ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւններ։ Նկատի ունենալով, որ Սուրբ Զատիկը այս տարի համընկնեցաւ շաբաթավերջի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն՝ յաջորդած ընդունելութիւններու ժամանակացոյցը ստիպողաբար օր մը յապաղումով կեանքի կը կոչուի։ Մեռելոցի օրուան զուգադիպած համայնքային շնորհաւորական հաւաքոյթէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի զանազան եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործիչներ եւ այլ հիւրեր։
Օրուան տեւողութեան Նորին Ամենապատուութեան հիւրը եղան Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորի ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Ի լրումն այս բոլորին, Ս. Զատկի շնորհաւորութեան համար Գումգաբու փութացածներու շարքին էին Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը, Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի նորընտիր անդամուհիներէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ այլ բազմաթիւ գործիչներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլոր հիւրերուն հետ ողջագուրուեցաւ ջերմօրէն, փոխանակուեցան բարեմաղթութիւններ եւ անկեղծ շնորհաւորութիւններ։ Բոլորը Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ ստացան աւանդական զատկուան հաւկիթներ։
Այս ընդունելութիւններուն ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։ Հիւրերուն ուղեկցեցան նաեւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները։
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024