ԷԼԷՆ ԱՍԱՏՐԵԱՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ հայազգի Էլէն Ասատրեան։ Ան առաջին ամերիկահայ կինը կը հանդիսանայ, որ Լոս Անճելըսի մեծութեամբ չորրորդ քաղաքի՝ Կլենտէյլի գլուխը կ՚անցնի։

Որպէս առաջին կին թեկնածու՝ 2022 թուականի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն ալ հաւաքած էր ամենաբարձր թիւով ձայները։

Ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Էլէն Ասատրեան գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ան նշեց. «Որեւէ կարեւոր բան դիւրութեամբ չի ստացուիր։ Այս յաղթանակը կը պահանջէր խմբային աշխատանք եւ հաստատակամութիւն»։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024