկը կը կոչէ «առաքելութիւն»: Գուցէ մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ աշխարհի դժուարութեանց դիմաց յուսահատ հայ երիտասարդը իրապէս կը նուիրուէր իր ազգին եւ գուցէ այդ սերունդներէն են որ յաջողեցան սփիւռքի մէջ կենդանի պահել հայութիւնը՝ որ այսօր աւելի քան դար մը ետք իր հոգեվարքին մէջ կը գտնուի: Այդ թուականէն դար մը ետք այդ նուիրուող երիտասարդներու սովն է, որ կը զգանք ու կ՚ապրինք։ Նման լաւատես արտայայտութիւններու դիմաց յաճախ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ պիտի գրէին անոնք՝ եթէ ապրէին ու տեսնէին մեր օրերը. կայ նաեւ հակառակ կողմը. օրինակի համար, աւելի քան 60-70 տարիներ առաջ Շահան Շահնուր կը բարձրաձայնէր, թէ «կը նահանջենք»։ Շահնուր այդ կոչը կը բարձրաձայնէր այն ժամանակ, երբ տակաւին «նուիրուող» երիտասարդներ գոյութիւն ունէին. եթէ ա՛յդ ժամանակաշրջանը նահանջի մէջ կը տեսնէր Շահնուր, ապա ի՞նչ պիտի ըսէր տեսնելով մեր ներկան, ուր ո՛չ նուիրուողներուն թիւը գրեթէ գոյութիւն չունի:

Լաւատես Ռուբէն Հայկազ շարունակելով իր յօդուածը կը գրէ. «Հայ երիտասարդը կը համակերպի ուսերուն վրայ առնել մեծ աշխատանքը՝ որուն շնորհիւ պիտի ծնի կրկին իր ազգը»։ Ի՜նչ դժբախտութիւն պիտի ըլլար Ռուբէն Հայկազի համար գիտնալ, որ այդ ազգը հազիւ ծնած՝ դարձեալ մահացաւ եւ այժմ յարալէզներու յոյսով է, որ կ՚ապրի ազգ մը ամբողջ. կար սերունդ մը, որ կը հաւատար, թէ օտար հողերու վրայ ապրող հայ ժողովուրդի զաւակները «նեղանալով» օտարութենէն պիտի ձգտի հասնիլ Հայաստան եւ ամբողջ կեանք մը պայքար պիտի մղէ կարելին կատարելու վերադառնալու այն հողերը՝ որ իրն են, իր սեփականութիւնն են. այդ ոգին այդ ժամանակ գոյութիւն ունէր. վկայ մեծ հայրենադարձութիւնը:

Հայրենադարձութիւնը մարդոց մօտ արթնցուց այն մտածումն ու զգացումը, որ հայրենադարձութեան ճամբան վերջ պիտի չունենայ եւ այսպէս կամաց կամաց բոլորը պիտի միատեղուին հայրենիքին մէջ: Հայաստանի Խորհրդային Միութեան իշխանութեան ներքեւ ըլլալը շատ մը հայեր հեռու կը պահէր Հայաստան վերադառնալէ, սակայն մի՛շտ ալ գոյութիւն ունէր այն տեսիլն ու երազը, որ օր պիտի գայ եւ ազատ անկախ Հայաստանը իր թեւերուն տակ պիտի ժողովէ աշխարհասփիւռ իր որդիները եւ կազմուի Հայաստան մը՝ որ Ռուբէն Հայկազի եւ անոր նմաններուն երազած ու նոր ծնելիք հայրենիքը պիտի ըլլար: Ռուբէն Հայկազի նման մարդիկ կը հաւատային, որ հայրենիքի, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ սէրը երբեք վերջ պիտի չի՛ գտնէ նոր սերունդներուն մօտ. հակառակը, անոնք կը հաւատային, որ եղեռնի վէրքերը պատճառ պիտի ըլլան, որպէսզի հայորդիներ աւելի հոգիով ու սիրտով կապուին իրենց սրբազան արժէքներուն, որովհետեւ մարդ բանի մը իսկական արժէքը կը հասկնայ ու կը զգայ, երբ զայն կորսնցնելու դժբախտ իրողութեան դէմ յանդիման գտնուի:

Ցաւ ի սիրտ, սակայն, այդ ժամանակուան երիտասարդին վրայ մեծապէս ազդած էր ներքին կուսակցական ըսի ըսաւներն ու սին վէճերը, ինչ որ մեր ազգային մեծագոյն ամօթներէն մէկն էր եւ կը շարունակէ ըլլալ: «Կիրակնօրեայ ամրոց»ը, Ռուբէն Հայկազի վերոյիշեալ յօդուածի ճի՛շդ կողքը որպէս խմբագրական կը հրատարակէ յօդուած մը՝ «Երդուէ՛ հայու արիւն չթափել» խորագրով, մեծապէս գիտակցելով որ այդ ներքին անհամաձայնութիւններն ու կռիւները ո՛չ միայն կուսակցութեանց, այլ նաեւ ազգին վնաս կը պատճառէ: Ցաւ ի սիրտ, այնպէս ինչպէս անցեալին, այսօր եւս մեր մտահոգութիւնը մեր կուսակցութիւնները, մեր երիտասարդութիւնն ու ազգի վիճակն է, որովհետեւ նոյն խնդիրները որոնք անցեալին կային, այսօր շատ աւելիով գոյութիւն ունին, որովհետեւ անցեալին դժուարին պայմաններուն դիմաց կար նուիրուող երիտասարդութիւն մը. այսօր դժուարութիւնները դարձեալ գոյութիւն են՝ առանց այդ երիտասարդներուն:

Կ՚ուզենք մեր գրութիւնը աւարտել Ռուբէն Հայկազի երազական բառերով. երանի՜ թէ այսօր ճշմարտութիւն ըլլային անոնք. Հայ երիտասարդը «ըմբռնած է, որ ոսկիները չեն բաւեր հանգստացնելու համար իր սիրտը». ցաւ ի սիրտ, անցեալին հակառակ, այսօր ոսկիները բաւարար են հանգստացնելու համար անոնց սիրտն ու հոգին՝ նոյնիսկ հեռու հայրենիքէն, օտար հողերու վրայ՝ հեռու հայու ամէ՛ն սրբազան արժէքներէ:

Երանի՜ ոսկի մը ըլլար հայրենասիրութիւնը, որպէսզի ունենային պաշտողներ, որոնք պատրաստ են հոգի ու սիրտ զոհել՝ անոր տիրանալու եւ պահպանելու համար:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ձախլիկները աւելի խելացի կը կարծուին:

Պատասխան. Այն գաղափարը որ ձախլիկները աւելի խելացի են, հիմնուած է համոզումներու եւ կարծրատիպներու վրայ եւ այդ համոզումները փաստելու ապացոյցներ չկան: Պատմութեան ընթացքին ձախլիկ ըլլալը կապուած է իւրայատուկ եւ ստեղծագործ ըլլալու հետ, որովհետեւ անոնք տարբերուած են ուրիշներէ: Ընդունուած է այն համոզումը, որ ձախլիկները օժտուած են բարձր ճանաչողական կարողութիւններով. օրինակ՝ խնդիրներ լուծելու կարողութիւնը, ստեղծագործելու ունակութիւնը եւ այլն: Գիտականօրէն սակայն փաստ մը գոյութիւն չունի. շատեր այդ մէկը պարզապէս զուգադիպութիւն կը նկատեն՝ պատահական եւ ո՛չ պատճառական: Վերջապէս խելացութիւնը ձեռքերու գործածութենէն տարբեր գործօններու վրայ հիմնուած է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024