ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ Ս. Զատկի առթիւ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուած աւանդական հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ բարձր տրամադրութեան ձեւաւորման։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւաքոյթի ընթացքին տօնական աւետիսով ողջունեց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները եւ բոլորին յղեց հայրական բարեմաղթութիւններ եւ օրհնութիւններ։ Շնորհաւորական արտայայտութիւններուն առընթեր, ան կարեւորեց տիկնանց յանձնախումբերուն կողմէ համայնքէն ներս ծաւալուած գործունէութիւնը եւ ստեղծուած աշխուժութիւնը։ Իրենց հերթին, տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներն ալ բացատրութիւններ տուին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ։
Շնորհաւորական ընդունելութեան աւարտին ներկաները մի առ մի աջահամբոյրի համար մօտեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ իրենց նուիրեց զատկուան աւանդական հաւկիթներ։